50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (25 ՕԳՈՍՏՈՍ 1969)
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ԸՆԿ. ԿԱՐՕ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ
Մեր աշխատակից եւ «Ամէնուն տարեգիրք»երու հեղինակ ընկ. Կարօ Գէորգեան, որ մօտ հինգ ամիսէ ի վեր շրջապտոյտ մը կը կատարէր Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Եւրոպա, առջի իրիկուն օդի ճամբով վերադարձաւ Պէյրութ:
Կ. Գէորգեան շուտով պիտի սկսի պատրաստութեանը «Ամէնուն տարեգիրք»ին, որ այս անգամ պիտի պարունակէ ընդարձակ բաժին` մը ամերիկահայ եւ քանատահայ գաղութներու մասին:
ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ
ԱՄԵՐԻԿԱ ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՅ
Լեւոն Քէշիշեան կը գրէ Սիտթըլէն, Ուաշինկթըն.-
Այս սիւնակս կը գրեմ Ալասքայի ճամբուս վրայ: Քանի մը ժամ առաջ Սան Ֆրանսիսքոն ձգեցի ու կը շարունակեմ իմ «Ամերիկեան պտոյտը»:
Հոս տեղեկացայ, որ յառաջիկայ յունուար 15-16, Արամ Խաչատրեան հոս երկու նուագահանդէսներ պիտի տայ ու պիտի ղեկավարէ «Սիաթըլ սիմֆընի» նուագախումբը:
Մարօ Աճեմեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այս համերգներուն ու պիտի նուագէ Արամ Խաչատրեանի «Դաշնակի քոնչերթոն», վարպետին ղեկավարութեան տակ: Սիաթըլի նուագահանդէսէն շաբաթ մը առաջ Խաչատրեան-Աճեմեան Տիթրոյթի մէջ միասին պիտի տան նուագահանդէս մը:
Ամերիկայի մէջ Մարօ Աճեմեան առաջին անգամ ըլլալով նուագեց Խաչատրեանի քոնչերթոն 1942-ին:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՍԵՊԱԳԻՐ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Գիտութեանց ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարանին կողմէ Կարմիր Բլուրին վրայ կը շարունակուին պեղումները` փրոֆ. Պիսարովսքիի ղեկավարութեամբ: Անցեալները տուինք նորութիւնները, զորս երեւան հանած էին այս պեղումները: Այս անգամ` այլ նորութիւն:
Յուլիս 28-ին միջնաբերդի կեդրոնական մասին մէջ, բլուրին արեւելեան լանջին մօտ երեւան հանուեցաւ սեպագիր արձանագրութիւն մը, երկրորդը մինչեւ այժմ գտնուած արձանագրութեանց` այս վայրին մէջ:
Արձանագրութիւնը փորագրուած է 73 x43 սանթիմեթր մեծութեամբ պազալթ քարի վրայ եւ կը պարունակէ 11 տողեր. բնագիրը անեղծ կը մնայ, աւրուած չէ:
Թէեւ քարն ամբողջական է եւ չունի վնասուած մասեր, սակայն բնագիրը ցոյց կու տայ, թէ արձանագրութիւնը թերի է, կը պակսին սկիզբը, վերջը եւ ձախ մասը: Կը հետեւի, թէ քարը կը ներկայացնէ արձանագրութեան աջ կողմի միջին քարը այնպէս որ, պէտք է գոյութիւն ունենան մէկ քար` վերը, մէկ քար` տակը, մէկ քար ձախ կողմը: Այսինքն կը կարծուի, թէ արձանագրութիւնը փորագրուած է համապատասխան վեց քարերու վրայ:
Կ՛ենթադրուի, թէ Կարմիր Բլուրի հարաւ-արեւելեան լանջին վրայ, 1936-ին երկրաբան Տեմիսխինի գտած արձանագրութեան բեկորը, որ ամբողջական ձեւով կը ներկայացնէ անէծքի մը տարազը, պէտք է կազմէ նորագիւտ արձանագրութեան մէկ մասը, ձախ կողմի տակի քարին բեկորը: Ատիկա կը հաստատուի երկու արձանագրութեանց ասորեստանեան գրելակերպով եւ անով, որ կը պատկանին Ռուսաս թագաւորին: