ՌԻՔԱՐՏՈՆԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ ԻՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՃՇԴՈՒՄՆԵՐ ԿԱՏԱՐԱԾ Է

Ֆրենսիս Ռիքարտոնէ

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու Ֆրենսիս Ռիքարտոնէ ճշդումներ մտցուցած է Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական եկեղեցիներուն առնչութեամբ վերջերս իր կատարած յայտարարութեան մէջ: Ան ըսած էր. «Քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը, որոնք մինչեւ 1915 կը գործէին, այսօր կը շարունակեն գործել իբրեւ եկեղեցիներ: Որոշ եկեղեցիներ իբրեւ թանգարաններ կը գործեն, մնացեալը մզկիթներու վերածուած են կամ խարխլուած չօգտագործուելու պատճառով»:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Ռիքարտոնէ տեղի տալով ամերիկահայ համայնքի եւ կրօնական ղեկավարներու մտահոգութիւններուն, հրաժարած է Թուրքիոյ կողմէ քրիստոնէական եկեղեցիներու ոչնչացման առնչութեամբ իր ակնյայտօրէն կեղծ հիմնաւորումէն, սակայն նոր վէճ հրահրած է` ուռճացնելով Թուրքիոյ մէջ գործող քրիստոնէական պաշտամունքային վայրերու թիւը:

«Ձեր թոյլտուութեամբ ես կարելիութենէն պիտի օգտուիմ` տուեալներու մէջ ճշդումներ կատարելու համար», նշած է դեսպանը իր նոր պատասխանին մէջ` աւելցնելով, որ «մինչեւ 1915 Թուրքիոյ մէջ գործած քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը իբրեւ եկեղեցիներ այլեւս չեն գործեր: Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական համայնքի մօտիկ աղբիւրները կը յայտնեն, որ 1915-էն եւ զայն նախորդող ժամանակաշրջանէն յիշատակուող 200-250 եկեղեցի տարին առնուազն մէկ անգամ կրօնական պատարագներ կը կազմակերպեն: Բազմաթիւ եկեղեցիներու մէջ ամէն շաբաթ ժամերգութիւն տեղի չունենար` հոգեւորականներու եւ քրիստոնեայ բնակչութեան ոչ բաւարար քանակի պատճառով: Որոշ եկեղեցիներ իբրեւ թանգարաններ կը գործեն, միւսները մզկիթներու վերածուած են: Մէկ մասն ալ խարխլած է, կամ հաւանաբար ամբողջութեամբ ոչնչացած»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES