«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՆԵՐԳՐԱՒՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼՆԵՐ ՉԿԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՌՈՒԲԷՆ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Ռուբէն Մելքոնեան

Թրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեան «Փանարմինիըն.նեթ» լրատուական կայքէջի թղթակիցին հաղորդեց, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման մէջ հետաքրքրութեան եւ իր նշանակութեան բարձրացման պատրանք ստեղծելու Թուրքիոյ հերթական փորձերը, ամենայն հաւանականութեամբ, ձախողութեամբ պիտի աւարտին:

Մեկնաբանելով ղարաբաղեան տագնապի ընդգրկումը Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Տմիթրի Մետվետեւի եւ Ապտիւլլա Կիւլի հանդիպման օրակարգին վրայ` Մելքոնեան նշեց, որ լուծման հոլովոյթին մէջ Թուրքիոյ յաւելեալ ներգրաւման համար նախադրեալներ չկան: Ըստ անոր, Թուրքիոյ ներգրաւումը միայն բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տագնապի լուծման հոլովոյթին վրայ: Սակայն այս առնչութեամբ նախադրեալներ չկան:

Մելքոնեան ընդգծեց, որ Թուրքիա միշտ փորձած է շրջանին մէջ կարեւոր պետութեան պատկեր մը ստեղծել, բայց թրքական իշխանութիւնները չեն յաջողած ատիկա ընել, քանի որ իրենց հետաքրքրութիւնը անկեղծ չէ եւ միայն պատրանք է, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին ընդգրկումը Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հանդիպման օրակարգին վրայ աւելի շատ ինքնանպատակ է, քան հետաքրքրութեան նշան:

Յիշեցնենք, որ թրքական զանգուածային լրատուամիջոցները տեղեկատուութիւն տարածած են 7-8 սեպտեմբերին Եարոսլաւլի մէջ տեղի ունենալիք համաշխարհային համախմբումին մասնակցութեան ծիրին մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներու հանդիպման ընթացքին ղարաբաղեան տագնապի քննարկման մասին:

Ռուսիոյ հովանիին ներքեւ տեղի ունենալիք համախմբումին պիտի մասնակցին նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անժելա Մերքել եւ Լաթվիոյ նախկին նախագահ Վարտիս Զաթլերս: Մետվետեւ-Կիւլ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին Իրանի հիւլէական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Աֆղանիստանի, Իրաքի, Լիպիոյ, Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES