ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան 10 մարտին հրաւէր մը ստացաւ Ուիլթըն Փարքէն` մասնակցելու 24-27 մարտին Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք «Ժամանակակից աշխարհին մէջ ներգրաւուելու համար Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը» նիւթով խորհրդաժողովին: Ասիկա Ուիլթըն Փարքի կողմէ Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած երրորդ խորհրդաժողովն է, որ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համագործակցութեամբ: Բացումը պիտի կատարուի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի կողմէ:

Վ. Յովհաննիսեան 11 մարտին նամակով պատասխանեց վերոնշեալ հրաւէրին: Նամակին մէջ ի միջի այլոց կ՛ըսուի. «Դժբախտաբար, ստիպուած ենք մերժել հրաւէրը, որովեհետեւ մենք պիտի չմասնակցինք Թուրքիոյ կառավարութեան կամ անոր համագործակցութեամբ կազմակերպուող, եւ կամ թուրք պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ ժողովներուն, որովհետեւ Թուրքիա կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը եւ կը մերժէ պատասխանատուութիւն ընդունիլ ատոր համար: Համոզուած եմ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը բարձր պիտի գնահատէ սկզբունքային այս դիրքորոշումը»:

Վ. Յովհաննիսեան իր նամակին մէջ ընդգծեց, որ իրենք համաձայն են երկխօսութեան եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման: «Սակայն, ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիան չարաշահեց Հայաստանի կողմէ անկեղծ բարիացակամութեան քայլը. Թուրքիա կը մերժէ վերջ տալ Հայաստանի միակողմանի եւ անօրինական շրջափակման եւ կը շարունակէ իր կողմնակալ վերաբերմունքը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին նկատմամբ: Հետեւաբար, մենք չենք ցանկար Թուրքիոյ նոր լծակներ տրամադրել` իր մեքենայութիւններուն եւ նենգ վարքագիծին համար», նշեց Վահան Յովհաննիսեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը իր նամակը կ՛աւարտէ կրկին շնորհակալական խօսքով եւ ցանկութիւն կը յայտնէ մասնակցելու Ուիլթըն Փարքի այլ վեհաժողովներու կամ նախաձեռնութիւններու, ուր իսկական քաղաքացիական հասարակութիւնը պիտի մասնակցի:

Այս հրաւէրին առիթով, Վ. Յովհաննիսեան ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի լրագրողի հարցումին պատասխանեց ըսելով, որ այս հրաւէրը մաս կը կազմէ վերջին շրջանին Թուրքիոյ կողմէ հրապարակուած քաղաքականութեան, որուն նպատակն է մէկ կողմէ Արեւմուտքին ցոյց տալ, թէ ինք երկխօսութեան մէջ է Հայաստանի եւ հայութեան հետ, միւս կողմէ` պառակտել հայկական կողմը` կեղծ երկխօսութեան փորձեր կատարելով հայ հասարակութեան առանձին շրջանակներուն հետ` Հայաստանի եւ կամ սփիւռքի մէջ: «Դաշնակցութիւնը լաւ ծանօթ է Թուրքիոյ այս վարքագիծին եւ կը մերժէ ընթացք տալ անոր սադրանքներուն, յատկապէս այս օրերուն, երբ Թուրքիա կը շարունակէ Հայաստանի նկատմամբ իր թշնամական քաղաքականութիւնը եւ Թուրքիոյ մէջ կը դատէ հայ-թրքական իսկական մերձեցման կողմնակիցները: Բոլորս պէտք է զգօն ըլլանք եւ միասնական կեցուածքով ձախողեցնենք Թուրքիոյ այս քաղաքականութիւնը», շեշտեց Վահան Յովհաննիսեան:

Հարկ է նշել, որ վերջերս Տաւութօղլու մերժած է մասնակցիլ միջազգային այն հաւաքներուն, որոնց պիտի մասնակցին Իսրայէլի պաշտօնեաներ: Տաւութօղլու իր մերժումը կը հիմնաւորէ 31 մայիս 2010-ին թրքական նաւուն վրայ յարձակման հետ կապուած Իսրայէլի ներում հայցելու մերժումով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES