ՓՈԽ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԱՐՄԷՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆ

Արմէն Գէորգեան

Հայաստանի փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, չինական կողմին հրաւէրով, նախանցեալ օր աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Չինաստան:

Պատուիրակութիւնը իր այցելութեան սկսաւ Կուանտուն նահանգէն, ուր Շենժեն քաղաքին մէջ պիտի մասնակցի ուսանողական մարզական համաշխարհային 26-րդ խաղերու փակման արարողութեան: Խաղերը սկսած են 12 օգոստոսին, որուն մասնակցող հայաստանցի մարզիկները հանդէս եկած են 5 մարզաձեւերով` ճատրակ, ծանրամարտ, թեքուանտօ, ժիւտօ եւ թենիս: Ծանրամարտիկ Աղասի Աղասեան նուաճած է ոսկի մետալ մը` դառնալով այս խաղերուն մէջ ոսկիէ մետալակիր առաջին հայ մարզիկը:

Կը նախատեսուին նաեւ փոխվարչապետին հանդիպումները նահանգային ղեկավարութեան հետ:

Կուանտունէն ետք պատուիրակութիւնը պիտի մեկնի Պէյճինկ, ուր Հայաստանի փոխվարչապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ Չինաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES