ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՔՆՆԱՐԿԵԼ ԵՐԷԿ ՉՎԱՒԵՐԱՑՈՒԱԾ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ

Պէյթէտտինի մէջ կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ Պէյթէտտինի պալատին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն նախագահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման` ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկեցին երկրին իրադարձութիւնները:

Կառավարութիւնը չորսուկէս ժամ տեւած իր նիստին ընթացքին չվաւերացուց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ ներկայացուած ելեկտրականութեան տագնապին լուծման վերաբերող օրինագիծը, սակայն այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին, կառավարութիւնը Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ նիստ մը` շարունակելու համար նոյն օրինագիծին քննարկումը:

Ըստ անպաշտօն տեղեկութիւններու,  կառավարութիւնը կրցած է այդ օրինագիծին դիմագրաւած խոչընդոտներուն 95 առ հարիւրը լուծել: Նոյն աղբիւրները աւելցուցած են, որ օրինագիծը տակաւին կը դիմագրաւէ թեքնիք աննշան արգելք մը, որուն լուծումը եւ ինքնաբերաբար օրինագիծին վաւերացումը նախատեսուած է այսօր:

Նիստէն ետք Պասիլ դժգոհութիւն յայտնեց`  նկատել տալով, որ իւրաքանչիւր օրուան ուշացում Լիբանանի համար 17 միլիոն տոլար արժողութեամբ գումարի վնաս կը նկատուի:

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի` դռնփակ հանդիպման ընթացքին

Նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ անհրաժեշտ է հսկել երկրին ապահովական կայունութեան: Ան աւելցուց նաեւ, որ ինք Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիէն ստացած է նամակ մը, որուն մէջ Ֆրանսայի նախագահը շեշտած է, որ Փարիզ կը հսկէ հարաւային Լիբանանի մէջ իր զօրամասերուն կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան գործադրութեան, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:

Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան միասնականութեան ոչինչ կը սպառնայ, այնքան ատեն որ այդ կառավարութեան նպատակը մէկ է:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի գործակատար, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը ճանչնայ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդը,  եւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրը նշանակեց պատասխանատու` հետապնդելու համար անհետացած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն թղթածրարը, որ ամբողջ Լիբանանին կը վերաբերի:

Կառավարութիւնը որոշեց նաեւ նուազեցնել համացանցի օգտագործման  բաժանորդագրութեան սակերը:

Կառավարութիւնը կրթութեան նախարարութեան արհեստից ուսման բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն նշանակեց Ահմետ Տիապը:

 

Share this Article
CATEGORIES