ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊԱՏԻՆ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին հիմնականին մէջ քննարկուած է պաղեստինեան թղթածրարը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ օրեր զիրենք կը բաժնեն Երուսաղէմի միջազգային օրէն:
Ապատի յայտնեց, որ այս տարի Երուսաղէմի օրը տարբեր երանգ ունի, որովհետեւ արաբական աշխարհին մէջ արձանագրուած են մեծ թիւով յաղթանակներ, յատկապէս` Եգիպտոսի մէջ Հիւսնի Մուպարաքի տապալիլը, որ կը նշանակէ Միացեալ Նահանգներու նեցուկը վայելող սիոնական ծրագիրին ձախողութիւնը:
Ապատի յայտնեց, որ այս տարի Երուսաղէմի օրը մեծ շուքով պիտի նշուի:
CATEGORIES Լիբանանեան