ՍԱՐՔՈԶԻՆ ԿԸ ԶԱՅՐԱՑՆԷ ԱԶՆԱՒՈՒՐԸ. 3000 ՀՈԳԻՆՈՑ ՑՈՅՑ` ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ԱՌՋԵՒ

Փաթրիք Տեւեճեան խօսք կ՛առնէ ցոյցին ընթացքին

12 մարտին մօտ 3000 ցուցարարներ հաւաքուած էին Ֆրանսայի Ծերակոյտի շէնքին առջեւ, պահանջելու համար Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը:

Հաւաքը կազմակերպուած էր Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին կողմէ եւ անոր կը մասնակցէր նաեւ աշխարհահռչակ երգիչ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի նախագահի օգնական Փաթրիք Տեւեճեան, իրաւապաշտպաններ եւ հասարակական գործիչներ:

12 հոկտեմբեր 2006-ին Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը իբրեւ օրինագիծ ընդունեց Ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատիժ սահմանելու մասին: Վերջերս «Ուիքիլիքս» կայքէջը հրապարակեց տեղեկութիւն մը, թէ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Թուրքիոյ խոստացած է «օրինագիծը թաղել Ծերակոյտին մէջ»: Ըստ «Նուվել տ՛Արմենիի», այդ տեղեկութիւնը Ազնաւուրին զայրոյթը յառաջացուցած էր եւ անոր` առաջին անգամ քաղաքական ցոյցի մասնակցելու որոշման պատճառ դարձած էր:

 

Share this Article
CATEGORIES