ԳԱՂՈՒԹԷ ԳԱՂՈՒԹ
ՆՈՐ ՋՈՒՂԱ
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐՈՒԱՆ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԴԱՇՏԱՀԱՆԴԷՍ
Նախաձեռնութեամբ Հայ մանուկներու տարուան ձեռնարկներու կազմակերպիչ յանձնախումբին, համագործակցութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան երէցներու միաւորին, Նոր Ջուղայի Հայուհեաց բարեգործական ընկերութեան եւ Նոր Ջուղայի հայոց ազգային մանկապարտէզ-նախակրթարանի ծնողական խորհուրդին, 4 օգոստոսին Նոր Ջուղայի «Արարատ» միութեան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ մանուկներու տարուան նուիրուած մանկական դաշտահանդէս, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ թիւով մանուկներ:
Իւրաքանչիւր մանուկ պտտելով շրջափակին մէջ` ազատ էր մասնակցելու նկարչութեան երկու կրպակներուն, խաղ մրցումներուն եւ այլ աշխատանքներու:
Օրուան ընթացքին դաշտահանդէս այցելեց Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան` ընկերակցութեամբ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Նոէլ Մինասեանի եւ Կրօնական խորհուրդի անդամ` Մեսրոպ քհնյ. Գալստանեանի: Առաջնորդ սրբազան հայրը այցելելով դաշտահանդէսի բոլոր բաժինները` մօտէն ականատես եղաւ մանուկներու աշխոյժ մասնակցութեան եւ խանդավառութեան:
ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ
ՀԱՅՈՑ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ
ՉՈՐՍ ՍԱՆԵՐ ԱՒԱՐՏԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ՈՒՍՈՒՄԸ
Հովանաւորութեամբ Հնդկահայոց հոգեւոր հովուութեան, խնամատարութեամբ հոգեւոր հովիւ Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Խորէն վրդ. Յովհաննիսեանի Հնդկաստանի լաւագոյն բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ուսանող չորս հայ երիտասարդներ` Վահէ Շիրինեան (Վաղարշապատ, Հայաստան), Տաթեւիկ Թադեւոսեան (Երեւան, Հայաստան), Արթուր Մարուսեւիչ (Վանաձոր, Հայաստան) եւ Ճեսիքա Միլն (Կալկաթա, Հնդկաստան) աւարտեցին իրենց ուսումը: Անոնք իրենց միջնակարգ կրթութիւնը ստացած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանիին տակ գործող Հայոց մարդասիրական ճեմարանի մէջ, որմէ ետք իրենց ուսումը շարունակեցին Կալկաթայի մէջ:
ՌՈՒՄԱՆԻԱ
ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔ
ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
Նախագահութեամբ Ռումանահայոց թեմին եւ հովանաւորութեամբ Ռումանահայոց միութեան, 11-16 օգոստոսին Ռումանիոյ Սուչավա քաղաքի միջնադարեան նշանաւոր հայկական Զամկա վանքին կողքին գտնուող համանուն հիւրանոցային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ հայ երիտասարդութեան ամառային հաւաք` «Ռումանիոյ հայ գաղութի ապագան հայ երիտասարդութեան ձեռքն է» խորագիրով:
Չորս օրուան ընթացքին ներկայացուեցան ռումանահայոց պատմութեան, Ռումանիոյ գոյութեան եւ զարգացման գործին մէջ անոնց ունեցած դերակատարութեան, հայ համայնքի ներկայ հարցերուն եւ հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեան հարցերուն շուրջ զեկուցումներ եւ տեղի ունեցան քննարկումներ: Զեկուցումներով հանդէս եկան Ռումանահայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ վրդ. Յակոբեան, Ռումանահայոց միութեան նախագահ, սենաթոր Վարուժան Ոսկանեան, խորհրդարանի Ազգային փոքրամասնութիւններու խումբի ղեկավար, պատգամաւոր Վարուժան Փամպուքճեան, Մոլտովայի հոգեւորական Թեոֆան արք., Յաշի ռոմանո-կաթոլիկ թեմի առաջնորդ Պետրու եպս. Գերգել, Յաշի պատմութեան բաժանմունքի դասախօս ակադեմիկոս Կատալին Դուռլիուկը, գրագէտ Պետրոս Խորասանջեան, «Արարատ» հրատարակչութեան տնօրէն Սիրուն Թերզեան, «Արարատ» եւ «Նոր կեանք» հանդէսներու գլխաւոր խմբագիր Ստեփան Ազազեան: 13 օգոստոսին արդի Հայաստանի եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու վերաբերեալ զեկուցումով հանդէս եկաւ դեսպան Համլեթ Գասպարեան:
Հաւաքի ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ հայ լեզուի նուիրուած դասախօսութիւններ, ցուցադրուեցան տեսաերիզներ, կազմակերպուեցան երաժշտական երեկոներ: Սուչավայի հայկական վանքերուն եւ եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցան հոգեւոր արարողութիւններ: Երիտասարդները այցելեցին հայկական Զամկա եւ Հաճկատար վանքերը, Սուրբ Խաչ եւ Սուրբ Սիմէոն եկեղեցիները, հայկական զոյգ գերեզմանատուները:
14 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին նուիրուած համաժողովրդական ուխտագնացութիւն Հաճկատար վանք, ուր հազարաւոր հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին նաեւ ուխտագնացներ Ռումանիայէն եւ արտասահմանէն:
Ռումանիոյ հայ երիտասարդութեան ամառնային հաւաքի աւարտին տեղի ունեցաւ հիմնադիր ժողով, որուն ընթացքին որոշուեցաւ հիմնել Ռումանիոյ Հայ եկեղեցասէր երիտասարդաց կազմակերպութիւն:
15 օգոստոսին հայկական ձեռնարկներ կազմակերպուեցան նաեւ Դրանսիլվանիոյ մէջ: Տումպրավէն քաղաքի Ս. Եղիսաբէթ հայ կաթողիկէ տաճարի կից գտնուող նշանաւոր Ապաֆի ամրոցին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը նկարիչ Ժոզէֆ Նովաքի գործերու ցուցահանդէսին նուիրուած Դրանսիլվանիոյ հայ ազնուատոհմիկ ընտանիքներու զինանշաններուն:
Նոյն օրը, Տումպրավէնի Ս. Եղիսաբէթ հայ կաթողիկէ տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին նուիրուած պատարագ:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
ՀՄԸՄ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ «ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻ ՕՐ»ՈՒԱՆ
ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ` «ՈՒԷԼԶ ՖԱՐԿՕ» ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԸ
10 ՀԱԶԱՐ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ
Ամիսներ առաջ «Ուէլզ Ֆարկօ» դրամատան Փասատինայի մասնաճիւղի ընդհանուր պատասխանատու, ՀՄԸՄ-ական Քրիս Գարակէօզեան, Փասատինայի ՀՄԸՄ-ի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցած է դրամատան կողմէ ոչ-հասութաբեր միութիւններուն տրամադրելիք նիւթական որոշ օժանդակութեան իր ծրագիրը: Իբրեւ հայ երիտասարդներ համախմբող եւ անոնց մարմնակրթութեան սիրոյն անսակարկօրէն զոհաբերուող միութիւն` շուրջ 35 տարիէ ի վեր Փասատինայի ՀՄԸՄ-ին տարած աշխատանքը կ՛ամբողջացնէր դրամատան առաջադրած բոլոր պայմանները: Այս հիման վրայ դրամատունը, առ ի գնահատանք միութեան մարզական ծրագիրներու իրագործման աշխատանքներուն, որոշած էր այս տարի անոր տրամադրել տասը հազար տոլար: Իր կարգին, վարչութիւնը ծրագրած էր սոյն դրամատան իր երախտագիտութիւնը յայտնել յատուկ եւ հրապարակային հանդիսութեամբ մը` միաժամանակ կայացնելով միութեան եւ դրամատան մեծ ու փոքր պաշտօնեաներէն կազմուած պասքեթի մրցախաղեր, պաշտօնական կոկիկ յայտագիրով մը:
17 յուլիսին Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այդ ձեռնարկը:
ՀՄԸՄ-ի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով, Սարգիս Կարապետեան անգլերէնով բարի գալուստի եւ երախտագիտութեան խօսքերով նախ ջերմապէս գնահատեց «Ուէլզ Ֆարկօ» դրամատան կողմէ «Ազատամարտ» մասնաճիւղին նիւթապէս օժանդակելու օրինակելի եւ օգտաշատ որոշումը, ապա ամփոփ գիծերու մէջ պարզեց միութեան պատմականը:
Յիշելէ ետք ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ականներու կամաւոր բանակի իրավիճակը, Կարապետեան շեշտը դրաւ հայ երիտասարդութեան դաստիակութեամբ զբաղող ու այս միութեան նշանաբանով առաջնորդուող նուիրեալներուն ծառայութեան ու առաքելութեան վրայ:
Իր կարգին, դրամատան պատասխանատու պաշտօնեայ Ռ. Վազգեզ գնահատանքի ջերմ խօսքերով գոհունակութիւն յայտնեց, որ այս գաղութին մաս կը կազմէ` հաստատելով, որ նման միութիւններու կարիքը ունին: Ան նաեւ արտայայտուեցաւ միութեան մասին` միաժամանակ յոյս յայտնեց, որ բարեկամութեան այս կապը միշտ մնայ հաստատ երկու կազմակերպութիւններուն միջեւ: Ապա ան միութեան վարչութեան ատենապետ Պետոյեանին յանձնեց խոստացուած տասը հազար տոլարի չէքը, որուն յատկանշական եւ մեծադիր նկարը ցուցադրուեցաւ ներկաներուն: Իր կարգին, միութեան ատենապետը, շնորհակալութեան իր խօսքերէն ետք, Վազգեզի անունը կրող «Ազատամարտ»ի շապիկը եւ յուշատախտակ մը նուիրեց դրամատան պատասխանատուին` առ ի յիշատակ եւ երախտագիտութիւն:
Իր սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ նաեւ երիտասարդ միութենական Քրիս Գարակէօզեան, որ վեր առնելէ ետք օրուան հաւաքին գլխաւոր պատճառը հպարտութեամբ յիշեց, թէ ՀՄԸՄ-ը եղած է իր երկրորդ եւ սիրելի ընտանիքը: Ապա կեդրոնի ՀՄԸՄ-ի մարզադաշտին վրայ մինչեւ ուշ երեկոյ տեղի ունեցան պասքեթի բարեկամական մրցումներ` «Ազատամարտ» մասնաճիւղին ու «Ուէլզ Ֆարկօ» դրամատան մեծ ու փոքր պաշտօնեաներէ կազմուած զանազան խումբերու միջեւ` նոր ոգեւորութիւն մը ստեղծելով կեդրոնին մէջ:
ՊՕՂՈՍ ԳԻՒԲԵԼԵԱՆԻ «ՖՐԻՈՒԷՅ» ՎԷՊԻ
ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՏՈՐԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ
Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան, 4 օգոստոսին, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արձակագիր Պօղոս Գիւբելեանի վերջին վէպերէն «Ֆրիուէյ»ի երկրորդ հատորի քննարկումը:
Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան նախագահ, բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն` անդրադարձաւ յառաջիկայ ձեռնարկներուն եւ ծրագիրներուն: Ան բարձր գնահատեց Գիւբելեանի ստեղծագործական վաստակը` բնորոշելով «Ֆրիուէյ» վէպը որպէս հարազատ արտացոլումը նոր ամերիկացի դարձած անհատին, հային, որ իր ծննդեան բնավայրի հանդարտ կեանքէն հեռացած եւ գերի դարձած է ամերիկեան արագ սուրացող կեսաձեւին, ինչպէս` ինքնաշարժը «Ֆրիուէյ»ի ազատ ուղիին պարտադիր արագաընթացին…
Այնուհետեւ երեկոն վարեց բանաստեղծ Գէորգ Քրիստինեան, որ մէջբերում կատարեց արձակագիր Յակոբ Կարապենցի «Ֆրիուէյ»ի առաջին հատորի վերաբերեալ ժամանակին գրած նամակէն:
Այնուհետեւ Քրիստինեան խօսեցաւ Պ. Գիւբելեանի արձակի հիմնական առանձնայատկութեան մասին:
Վէպէն հատուածներ ներկայացուց մանկավարժ Թամար Թիւֆենկճեան – Սերայտարեան:
Գործին մասին ընդարձակ զեկուցումով հանդէս եկաւ հրապարակագիր, «Ազդակ» օրաթերթի նախկին խմբագիր Սարգիս Մահսերեճեան:
Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ հեղինակ Պ. Գիւբելեան:
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ
«ԷՍԿԻՃԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ
ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ
5 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը «Արարատ» տան «Էսկիճեան» թանգարանի տնօրէն Մարթին Էսկիճեանի ու վարիչ Մակի Մանկասարեանի:
Նկատի ունենալով, որ Մարթին Էսկիճեանի առաջին այցելութիւնն էր ասիկա, հանդիպումը առիթ եղաւ Ազգային առաջնորդարանի կառոյցին ու աշխատանքի ծիրին ծանօթացման: Խորհրդակցութեան նիւթ եղաւ նաեւ Ս. աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուապետական մօտալուտ այցելութիւնը:
Հիւրերը փափաք յայտնեցին, որ եթէ վեհափառի այցելութեանց ժամանակացոյցին մէջ յարմարութիւն ստեղծուի, ան այցելութիւն մը պիտի տայ նաեւ «Էսկիճեան» թանգարան:
Առաջնորդը գնահատանքով անդրադարձաւ «Արարատ» տան ու «Էսկիճեան» թանգանանի գործունէութեան` նշելով, որ այս հաստատութիւնները հոգեհարազատ են Ազգային առաջնորդարանին:
ԺՈԶԷՖ ԳԱԶԱԶԵԱՆԻ ԳՈՐԾՕՆ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ամառնային վարժողական ծրագիրի մասնակիցներէն Ժոզէֆ Գազազեան, այս ծրագիրին մասնակցելով` կրցաւ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերել հայ համայնքի ամէնօրեայ գործունէութեան:
Ան վերջերս պսակաւոր արուեստից վկայականին արժանացաւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սանթա Պարպարայի մասնաճիւղէն` մասնագիտանալով քաղաքական գիտութեան ճիւղին մէջ: Ան կանուխ տարիքէն կամաւոր աշխատանք տարած է քաղաքական շարք մը գրասենեակներու եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ծրագիրներու մէջ: Ան նաեւ իր համալսարանի հայ ուսանողական միութեան ճամբով նպաստած է Հայ դատին:
Ամառնային վարժողական ծրագիրի 10 շաբաթներուն ընթացքին ան յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգեց համայնքային կազմակերպութիւններու գործունէութեան մարզին մէջ եւ իրագործեց անհատական ու խմբային շարք մը ծրագիրներ:
ԱՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ` ՍԱՆ ՖԵՐՆԱՆՏՕ ՀՈՎԻՏԻ
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՂԵԿԱՎԱՐ
Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան նշանակուած է վերջերս կազմուած Սան Ֆերնանտօ հովիտի կառավարութեանց խորհուրդի ղեկավար: Խորհուրդին նպատակն է Սան Ֆերնանտօ հովիտի քաղաքներուն միջեւ կապերը սերտացնել:
Նաճարեան, որ նաեւ «Մեթրոլինք»ի եւ Լոս Անճելըս գաւառի քաղաքային փոխադրութեան վարչութեանց անդամ է, պիտի փոխարինէ Զեւ Եարոսլաւսքիին:
ՀՕՄ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆՏՐԵՑ
ԻՐ ԴԻՒԱՆԸ ԵՒ ՄՇԱԿԵՑ ԻՐ ԱՊԱԳԱՅ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ
ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութիւնը ընտրեց իր դիւանը, կատարեց պաշտօններու բաժանումները եւ աշխուժութեամբ պատրաստուեցաւ դիմագրաւելու աշխատանքային նոր տարին:
13 օգոստոսին, նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը գումարեց իր երկրորդ լիագումար ժողովը, որուն առաջին բաժինով հանդիպում մը ունեցաւ ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան անդամներուն ու Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի տնօրէնութեան հետ, եւ մօտէն ծանօթացաւ վարչութեան անցեալի աշխատանքներուն, ընթացք առած ապագայ ծրագիրներուն եւ Ընկերային ծառայութեան գրասենեակներու աշխատանքային ներկայ դրութեան:
Լիագումար ժողովին ներկայ գտնուեցան եւ իրենց բարեմաղթանքներն ու օգտակար ուղղութիւնները փոխանցեցին ՀՕՄ-ի Կեդր. վարչութեան անդամներ` ատենապետ Վիքի Մարաշլեան եւ Նովա Հինտոյեան:
Այնուհետեւ վարչութիւնը շարունակեց իր ժողովը` գլխաւորաբար կեդրոնանալով յառաջիկայ տարուան ծրագիրներու մշակման վրայ: Բոլոր ժողովականներն ալ համաձայն գտնուեցան` յառաջիկայ տարեշրջանին, ընդհանրական աշխատանքներուն առընթեր, կեդրոնանալու նաեւ շրջանի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերու հզօրացման, անդամարշաւին եւ մանաւանդ հանգանակային աշխատանքներու աշխուժացման վրայ, բնականաբար շարունակելով ՀՕՄ-ի որդեգրած հայրենի ծրագիրներու առաւել զարգացման աշխատանքները:
Նորընտիր Շրջանային վարչութեան ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան հաստատեց, որ Հայ օգնութեան միութեան աշխատանքի ծիրը շատ ընդարձակ է եւ հիմնուած` մարդկութեան ծառայելու իտէալական սկզբունքներուն վրայ: Իբրեւ մարդասիրական կազմակերպութիւն, ՀՕՄ-ը հայ ժողովուրդի մարդկային կարիքներուն ծառայելէ անկախ, կը ձգտի նաեւ պահպանելու մեր մշակութային ինքնուրոյնութիւնը: Ան նշեց, նաեւ որ ՀՕՄ-ի
70-րդ Համահայկական պատգամաւորական ժողովը պիտի գումարուի Աթէնքի մէջ, Յունաստան, 9-13 հոկտեմբեր 2011-ին:
Յիշեցնենք, թէ Շրջանային վարչութիւնը կը շարունակէ ՀՕՄ-ի քարոզչութեան լաւագոյն աղբիւրը նկատուող «ՀՕՄ-ի ձայն» հեռատեսիլի իր ծրագիրին սփռումը` «Հորիզոն» եւ «Էյ. Ար. Թի. Էն.» կայաններէն:
«ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»Ը ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ
ՅԱԿՈԲ ԵՒ ՄԱՐԻԼԻՆ ԱՐՇԱԿՈՒՆԻՆԵՐԸ
Օգոստոս ամսուան «Արարատ տան» ամսական ճաշկերոյթին ընթացքին, «Արարատ տուն»ը յատուկ յուշատախտակով մը պատուեց Յակոբ եւ Մարիլին Արշակունիները, որոնք վերջին 12 տարիներուն Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայկական վարժարաններու 8-րդ դասարանի աշակերտներուն համար հայոց պատմութեան նուիրուած զարգացման մրցումներ կը կազմակերպեն «Արարատ տան» մէջ:
ՔԱՆԱՏԱ
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՖՈՐՈՒՄԸ
ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Անցնող շաբաթներուն տեղի ունեցած էր Քանատայի թեմի Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի կազմակերպած ֆորումը, որ եզրափակուեցաւ շարժապատկերներ պատրաստող Արազ Արթինեան, որ այս առիթով Հայաստանէն գացած էր Մոնթրէալ: Ան ներկաներուն ծանօթացուց Հայաստանի մէջ իր ունեցած փորձառութիւնները եւ գործունէութիւնները:
Ֆորումի աւարտին կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներ Վիգէն Աֆարեան եւ Սոնիա Քիլեճեան-Աճեմեան արժեւորեցին կատարուած աշխատանքը: 15 օգոստոսին ֆորումի մասնակիցները եզրափակեցին իրենց հանդիպումը Ս. Աստուածածնայ նուիրուած ձեռնարկով:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ