ԱՆԳԼԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՏԱՐԱՒ ԹՈԹԵՆՀԱՄԻ ԴԷՄ

Մանչեսթըրի մարզիկները կը տօնեն իրենց յաղթանակը

Նախանցեալ օր Անգլիոյ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը տարաւ Թոթենհամի դէմ: Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսըն առանձնացուցած է երիտասարդ ֆութպոլիստներուն խաղարկութիւնը: Ըստ անոր, հանդիպումը բացառիկ էր: Ան շատ գոհ մնացած էր երիտասարդներէն, որոնք ապացուցեցին, թէ հետագային ալ կարելի է յոյսը դնել երիտասարդներուն վրայ:

Ալեքս Ֆերկըսըն կը հաւատայ, որ բոլորը համոզուեցան անոնց մակարդակին վրայ: Պէտք է նշել, որ մարզիկներուն միջին տարիքը 23 էր:

«Ուելպեքը արագաշարժ, երկար ոտքերով խաղցող մըն է, որ արհեստավարժ ձեւով կը մօտենայ ֆութպոլին: Իմ խնդիրս է օգտագործել Պերպաթովի, Օուընի, Հեռնանտեզի եւ Ռունիի ուժեղ կողմերը: Ատիկա մեծ խնդիր է ինծի համար», նշած է Ֆերկըսըն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Անգլիոյ ախոյեանութեան խումբերու դասաւորումը.

Կէտ
1) Մանչեսթըր Սիթի 6
2) Մանչեսթըր Եունայթըտ 6
3) Վուլվզ 6
4) Ասթոն Վիլլա 4
5) Լիվըրփուլ 4
6) Չելսի 4
7) Նիւքեսըլ 4
8) Պոլթըն 6
9) Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզ 3
10) Նորուիչ 2

—————————–

 

Share this Article
CATEGORIES