ԳԵՂԵՑԿԱԳԻՏԱԿԱՆ-ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ. Ի՞ՆՉՊԷՍ ՓՈՐՁԵԼ ԳԵՂԵՑԿԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Երբ գեղեցկագիտական արտադրութիւններու խանութ կ՛երթաք փորձանմուշները (էշանթիյոն) շատ գրաւիչ կը թուին, բայց վայրկեան մը մտածա՞ծ էք, թէ քանի հոգի ձեզմէ առաջ դպած է անոնց… Տարրալուծարանի գործիքներու պէտք չունիք հաստատելու համար, որ խանութներու մէջ ցուցադրուած գեղեցկագիտական փորձանմուշները լեցուն են վնասակար մանրէներով:
Եթէ հնարաւորութիւնը ունենայիք տարրալուծարանի գործիքներով զննել վերոյիշեալ փորձանմուշները անոնց վրայ պիտի գտնէիք`
Ահռելի քանակութեամբ փոշի` տրուած ըլլալով, որ անոնք բացօթեայ կը ցուցադրուին:
Ժահրեր, յատկապէս շրթներկի վրայ, ուր կարելի է յայտնաբերել «հերբես»ի, «հեբաթիթ Սէ.»ի եւ այլ տեսակի ժահրեր:
Սթաֆիլոքոքի եւ այլ մանրէներ: Որեւէ կին չի մտածեր ձեռքերը լուալ նախքան փորձանմուշին մօտենալը, իսկ եթէ ան նախապէս զուգարան գացած էր… ալ երեւակայեցէք, թէ ինչ վնասներ կրնան հասնիլ ձեր մորթին եւ շրթներուն:
ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔՆԵՐ
ա.- Նախքան գեղեցկագիտական արտադրութիւններու խանութ այցելելը ձեզի հետ պէտք է վերցնէք բամպակի սկաւառակներ, հականեխուած, թաց անձեռոցիկներ եւ վերջապէս` ձեռքերը հականեխելու հեղուկ:
բ.- Շրթներկը փորձեցէք ձեռքի երեսին կամ մատներու բարձիկներուն վրայ:
գ.- Աչքերու ստուերաներկը փորձելէ առաջ անոր մակերեսը մաքրեցէք բամպակի սկաւառակով մը եւ երկրորդով մը փորձեցէք զայն:
դ.- Ստուերաներկը երբեք մատներով մի քսէք ձեր կոպերուն, չէ որ ձեր մատներն ալ մանրէներ կրնան կրել:
ե.- Թարչնաներկը (մասքարա) ոչ մէկ ձեւով կարելի է փորձել: Նախընտրելի է շրջապատի կարծիքին դիմել նախքան գնելը:
զ.- Դիմափոշին (պլաշ, փուտր) իր յատկութիւններով կը նմանի աչքի ստուերափոշիին, հետեւաբար պէտք է անոր մակերեսը մաքրել բամպակի սկաւառակով մը, ապա երկրորդ սկաւառակի մը միջոցաւ փորձէք դէմքին վրայ:
է.- Որեւէ գեղեցկագիտական արտադրութիւն գնելէ եւ անոր համար վճարելէ առաջ վստահ եղէք, որ անիկա իր փակ ծրարին մէջ է եւ ձեզմէ առաջ, ուրիշը փորձած չէ: Կասկած ունենալու պարագային ձեր իրաւունքն է ուրիշ մը պահանջել:
ը.- Նախքան խանութէն դուրս գալը թաց անձեռոցիկներով մաքրեցէք ձեր դէմքը, շուրթերը եւ ապա հականեխիչ հեղուկով մաքրեցէք ձեր ձեռքերը:
ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ
2011-2012 ԱՇՈՒՆ-ՁՄԵՌ
ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ
Լիբանանցի ձեւագէտներ Ժորժ Շաքրա եւ Ժորժ Հոպէյքա Փարիզի մէջ ներկայացուցին յառաջիկայ աշնան եւ ձմրան եղանակներու հոթ քութիւրի իրենց հաւաքածոները եւ ինչպէս միշտ արժանացան ներկաներու բարձր գնահատանքին:
Արդարեւ Ժ. Հոպէյքա իր հաւաքածոն ցուցադրեց «Ուեսթըն» պանդոկի «Սալոն Էմփէրեալ» սրահին մէջ: Ձեւագէտին հաւաքածոյին տիրական գոյներն էին մոխրագոյնը, չոր վարդի գոյնը եւ պէժը: Ան ըտրած էր մուսլինը, սաթէնը եւ տանթէլը լաւագոյնս մարմնաւորելու համար յոյն դիցուհիները:
Գալով Ժորժ Շաքրայի, ան իր հաւաքածոն ցուցադրեց «փալէ տը լա Տէքուվերթ»ի մէջ: Հաւաքածոն բաղկացած էր 41 կտորներէ, որոնք յատկանշուեցան ճարտարապետական գիծերով, արտակարգ խոշոր եւ ճոխ օձիքներով, ուլունքներով, բայց մանաւանդ Շուարովսքի քարերով զարդարուած օրկանզա, մուսլին, թաֆթա եւ սաթէն կտորներով: Հաւաքածոյին տիրական գոյներն էին տուրմի երանգները, նարնջագոյնը, ֆուշիան, եւ այլն…
Վերջապէս, ինչ կը վերաբերի ձեւագէտ Էլի Սաապին, ան իր հաւաքածոն ներկայացուց «Շայօ» թատերասրահի տախտակամածին վրայ: Սաապի հաւաքածոյին տիրական գոյները կապոյտի երանգներն էին, բայց կային նաեւ սրճագոյն, պրոնզ եւ մոխրագոյն հագուստներ: Նոյնիսկ հարսանեկան հագուստը կապոյտ գոյնի էր Սաապի մօտ: Կարելի չէ Սաապի հաւաքածոյին մասին խօսիլ առանց անդրադառնալու ասեղնագործերուն, բայց մանաւանդ ուլունքի եւ քարերու բարձրորակ աշխատանքներուն, որոնք կախարդական փայլք եւ հմայք տուած էին հաւաքածոյին:
ԲՈՅՍԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀ
ՍԵՆԵԿԱՅԻՆ ԲՈՅՍԵՐՈՒ
ԲԱՐԵՐԱՐ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ
Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ հաստատած են սենեկային բոյսերու բարերար ազդեցութիւնը մեր առողջութեան եւ ջղային դրութեան վրայ: Նոյն ուսումնասիրութիւններու համաձայն, սենեկային բոյսերու ներկայութիւնն ու խնամքը որպէս խթան կը հանդիսանան որոշ հիւանդութիւններու բարելաւման. արդարեւ, անոնք կը վերականգնեն ջղային համակարգի ներդաշնակութիւնը, կը հանգստացնեն, կը մեղմացնեն ճնշուածութիւնը, կը բարձրացնեն տրամադրութիւնը:
Ոչ միայն տուներուն մէջ, այլ նաեւ գրասենեակներուն մէջ վերոյիշեալ բոյսերը կը ստեղծեն որոշ յարմարաւէտութիւն, կը չէզոքացնեն աշխատանքային միօրինակութիւնը:
ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄՆԵՐ
- Մասնագէտներու կարծիքով, բոյսերը կը ստեղծեն ուրախ եւ պայծառ մթնոլորտ եւ կը բարելաւեն թթուածինի որակը:
- Բոյսերը դրական ազդեցութիւն կը գործեն ստեղծագործական միտքին վրայ եւ կը նպաստեն կեդրոնացումին:
- Այն հիւանդանոցները ուր կան կանաչ գօտիներ հիւանդները աւելի շուտ կ՛ապաքինին, քան այն հիւանդները, որոնց հիւանդանոցներուն մէջ բոյսեր չկան:
- Բոյսերը զարմանալիօրէն կը կլանեն աւելորդ ձայները, կը կլանեն վտանգաւոր նիւթերը, կը պահպանեն խոնաւութեան մակարդակը:
- Գրասենեակներուն մէջ բոյսերը կը բարձրացնեն աշխատանքի արտադրողականութիւնը:
- Բոյսերը օդը կը մաքրեն փոշիէն եւ աղէտէն:
- Բոյսերը ունին զովացնելու յատկութիւն:
ՄՐԳԱՅԻՆ ԵՒ ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆԱՅԻՆ
ԴԻՄԱԿՆԵՐ
Դիմաքսուկները աւելի արդիւնաւէտ կը դառնան, եթէ պատրաստուին բնական ձեւով:
Օգտուելով ամրան հիւթեղ, թարմ եւ սննդարար պտուղներէն եւ բանջարեղէններէն` ծեփուկներ կարելի է պատրաստել տունը:
- Մաքրութիւնը չափազանց անհրաժեշտ է նախքան սեր կամ ծեփուկ պատրաստելը:
- Թարմ, առողջ պտուղներն ու բանջարեղէնները պէտք է ըլլան ոչ խակ, բայց նաեւ, ոչ չափազանց հասուն ու թթուած…
- Պատրաստուած սերը կամ ծեփուկը օգտագործել պատրաստելէ անմիջապէս ետք` անոր բոլոր բարիքներէն առաւելագոյն չափով օգտուելու համար:
Ստորեւ կը ներկայացնենք տունը պատրաստուող դիւրին, աժան եւ ազդու դիմակներ եւ ծեփուկներ, որոնք ունին դէմքը թարմացնելու, մորթը երիտասարդ պահելու եւ այլ յատկութիւններ:
1
Երիտասարդացնող դիմակ.– Հասած, թթուաշ խնձորները եփել կաթով, պատառաքաղով ճզմել, սառեցնել եւ քսել դէմքին: Պահել 15 – 20 վայրկեան:
2
Մորթը թարմացնող դիմակ.– Ստեպղինը քերիչով մանր քերել, աւելցնել սուրճի դգալ մը մեղր եւ քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ: Խառնուրդը դնել դէմքին, պահել 15 վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:
3
Սնուցող եւ զովացնող բանջարեղէններ.- Վարունգը եւ լոլիկը շերտերու վերածել, լոլիկի շերտերով ծածկել այտերն ու վիզը, իսկ վարունգի շերտերով` քիթն ու ճակատը: Ձգել 20 վայրկեան, ապա երեսը լուալ պաղ ջուրով:
4
Մորթը հարթեցնող դիմակ.– Թարմ պզտիկ դդումները լուալ, մաքրել եւ քերիչէ անցընել եւ տարածել դէմքին վրայ: Ձգել 20 վայրկեան, ապա դէմքը ցօղուել գաղջ ջուրով:
Այս դիմակը ոչ միայն կը հարթեցնէ մորթը, այլ նաեւ կը սնուցէ, կը մաքրէ եւ կը թարմացնէ զայն:
5
Մորթը սնուցող եւ փափկացնող քսուկ: Ընտրել հասուն դեղձ, ծիրան կամ սեւ սալոր, կեղուել եւ պտուղը պատառաքաղով ճզմել ու տարածել դէմքին վրայ, ձգել 15 – 20 վայրկեան, ապա դէմքը մաքրել կաթի մէջ թաթխուած մաքուր լաթով:
ԽՈՀԱԳԻՐ
ՊՏՈՒՂՆԵՐՈՎ ՔՈՔԹԷԼ
– 500 կր. եղանակի պտուղ (խորանարդաձեւ կտրտուած)
– 150 կր. շաքար
– 1 կիտրոնի հիւթ
– 1 բաժակ լիքէօր (ըստ ճաշակի)
– 1 բաժակ հանքային ջուր
Պատրաստութիւն
Լիքէօրն ու հանքային ջուրը խառնել եւ դնել սառցախցիկը: Մէկ ժամ ետք հանել, պատառաքաղով մը խառնել եւ դարձեալ սառցարանը դնել:
Պտուղները եթէ հատապտուղ են (կեռաս, խաղող, ելակ, թութ) լման ձգել, իսկ եթէ հատապտուղ չեն խորանարդաձեւ կտրտել, աւելցնել կիտրոնի հիւթը եւ շաքարը ու սառցարանը դնել առնուազն կէս ժամ:
Պաղ պտուղները լեցնել ներկայանալի բաժակներու մէջ, վրան աւելցնել սառած լիքէօրի խառնուրդը, զարդարել թարմ անանուխի տերեւով եւ անմիջապէս հրամցնել:
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ
ՕՏԱ՜Ր, ԱՄԱՅԻ՜ ՃԱՄԲԷՔԻ ՎՐԱՅ
Օտա՜ր, ամայի՜ ճամբէքի վրայ
Իմ քարաւանըս մեղմ կը ղօղանջէ.
Կանգնի՛ր, քարավանս, ինծի կը թուայ,
Թէ հայրենիքէս ինձ մարդ կը կանչէ:
Բայց լուռ է շուրջըս ու շըշուկ չըկայ
Արեւա՛ռ, անդո՛րր այս անապատում.
Ա՜խ, հայրենիքըս ինձ խորթ է հիմա,
Ու քնքուշ սէրըս ուրիշի գրկում:
Կընոջ համբոյրին է՛լ չեմ հաւատայ,
Շուտ կը մոռանայ նա վառ արցունքներ.
Շարժուի՛ր, քարաւանս, ինձ ո՞վ ձայն կը տայ,
Գիտցի՛ր, լուսնի տակ չըկա ուխտ եւ սէր:
Գընա՛, քարաւանս, ինձ հետդ քա՜շ տուր
Օտար, ամայի ճամբէքի վրայ.
Ուրտեղ կը յոգնիս` գըլուխըս վար դիր
Ժեռ-քարերի մէջ, փըշերի վըրա…
ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ
Կնոջական էջը պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ