«ԱՆԳԱՐԱ ՔՈՆԿՐԵՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ ՏԱՊԱԼԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 3 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԾԱԽՍԱԾ Է» ԿԸ ԳՐԷ «ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ»
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան հրապարակած տուեալները, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ մղուող պայքարի ծիրին մէջ թրքական իշխանութիւնները 2010-ին աւելի քան 3 միլիոն տոլար ծախսած են:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան, 2010-ին Անգարա Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան միջնորդութեամբ ամերիկեան լոպիինկի կազմակերպութիւններու փոխանցած է 3.3 միլիոն տոլար:
«Այդ գումարին մեծ մասը ծախսուած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը կասեցնելու համար: Գումարին առիւծի բաժինը յատկացուած է նախկին քոնկրեսական Ռիչըրտ Կեփհարտի «Կեփհարտ Կրուփ» լոպիինկի կազմակերպութեան: Նախկին քոնկրեսականը 2010-ին Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը ձախողեցնելու նպատակով հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի աշխատակազմի ղեկավարին, անվտանգութեան հարցերով խորհրդականին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին հետ», կը գրէ «Հիւրրիյէթ»` նշելով, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ 2010-ին գումարներ յատկացուած են ամերիկեան եօթը լոպիինկի ընկերութիւններու:
Ը