ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵՑԻՆ ՊԱՀՐԷՅՆ. ՇԻԻ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ՔԱՅԼԸ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

Սէուտցի զինուորներ կազմ ու պատրաստ` Պահրէյնի մէջ

Սէուտական Արաբիա երէկ զօրքեր ուղարկեց Պահրէյն` շիի մեծամասնութեան կողմէ շաբաթներէ ի վեր տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերը ճնշելու նպատակով տեղւոյն սիւննի իշխանութեան օժանդակելու համար, քայլ մը, որ շիի ընդդիմութեան կողմէ պատերազմի յայտարարութիւն նկատուեցաւ:

Վերլուծաբաններ կը յայտնեն, որ զօրքերու Պահրէյն մուտքը կը բխի Սէուտական Արաբիոյ այն մտահոգութենէն, որ Պահրէյնի թագաւորութեան կողմէ շիի ընդդիմութեան կատարուած զիջումները կրնան քաջալերել Սէուտական Արաբիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ բնակող շիի փոքրամասնութիւնը:

Սէուտական պաշտօնական աղբիւր մը յայտնեց, որ շուրջ հազար սէուտցի զինուորներ մուտք գործած են Պահրէյն` պաշտպանելու համար կառավարական կառոյցները: «Անոնք մաս կը կազմեն Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ուժին, որ պիտի պաշտպանէ կառավարական կառոյցները», նշեց Սէուտական աղբիւրը:

Ականատեսներ յայտնեցին, որ երկու երկիրներուն միջեւ 25 քիլոմեթր երկարութեամբ ճամբան փակուած է եւ հրասայլեր Պահրէյն մուտք կը գործեն:

Վերլուծաբաններ եւ դիւանագէտներ կը նշեն, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ուժերուն մեծագոյն բաղադրիչ մասը սէուտական ուժերն են: Պահրէյնեան ընդդիմադիր կուսակցութիւններ, ներառեալ` չափաւորական եւ շիի մեծագոյն կուսակցութիւնը` «Ուաֆտ», յայտնեցին, որ սէուտական քայլը անզէն քաղաքացիներուն վրայ յարձակում մըն է: Անոնք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ «մենք որեւէ զինուորի կամ զինուորական սարքի Պահրէյնի թագաւորութեան օդային, ծովային կամ ցամաքային տարածքներ մուտք գործելը բացայայտ բռնագրաւում կը նկատենք»:

Հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ «Պահրէյնի անպաշտպան ժողովուրդին դէմ ճակատելու համար սէուտական եւ Ծոցի այլ երկիրներէ ուժերու Պահրէյն մուտքը պահրէյնցի ժողովուրդը իսկական վտանգի կ՛ենթարկէ եւ անոր զինեալ ուժերով չյայտարարուած պատերազմով կը սպառնայ»:

Կիրակի օր պահրէյնեան ոստիկանութիւնը բախում ունեցաւ շիի ցուցարարներու հետ: Քանի մը ժամ տեւած բախումներէ ետք ոստիկանութիւնը հեռացաւ, իսկ երիտասարդներ Պահրէյնի ելեւմտական շրջանին մէջ անցարգելներ հաստատեցին: Այդ անցարգելները երէկ կանգուն էին, իսկ ցուցարարները ինքնաշարժներ կը խուզարկէին:

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը կիրակի օր մերժեց Պահրէյնի ներքին հարցերուն արտաքին որեւէ միջամտութիւն եւ նշեց, որ խորհուրդի անդամ երկիրները ամբողջականօրէն կը զօրակցին Պահրէյնի ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին` մեկնելով «ճակատագիրի միութեան եւ խորհուրդի անդամ պետութիւններու ապահովութեան իրարու կապուած ըլլալու սկզբունքէն: Խորհուրդը Պահրէյնի ընդդիմութեան կոչ ուղղեց` Պահրէյնի գահաժառանգ Սալման պըն Ալ Խալիֆա իշխանի երկխօսութեան կոչը դրականօրէն ընկալելու:

Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Ուաշինկթըն Ծոցի երկիրներուն կոչ ուղղած է յարգելու պահրէյնցիներուն իրաւունքները եւ մտահոգութիւն յայտնած է սէուտական ուժերու Պահրէյն մուտք գործելուն եւ այլ պետութիւններու այդ քայլին հետեւելու պատրաստակամութեան նկատմամբ: Նշենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւս յայտնեցին, որ կը մտադրեն Պահրէյն ուժեր ուղարկել:

 

Share this Article
CATEGORIES