897 ՓՈԽԱՆ 898-Ի
Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգէն դուրս բերման լուրը առաջին անգամ հաղորդեց ոչ թէ թրքական, այլ ազրպէյճանական լրատուամիջոց մը: Հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ Ազրպէյճան խանդավառութիւն եւ աճապարանք ցուցադրեց լուրը հաղորդելու առումով: Որքան ալ թրքական նախապայմանային քաղաքականութիւնը անշեղօրէն կը շարունակուի, այսուհանդերձ պէտք է յիշել անպայման արձանագրութիւններու նախաստորագրման եւ ստորագրման օրերուն Անգարա-Պաքու ստեղծուած տագնապն ու հետեւած ընդհանուր մթնոլորտը այդ գիծին վրայ:
«1 news.az»ի կողմէ լրատուութեան հրապարակումէն բաւական ետք էր միայն, որ «Անատոլու»ն եւս իր կարգին հաստատեց լուրը` հիմնական տարբերութեամբ մը սակայն: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցը կը յայտնէր, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, որոնք պէտք է քննարկուէին Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին կազմին կողմէ, իրենց իրաւական ուժը կորսնցուցած կը նկատուին, ուստի դուրս կը բերուին խորհրդարանի օրակարգէն: Կ՛աւելցնէր, որ այս կարգով օրակարգէ դուրս բերուած են 898 օրինագիծ եւ որոշումի նախագիծ: Վերջակէտ:
Ազրպէյճանական նման լրատուութեան հիման վրայ, դիպաշարին հետեւողը կրնայ եզրակացնել, որ արձանագրութիւնները Թուրքիոյ կողմէ անվաւեր յայտարարուած են:
Մինչդեռ, «Անատոլու»ն այս պարագային կու տայ լուրը` ամբողջութեամբ: Այս բոլորին առընթեր կը յստակացնէ, որ նոր խորհրդարանի կազմը դուրս բերուած օրինագիծերն ու որոշումի նախագիծերը վերստին կրնայ օրակարգի վերածել:
Պահ մը հեռացնենք լուսարձակը թրքական եւ ազրպէյճանական լրատուութիւններուն մէջ երեւցած տարբերութիւններէն, նոյնիսկ հակասութիւններէն եւ կեդրոնանանք հարցին էութեան վրայ:
Թուրքիոյ կատարածը պարզապէս արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացի սառեցումն է: Այն ինչ որ նախագահ Սարգսեանի որոշումով կատարեց հայկական կողմը: Գէթ իբրեւ տեսութիւն ուրեմն, կարելի է նախատեսել հետեւեալ բեմագրութիւնը: Թուրքիոյ խորհրդարանի նոր կազմը մետասաներորդ պահուն կրնայ որոշել վերստին օրակարգի վերածել սառեցուած 898 նախագիծերէն մէկը, այս պարագային` Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, խորհրդարանական քննարկումի ենթարկել եւ ապա .. վաւերացնել: Գնդակը վերստին նետուած կ՛ըլլայ հայկական դաշտ, ուր գործող խորհրդարանը արձանագրութիւնները վաւերացնելու կացութեան առջեւ պիտի գտնէ ինքզինք:
Խաղը, ուրեմն, պարզ է, որ կը շարունակուի թելադրուիլ թրքական կողմէն: Որոշ նրբանկատութիւններով սակայն: Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը առանձնապէս չի սառեցուիր Թուրքիոյ կողմէ: Արձանագրութիւնները պարզապէս մաս կը կազմեն անվաւեր նկատուող 898 նախագիծերու թղթածրարին: Ի տարբերութիւն նախագահի յայտարարութեամբ կատարուած յատուկ սառեցումին:
Ազրպէյճանն է, որ լրատուամիջոցներու ճամբով որոշումին իւրայատկութիւն կ՛ուզէ տալ` մեկնելով Ղարաբաղը «չզոհելու» մտադրութենէն: Այլապէս, ըստ էութեան հիմնական նորութիւն չկայ: Վաւերացումը ձգձգելու թրքական խաղն է, որ կը շարունակուի նախապայմանային քաղաքականութեան առընթեր` յաւելեալ հիմնաւորեալ պատճառ տրամադրելով, որ Երեւանը անվաւեր յայտարարէ իր ստորագրութիւնը: Այդ պարագային Թուրքիան 897 նախագիծ կ՛ունենայ դարակներուն մէջ մետասաներորդ պահուն անոնցմէ ուզածը բերելու խորհրդարան եւ օրակարգի վերածելու: Փոխան 898-ի: