«ԼԻՊԻՈՅ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀՊԱՆԵԼ», Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ
Լիպիոյ մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներէն ետք, Պենկազի այցելող օտար բարձրաստիճան պաշտօնատարը` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր երկրին ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդին` նշելով, որ յեղափոխութիւնը յաջողած է լիպիացի ժողովուրդին պահանջները իրագործել:
Ան ընդգծեց, որ Լիպիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի շղթայազերծած գործողութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ ապահովութիւնը ամբողջական կերպով հաստատուի:
Պենկազիի մէջ Ազգային փոխանցման խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Տաւութօղլու յայտնեց, որ «Լիպիան լիպիացի ժողովուրդին պահանջներուն հիմամբ պէտք է վերածել ազատ ու անկախ եւ պահպանել անոր ամբողջականութիւնը, որպէսզի վերստանձնէ միջազգային իր դերակատարութիւնը»:
Ան նաեւ կոչ ուղղեց` արտասահմանի դրամատուներուն մէջ սառեցուած լիպիական հաշիւները կարելի եղածին չափ շուտ ապասառեցնելու:
Ապտել Ժալիլ իր կարգին գովաբանեց թուրք ժողովուրդն ու կառավարութիւնը` դիւանակալական արգելքները շրջանցելնուն եւ Լիպիոյ ունեցած գումարները իրենց յատուկ ոճով Լիպիոյ փոխանցելնուն համար: Ան նշեց, որ այդ բոլորը լիպիացի ժողովուրդին օժանդակելու ճշմարիտ փափաքի ցուցանիշներ են եւ «մեզի առիթ տուին Ռամատան ամսուան ընթացքին ամսականներու վճարում կատարելու»:

