«ԲՈԼՈՐՍ ԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ ԵԿԱՆՔ ԵՒ ԱՅՍՕՐ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆՔ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ` ՄԵՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲՈՎ»

«ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՄ ՄԵՐ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ,
ՈՐ ԻՐԵՆՑ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ՎՍՏԱՀԻՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ.
ԴՊՐԵՎԱՆՔ ՅԱՃԱԽԵԼԸ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ
ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐՏՔՆ ՈՒ ՓԱՌՔՆ Է ՄԻԱԺԱՄԱՆԱԿ»

«ԱԶԴԱԿ»ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԵԶԵԱՆ

Աշխարհասփիւռ հայութեան հիմնական փարոսներն ու հոգեւոր, ազգային ու մշակութային դիմագիծի պահպանման կռուանները կը հանդիսանան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող եկեղեցիներն ու անոնց ծառայութեան լծուած հոգեւորականները:  Ի հպարտութիւն համայն հայութեան` անոնք ներկայ են ամէնուրեք, պատրաստ` ժողովուրդին ծառայելու, հասնելու իւրաքանչիւր հայորդիի կարիքներուն` իբրեւ լիիրաւ դեսպանները Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ: Իսկ ժողովուրդէն եկող ու ժողովուրդին ծառայութեան լծուած այս նուիրեալներուն կազմաւորման ու պատրաստութեան քուրան կը հանդիսանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, ուր սերունդներ կը կոփուին ու կը թրծուին` հոգեւոր, ազգային ու մշակութային շունչով եւ ոգիով, որպէսզի իրենց ուսումնական շրջանը աւարտելով` կրկին ուղղուին դէպի աշխարհասփիւռ հայութիւն ու ծառայեն անոր` անսակարկ նուիրումով եւ կուռ հաւատքով:

Նման կարեւոր կառոյցի մը առաքելութեան յաջողութիւնը հաւաքական ու կազմակերպուած աշխատանքի արդիւնք է, հոն ներդրում ունին նաեւ հայ ընտանիքները, որոնց ծոցէն ծնունդ պիտի առնեն ապագայի վարդապետները, եպիսկոպոսները, արքեպիսկոպոսները, կաթողիկոսներն ու քահանաները:

Այս իւրայատուկ կեդրոնին, մարդ կազմաւորելու անոր առաքելութեան, հայանուէր աշխատանքներուն եւ գործունէութեան տարբեր բնագաւառներուն անդրադարձաւ դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան` «Ազդակ»ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, որուն ամբողջութիւնը կը հրատարակենք ստորեւ:

«ԱԶԴԱԿ».¬ Դպրեվանքը ստեղծուած է յատուկ առաքելութեամբ եւ նպատակով: Խօսինք անոր ծննդոցին եւ նման կառոյց մը ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին: Նաեւ անդրադառնանք ներկայ պայմաններու լոյսին տակ դպրեվանքի առաքելութեան մէջ արձանագրուած փոփոխութիւններուն:

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԵԶԵԱՆ.¬ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը Անթիլիասի մէջ հաստատուած է 1930 թուականին, երբ կաթողիկոսութիւնը Սիսի պատմական կայքէն, Մեծ եղեռնի իբրեւ հետեւանք, հարկադրաբար դուրս դրուեցաւ եւ շուրջ տասնեակ մը տարիներ թափառական մնալէ ետք, ի վերջոյ եկաւ եւ ապաստանեցաւ Անթիլիաս, որ նախքան կաթողիկոսարան ըլլալը` որբանոց էր: Հոն հաստատուելէն ետք օրուան կաթողիկոսը` Սահակ Բ. կաթողիկոս, անհրաժեշտ նկատեց դպրեվանք հաստատել, որովհետեւ անդրադարձաւ, թէ առանց մարդուժի կարելի չէ սփիւռքը կազմակերպել, եւ առանց դպրեվանքի` կարելի չէ հոգեւորական եւ աշխարհական մշակներ հասցնել մեր ժողովուրդի ծառայութեան: Սահակ Բ. կաթողիկոս, Բաբգէն Ա. աթոռակից կաթողիկոս եւ Շահէ ծ. վրդ. Գասպարեան երրորդութիւնը եղաւ հիմնադիրը դպրեվանքին: Սահակ վեհափառ որպէս օղակը Կիլիկիոյ եւ Անթիլիասի` դպրեվանքի կարիքը ընդգծեց եւ տեսիլքը տուաւ, իսկ Բաբգէն վեհափառ եւ հայր Շահէ դպրեվանքի ոգին եղան` ուսումնական ծրագիրը մշակելով եւ մարդու կազմաւորման աշխատանքը ուղեգծելով:

Այդ առաքելութեամբ հիմնուեցաւ դպրեվանքը եւ իր առաքելութիւնը կը շարունակէ մինչեւ այսօր: Անշուշտ տարուէ տարի, տասնամեակէ տասնամեակ պայմանները փոխուեցան, սակայն դպրեվանքը շարունակեց իբրեւ մարդակերտումի, մարդու կազմաւորման յուսատու փարոս իր առաքելութիւնը ծաւալել մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Եթէ դպրեվանքը պիտի բնորոշենք, ես այս բնորոշումը կ՛ուզեմ խտացնել, ամփոփել երեք բառերու մէջ.

1. Ինքնութիւն. ո՞վ է հայ քրիստոնեան, հայ մարդը: Այս հարցումին կը պատասխանէ դպրեվանքը եւ հաւաքաբար իրեն յանձնուած խումբ մը տղաքը, որոնք ընդհանրապէս 50-60 պատանիներ¬երիտասարդներ կ՛ըլլան իւրաքանչիւր կրթական տարեշրջանի, կը փորձէ այս հայ քրիստոնեայի ինքնութիւնը խտացնել եւ խորացնել անոնց մէջ: Անշուշտ այս ինքնութիւնը դպրեվանքով չի սկսիր, այս ինքնութիւնը նոյնինքն հայ ըլլալու ինքնութիւնն է, որուն մէջ մենք կը տեսնենք դերակատարութիւնը, ներդրումը հայ ընտանիքին, հայկական դպրոցին, հայ եկեղեցիին, հայ ակումբին, հայ մշակոյթին` իր լայն տարազումով, աւանդութիւններուն, սովորութիւններուն. այլ խօսքով` այն, ինչ որ հայը հայ կ՛ընէ: Այդ ինքնութեան բիւրեղացում կու տայ դպրեվանքը, այդ ինքնութիւնը տարբեր տարբեր խաւերով դպրեվանք կը թափանցէ, որովհետեւ մեր տղաքը կու գան մեր սուրբ աթոռին զանազան թեմերէն, առաւելաբար` Լիբանանէն ու Սուրիայէն. այս կը նշանակէ, թէ իւրաքանչիւրը ունի իր ընտանեկան, կրթական, շրջանակին ենթահողը: Մենք կը փորձենք այս բոլորը ի մի համախմբել եւ հասարակ յայտարարի մը վերածել, դպրեվանեցին կազմաւորել ութ տարիներու ընթացքին, երբ այս տղաքը կը յանձնուին մեր խնամքին:

2. Այս ինքնութիւնը կը տրուի կազմաւորումով. երբ կազմաւորում բառը կը գործածեմ, այս բառին մէջ ես կը տեսնեմ ուսում, կենցաղ, նկարագիր, կեցուածք. մէկ խօսքով` այն, ինչ որ դպրեվանեցին դպրեվանեցի կ՛ընէ եւ կը զատորոշէ այն բոլոր աշակերտներէն եւ ուսանողներէն, որոնք մեր վարժարանները կը յաճախեն: Դպրեվանեցիին մէջ կայ ինքնուրոյն գիծ մը, որ այդ կազմաւորումն է, հայ քրիստոնեայ ինքնութեան համապատասխան կազմաւորում կը փորձենք տալ դպրեվանքին մէջ: Եւ այդ կազմաւորումը կը տրուի հոգեւոր կեանքով, աղօթական կեանքով եւ գիտութեամբ: Գիտութիւն եւ աղօթք, հոգեւոր կեանք եւ իմացական կեանք. այս բոլորը մեր հայկական իրականութեան մէջ անշուշտ կը տրուին հայ եկեղեցւոյ ճամբով, որ ինքնին ազգային եկեղեցի է: Մեր եկեղեցին ազգային եկեղեցի ըլլալով` դպրեվանքին մէջ մենք կը կազմաւորենք հայ մարդը իր ամբողջութեան մէջ` հայ հոգեւորականը, մտաւորականը, ուսուցիչը` իբրեւ մեր ժողովուրդի ծառայութեան կոչուած մշակ:

3. Դպրեվանքը ծառայութիւն է. այս տղաքը կու գան, կը կազմաւորուին, իրենց ինքնութիւնը կը բիւրեղացնեն եւ կը վերադառնան մեր ժողովուրդին: Ինչպէս յիշեցի, դպրեվանքի ուսումը 8 տարի է. այդ ընթացքին մեր տղաքը տարուէ տարի կը հասուննան, կ՛աճին, կը մեծնան եւ կը պատրաստուին մեր ժողովուրդի ծառայութեան: Այս ծառայութիւնը կ՛ընդգրկէ քանի մը մարզեր. նախ` դպրեվանքէն թերաւարտ կամ շրջանաւարտ սանը կրնայ ապագային որպէս ամուսնացեալ քահանայ ծառայել մեր եկեղեցւոյ, իսկ դպրեվանքէն շրջանաւարտ սարկաւագը 8 տարիներ ետք խնդրագիր կը ներկայացնէ տեսչութեան, որ իր կարգին այդ խնդրագիրը կը փոխանցէ Սուրբ աթոռիս վեհափառ հայրապետին, եւ այդ շրջանաւարտ սարկաւագը կուսակրօն քահանայ` աբեղայ կը ձեռնադրուի եւ կը միանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան: Սակայն դպրեվանքը միայն հոգեւորական չի պատրաստեր, այլ դպրեվանքի ծառայութեան դաշտը այնքան ընդարձակ է, որուն դիմաց դպրեվանքը միշտ «Այո՛» պատասխանած է, եւ այդ հասկացողութեամբ դպրեվանքէն թերաւարտ կամ շրջանաւարտ տղաք կը վերադառնան մեր ժողովուրդին, կը ծառայեն որպէս տնօրէն, ուսուցիչ,  դպրապետ, կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչ, թերթերու խմբագիր. մէկ խօսքով` (մեր մշակոյթին, մեր գիր գրականութեան, մեր ժողովուրդին ծառայութեան այդ բազմատեսակ մարզերուն մէջ դպրեվանեցիները ներկայ եղած են, ներկայ են այսօր եւ, վստահ եմ, ներկայ պիտի ըլլան: Երբ այսօր մեր շուրջը նայինք, սփիւռքի տարածքին մինչեւ Հայաստան, թէ՛ հոգեւորական եւ թէ՛ աշխարհական դպրեվանեցիներ կոչուած են մեր եկեղեցւոյ ծառայութեան):

Դպրեվանքի առաքելութիւնը ա՛յս է: Ինչպէս ըսի, դպրեվանքի կրթական ծրագիրը 1930-էն մինչեւ այսօր նոյնը չէ մնացած , ներքին տրամաբանութիւնը, կառոյցը նոյնն է, այսինքն հայ մարդը պատրաստել` հոգեւորական եւ աշխարհական: Սակայն այդ պատրաստութեան մէջ փոփոխութիւններ մտած են, եւ այդ փոփոխութիւններէն ամէնէն արտայայտիչ երեւոյթներէն մէկը համակարգիչի գործածութիւնն է մեր սաներուն կողմէ: Ատկէ զատ, դպրեվանքի կրթական համակարգին մէջ յատուկ կարեւորութիւն կու տանք թէ՛ հայերէն աշխարհաբար եւ գրաբար լեզուներուն, ինչպէս նաեւ անոնց զուգահեռ կը փորձենք մեր տղոց սորվեցնել արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն: Այսօր յստակ իրողութիւն է, թէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետէն սկսած մինչեւ մեր միաբանութեան բոլոր անդամները, անոնք, որոնք դպրեվանքէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք համալսարանական ուսման դիմած են, յաջողած են թէ՛ իրենց ուսումը ստացած են, եւ թէ իրենց վկայականները ստացած են ու կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը բերել մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Այս կը նշանակէ, թէ դպրեվանքը հայ մարդը կը պատրաստէ համապարփակ կերպով. այսինքն հոս եկող տղաքը ո՛չ թէ աշխարհէն հեռացած, Պիքֆայայի մէջ առանձնացած, ճգնաւորական կեանք կ՛ապրին եւ շատ շատ դպրեվանքի վկայական մը առնելով հոգեւորական կամ ուսուցիչ կ՛ըլլան, այլ մենք ունինք դպրեվանքէն անցած տղաք, որոնք համալսարաններու մէջ դասախօս են, որոնք զանազան թեմերու մէջ դիւանապետի պաշտօն կը վարեն, որոնք կիրակնօրեաներու տեսուչ կամ ուսուցիչ են, ունինք ուսուցիչներ, տնօրէններ: Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ երբ դպրեվանքը իր հունձքը կու տայ, այդ հունձքը, Աւետարանի բացատրութեամբ, սերմնացանի առակին մէկ պատկերը օգտագործելով, կրնանք ըսել, որ պարարտ հողի մէջ կ՛իյնայ եւ առատ արդիւնք կու տայ:

«Ա.».¬ Խնդրեմ ներկայացնէք վերջին քանի մը տարիներուն դպրեվանքէն շրջանաւարտ եղողներուն թիւը` նշելով, որ իւրաքանչիւրը այսօր ո՞ւր կը գտնուի եւ ի՞նչ ուղիով կ՛ընթանայ:

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. Ա.¬ Կարծեմ կրնանք բաւարարուիլ, եթէ մօտաւորապէս նշենք շրջանաւարտներուն այսօրուան կեանքի ասպարէզը եւ անդրադառնանք, թէ քանի՛ հոգի միացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան: 2004 թուականին ունեցած ենք 3 աբեղաներ, որոնցմէ մէկը դպրեվանքի տեսչութեան մաս կը կազմէ, ուրիշ մը կը ծառայէ Իրանի մէջ` Նոր Ջուղա, իսկ երրորդը թէ՛ համալսարանական ուսում կը ստանայ եւ թէ՛ կը ծառայէ Միացեալ Նահանգներու մէջ: 2006-ին մենք ունեցած ենք դարձեալ 3 կուսակրօն շրջանաւարտ, որոնցմէ մէկը իբրեւ հոգեւոր հովիւ կը ծառայէ Յունաստանի մէջ, նաեւ իր համալսարանական ուսումը կը շարունակէ, իսկ միւս երկու հայր սուրբերը կը ծառայեն Անթիլիասի մէջ: 2008-ին ունեցած ենք 1 կուսակրօն հոգեւորականի ձեռնադրութիւն, եւ ան այսօր մաս կը կազմէ դպրեվանքի տեսչութեան: 2010-ին ունեցած ենք 3 հայր սուրբեր, որոնք կը ծառայեն Անթիլիասի մէջ, որովհետեւ երբ նոր կը ձեռնադրուին, առաջին քանի մը տարիները թեմական ծառայութեան չեն ուղարկուիր, եթէ պարտաւորուած չըլլանք, որպէսզի իրենց նաեւ միաբանական վանաբնակ կազմաւորումը ամբողջական ըլլայ: Իսկ այս տարի ունեցանք 4 աբեղաներ, որոնք տակաւին նոր իրենց անդրանիկ Ս. պատարագը մատուցին. անոնցմէ մէկը մաս կը կազմէ դպրեվանքի տեսչութեան, իսկ մնացեալ երեքը զանազան պաշտօններ կը վարեն Անթիլիասի մէջ:

Կրթական տարեշրջանի մը մեր աշակերտներուն թիւը ընդհանրապէս 55-60 հոգի կ՛ըլլայ. ահաւասիկ տեսաք, որ այդ թիւէն տարեկան միջին հաշուով 3-4 ձեռնադրութիւն կ՛ունենանք` որպէս կուսակրօն հոգեւորական, նոյնքան ալ քահանաներ կը ձեռնադրուին, եւ նոյն համեմատութեամբ կեանքի վերադարձող ուսանողներ կ՛ունենանք: Այսինքն միջին հաշուով դպրեվանքը կը փորձէ տարեկան 5-7 շրջանաւարտ տալ, այն հասկացողութեամբ, որ եթէ 7-էն 2-3 կուսակրօն հոգեւորական դարձան, 2-ը` քահանայ, երկուքն ալ կրթական, մշակութային ասպարէզի մէջ իրենց ծառայութիւնը կը բերեն:

«Ա.».¬ Գիտենք, որ դպրեվանքէն շրջանաւարտներ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ բարձրագոյն կրթութեան ճամբով կ՛առաջնորդուին եւ անոնք նոյնիսկ յաճախ օտար երկիրներ կը մեկնին իրենց համալսարանական ուսումը ստանալու: Խօսինք դպրեվանքի սաներուն նկատմամբ ցուցաբերուած այս մօտեցումին մասին:

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. Ա.¬ Դպրեվանքէն շրջանաւարտ եւ նոյնիսկ թերաւարտ տղաք, եթէ ունին բարձրագոյն ուսում ստանալու ատակութիւնը,  եւ այդ մէկը դպրեվանքի տեսչութիւնը ինք, որ ամէն օր իրենց հետ կ՛ըլլայ, կը ճշդորոշէ այս պարագան, մենք տղոց քանի մը կարելիութիւններ կ՛ընծայենք: Առաջին` եթէ հոգեւորականի կոչում ունի, կ՛ուզէ կուսակրօն հոգեւորական ձեռնադրուիլ, կը ձեռնադրենք դպրեվանքի 8¬րդ դասարանը, աւարտելէ ետք որ կը կոչուի 4-րդ ընծայարան: Ինչպէս ըսի, երբ կուսակրօն հոգեւորական կը ձեռնադրուի, կը դառնայ անդամ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան: Ասիկա շրջանաւարտի մը բնական ընթացքն է. եթէ կան տղաք, որոնք 8 տարիներ ուսանելէ ետք հոգեւորականի կոչում ունին, սակայն կ՛ուզեն քահանայ ըլլալ, կը նշանակէ` դպրեվանքը աւարտելէն ետք պէտք է վերադառնան կեանքին, ընտանիք կազմեն, թեմակալ առաջնորդի մը դիմեն եւ թեմի մը մէջ քահանայական ծառայութեան կոչուին: Սա կը նշանակէ, թէ այդ տղաքը քանի մը տարիներու պատրաստութեան շրջան մը կ՛ուզեն. այդ պարագային մեր այս տղոց կարելիութիւն կը ստեղծենք, որ կա՛մ կաթողիկոսարանին մէջ պաշտօն մը վարեն` վեհափառին տնօրինութեամբ, եւ կա՛մ թեմի կամ ծուխի մը մէջ առաջնորդ սրբազանի մը կամ քահանայ հօր մը կողքին ծառայեն իբրեւ սարկաւագ, քարտուղար ու այլ պարտականութիւններով: Միեւնոյն ժամանակ այս տղաքը իրենց կեանքի ընկերը կը փնտռեն եւ իրենց կոչումին մէջ աւելի արմատանալով` օր մը ըսեն, թէ պատրաստ են ամուսնացեալ քահանայութեան կոչուելու: Իսկ եթէ կան տղաք, որոնք դպրեվանքի որեւէ մէկ դասարանէն այս կամ այն պատճառով ուզած են հեռանալ, կեանքի վերադառնալ, ուսման կամ արհեստի ճամբան բռնել, այդ պարագային մենք կը փորձենք այդ տղաքը քաջալերել, որ իրենց կեանքի ուղին գտնեն: Այսինքն կա՛մ կրթական, մշակութային մարզի մը մէջ իրենց ծառայութիւնը բերեն, եւ կա՛մ, եթէ բարձրագոյն ուսման կ՛ուզեն հետեւիլ, իրենց կ՛օգնենք, ուղղութիւն կու տանք, նիւթաբարոյական կարելիութիւն կը ստեղծենք, որպէսզի համալսարանական իրենց ուսումը ստանան, որովհետեւ դպրեվանքը ցոյց տուած է, որ այս տղաքը երբ կու գան դպրեվանք, դպրեվանքէն հեռանալէն ետք անպայմանօրէն կը վերադառնան մեր ժողովուրդին. ինչ որ կը ստանան դպրեվանքէն` իբրեւ կազմաւորում, իբրեւ ինքնութիւն, կը վերադարձնեն մեր ժողովուրդին: Մենք պէտք է, որ դիւրացնենք այդ գործընթացը, պէտք չէ, որ պատնէշներ ստեղծենք, անոր համար դպրեվանքէն թերաւարտ կամ շրջանաւարտ տղաքը մեզի համար արժէքներ են, մեր մարդկային դրամագլուխը կը կազմեն, այդ հասկացողութեամբ ալ մենք կը գուրգուրանք տղոց, եւ կարելիութիւններ կը ստեղծենք, որ իրենց յարմար միջոցներով իրենց ծառայութիւնը բերեն մեր ժողովուրդին: Կ՛ուզեմ հոս շատ հետաքրքրական պատմութիւն մը պատմել. առիթով մը միջեկեղեցական ժողովէ մը կը վերադառնայի, եւ օդանաւին մէջ քովս նստած էր հայ երիտասարդ մը. խօսակցութեան ընթացքին ինք պատմեց, թէ դպրեվանք մտած է, սան եղած է, բայց ըսաւ, թէ միայն երկու շաբաթ դպրեվանքի մէջ մնացած է, որովհետեւ մօրը կարօտցած է ու ուզած է տուն երթալ: Սակայն ըսաւ, որ այդ երկու շաբաթը իր կեանքին մէջ հսկայական փոփոխութիւն բերած է, շրջադարձ մը ապրած է եւ սորված է երկու բան, զորս չի  մոռնար ու իր զաւակներուն կը սորվեցնէ: Առաջինը` աղօթել, երկրորդ` ճշդապահ ըլլալ: «Դպրեվանքի զանգակին ձայնը, ըսաւ ան, մինչեւ վերջ ականջիս մէջ է, որովհետեւ երբ զանգը հնչէր, գիտէինք, որ եկեղեցի պիտի երթանք, դասարան պիտի մտնենք, սեղանատուն պիտի երթանք, սերտողութեան կամ խաղի պիտի երթանք»: Այս է դպրեվանքը, եթէ մենք կարենանք նոյնիսկ դպրեվանք մտած եւ ինչ¬ինչ պատճառներով դպրեվանքէն դուրս ելած տղուն մէջ այս սկզբունքները սերմանել, կը նշանակէ, որ մենք յաջողած ենք մեր առաքելութեան մէջ, եւ այդ կ՛ըլլայ մեր հոգեկան բաւարարութիւնը:

«Ա.».¬ Արդէն իսկ տեսչութեան պատկերը փոխուած է. խնդրեմ` տեսչութեան անդամներուն անունները թուեցէք:

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. Ա.¬ Վեհափառ հայրապետին կողմէ նշանակուած տեսչութեան կազմին պատկերը հետեւեալն է. Նարեկ արք. Ալեէմեզեան` տեսուչ, տեսչութեան անդամներ` Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան, Վարանդ վրդ. Փորփոսեան եւ Շնորհք աբեղայ Աշըգեան:

«Ա.».¬ Դպրեվանքին` հոս յաճախող տղոց տան մէջ, ի՞նչ մթնոլորտ կը տիրէ ընդհանրապէս, դպրեվանեցիները իրենց ընթացիկ դասերէն դուրս ի՞նչ աշխատանքներ կ՛ունենան, մանաւանդ որ անոնք ապագային պիտի վերադառնան իրենց ժողովուրդի ծառայութեան, ուստի չեն կրնար ամբողջովին մեկուսացած ապրիլ: Խօսինք այս տան ներքին կեանքին մէջ:

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. Ա.¬ Շնորհակալ եմ, որ տուն բառով բնորոշեցիք այս կառոյցը, որովհետեւ երբ դպրեվանքի տեսչութիւնը ստանձնեցի գրեթէ ամիս մը առաջ, սկսայ մտածել, թէ 2011-2012 տարեշրջանին մենք ի՞նչ բնաբանի շուրջ պէտք է համախմբենք մեր տղաքը: Իբրեւ ուղեցոյց եւ բնաբան մեր կրթական տարեշրջանին, որ պիտի սկսի հոկտեմբերին` Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագով, ես ընտրեցի Յիսուսի այն խօսքը, որուն մէջ Ան կ՛ըսէ իր ծնողքին. «Ինչո՞ւ զիս ուրիշ տեղ կը փնտռէիք, չէի՞ք գիտեր, թէ հօրս տան մէջ պէտք է գտնուիմ»: Հօրս տան մէջ բացատրութեամբ Յիսուս կ՛ըմբռնէր Երուսաղէմի տաճարը:

Մեր պարագային դպրեվանքը Աստուծոյ` մեր Երկնաւոր Հօր տունն է եւ միաժամանակ մեր ազգին տունն է: Ուրեմն աւետարանական այս բնաբանին շուրջ ես պիտի փափաքիմ, որ մեր 2011-2012 կրթական տարեշրջանը մենք կարենանք իմաստաւորել: Այս հասկացողութեամբ, դպրեվանքը մեր բոլորին համար, մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն համար մեր հոգեւոր մայրն է. այդ հասկացողութեամբ մենք պէտք է մօտենանք դպրեվանքին եւ այդ վստահութեամբ մենք մեր զաւակները պէտք է յանձնենք դպրեվանքին: Դպրեվանքին մէջ Աստուծոյ եւ ազգին տունը ըլլալու, հոգեւորն ու ազգայինը համախմբելու հասկացողութիւնը արտայայտութիւն կը գտնէ մեր առօրեայ ժամանակացոյցին ընդմէջէն: Երբ հակիրճ կերպով ներկայացնեմ դպրեվանքի առօրեայ ժամանակացոյցը արդէն կ՛անդրադառնանք եւ կը գիտակցինք, թէ ի՞նչպիսի՛ մթնոլորտի մէջ դպրեվանեցիները իրենց կեանքը կ՛ապրին, իրենց ուսումը կը ստանան եւ կը նախապատրաստուին իրենց ծառայութեան: Մեր օրը կը սկսի առաւօտեան ժամը 6:30-ին, տղաքը ժամը 6:30¬ին. կ՛արթննան եւ ժամը 7:00-ին իրենց աղօթքի կեանքը կը սկսին գիշերային կամ առաւօտեան ժամերգութեամբ, Ս. Աստուածածին մատրան մէջ: Ապա նախաճաշ կ՛ընեն, որմէ ետք,  առաւօտեան ժամը 9:00¬էն կէսօրէ ետք ժամը 2:00 դպրոցի պահերը կ՛ունենան. ունինք 6 պահեր` դադարներով ընդմիջուած, որոնց ընթացքին իրենց ուսումը կը ստանան: Ապա կը ճաշեն, յետոյ` դադար, որմէ ետք, 2 պահ սերտողութիւն կը կատարեն եւ իրենց դասերը կը պատրաստեն յաջորդ օրուան համար. անկէ ետք` ժամը 5:30-ին երեկոյեան ժամերգութիւնը կը կատարենք, ապա կ՛ընթրեն, յետոյ մէկուկէս ժամ ազատ սերտողութեան եւ արտադասարանային աշխատանքներու, ձեռնարկներու յատկացուցած ենք: Անոնք համակարգիչով կրնան զբաղիլ, մարզասրահին կամ փակին մէջ մարզական խաղեր կ՛ունենան, հեռատեսիլ կը դիտեն, իրենց ցոյց կու տանք հայկական կամ օտար դաստիարակիչ տի.վի.տի.ներ, որպէսզի իրենց մտահորիզոնը ընդարձակուի: Անկէ ետք Աստուածաշունչի ընթերցանութեամբ եւ խորհրդածութեամբ կը փակեն իրենց իրիկունը եւ ժամը 9:30¬ին, գիշերային հաւաքական աղօթքէն ետք կ՛անցնին իրենց ննջարանները` քնանալու: Մինչ այդ կը վայելեն դասական երաժշտութիւն: 9:30-ին արդէն լոյսերը կը մարին, տղաքը քունի կը մտնեն, որպէսզի կազդուրուած սկսին իրենց յաջորդ օրը: Այս ժամանակացոյցը կը գործադրուի երկուշաբթիէն ուրբաթ, շաբաթ օր դաս չկայ, տղաքը իրենց սենեակները եւ շէնքի յարմարութիւնները մաքրելով եւ կոկելով կը զբաղին, խաղի կը տրամադրեն, պտոյտներ կը կազմակերպուին, եթէ թատրոն, մշակութային կամ դասախօսական ձեռնարկներ կան` տղաքը հետաքրքրող, դպրեվանքի տեսչութեան հայեցողութեամբ տղաքը այդ ձեռնարկներուն կը մասնակցին Անթիլիասի, Պուրճ Համուտի մէջ կամ այլուր: Գիշերը ընդհանրապէս մշակութային¬գեղարուեստական երեկոյ մը կ՛ունենան` նուիրուած սուրբի մը, գրագէտի մը, պատմական դէմքի եւ կամ առօրեային մէջ մեր ազգային¬եկեղեցական կեանքին առնչուած երեւոյթի մը կամ անձի մը: Կիրակի օր տղաքը կ՛իջնեն Անթիլիաս, Ս. պատարագի կը մասնակցին, իրենք կ՛երգեն, խորանին կը ծառայեն, ապա իրենց ծնողներուն հետ ըլլալու առիթ կ՛ունենան, յետոյ կը բարձրանան Պիքֆայա, կը վերադառնան իրենց առօրեայ կեանքին: Անշուշտ ունինք տարեկան արձակուրդները, երբ տղաքը կը վերադառնան իրենց ընտանիքներուն. արձակուրդները Ս. Ծննդեան, Ս. Զատկուան տօներուն բաւական երկար կ՛ըլլան, իսկ ամառը չորս փոքր դասարաններուն մէջ եղող տղաքը` Ժառանգաւորացի աշակերտները, կը վերադառնան իրենց ընտանիքներուն, կ՛ունենան ամառնային արձակուրդ, իրենց հետ կը տանին յանձնարարականներ` կարդալու, գրելու, որպէսզի գիրքէն ու գրասեղանէն չանջատուին, իսկ բարձրագոյն կարգի տղաքը` կիսասարկաւագներ եւ սարկաւագներ, առաջինէն մինչեւ չորրորդ ընծայարան, կը մնան մեզի հետ, կ՛երթան արձակուրդի, կը վերադառնան, ուրիշ խումբ մը կ՛երթայ, իսկ որոշ ժամանակ մը լրիւ մեզի հետ կ՛ըլլան, ինչպէս Աստուածածնի տօնի շրջանին, երբ Պիքֆայայի ուխտի օրուան կը պատրաստուինք:

«Ա.».¬ Արդեօք դպրեվանք մտնելու տարիք մը կա՞յ. ընդունուած տարիքը շրջանցած անձ մը եթէ զգայ, որ իր մէջ այս կոչումը ունի, առիթ կ՛ունենա՞յ դպրեվանքին միանալու:

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. Ա.¬ Բնական ընթացքով դպրեվանք կ՛ընդունին նախակրթարանը աւարտած տղաքը. մենք մամուլով եւ տարբեր միջոցներով կը սկսինք կոչ ուղղել մեր ազգի զաւակներուն, մեր ծնողներուն, որպէսզի իրենց զաւակները դպրեվանք ղրկեն: Սակայն աւելի մեծ տարիքով տղաք ալ եկած են դպրեվանք, անոնք ունեցած են յատուկ հետաքրքրութիւն` հոգեւոր կեանքի հանդէպ, անոնք եւս կ՛ընդունուին. այս վերջիններուն բնականաբար առաջին դասարան չենք դներ, այլ իրենց տարիքին եւ դասարանին համեմատ կը ճշդենք դասարանը: Այս է ընթացքը, մենք պատրաստ ենք ընդունելու նաեւ մեծ տարիքով տղաք, անոնք մուտքի քննութիւն մը կու տան, ծնողներուն հետ կապ կը պահեն անհրաժեշտ փաստաթուղթերուն համար` վիճակացոյց, վկայական, բարի վարուց վկայագիր, ծխատէր քահանայի վկայութեան թուղթ, լուսանկար, որպէսզի կարենան դպրեվանք գալ:

«Ա.».¬ Դպրեվանքը այնպիսի կառոյց մըն է, որուն առաքելութեան յաջողութիւնը հաւաքական ճիգի եւ հաւաքական թէ անձնական խոր հաւատքի ու նուիրումի կը կարօտի, ինչպէ՞ս այս աշխատանքը գլուխ կը հանուի:

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. Ա.¬ Այս իմաստով նշենք քանի մը հանգամանք: Առաջինը այն է, որ 1930-էն ի վեր դպրեվանքը իր ծառայութիւնը կը մատուցէ հայ հոգեւորականը եւ հայ մշակոյթի նուիրեալ սպասաւորը կազմաւորելու նուիրական առաքելութեան համար: Մեր Ս. աթոռին բոլոր վեհափառ հայրապետները եւ այսօր Արամ Ա. սրբազնագոյն կաթողիկոսը իրենց աչքի բիբին պէս կը գուրգուրան դպրեվանքին` որովհետեւ առանց դպրեվանքի եկեղեցի եւ եկեղեցականութիւն չկայ: Դպրեվանքն է, որ սերունդ կը հասցնէ եւ դպրեվանքի այդ առաքելութիւնը կը կարօտի հաւաքական գուրգուրանքի, որուն գլուխը կը գտնուի վեհափառ հայրապետը: Ես կ՛ուզեմ հոս մէջբերել Զարեհ երանաշնորհ հայրապետին մէկ խօսքը` դպրեվանքի մասին. այս մէջբերումը կը կատարեմ, որովհետեւ Զարեհ կաթողիկոս դպրեվանքի առաջին շրջանաւարտներէն էր: Ան հետեւեալը կ՛ըսէ` իր խօսքը ուղղելով դպրեվանքի սաներուն. «Սիրեցէք հայ ժողովուրդը իր բոլոր ալեկոծութիւններով ու իր բոլոր տարակարծութիւններով»: Ուրեմն դպրեվանեցիին համար այս կոչը կը դառնայ իր հաւատքի դրօշակը` սիրել հայ ժողովուրդը: Մենք գիտենք` որպէս հոգեւորականներ, որպէս ժողովուրդին ծառայող մարդիկ, որ մեր ժողովուրդը զանազան խաւեր ունի, զանազան մտայնութիւններ ունի, զանազան հասկացողութիւններ եւ անհասկացողութիւններ ունի, բայց այդ բոլորը կը չքանան, երբ սէրը կը թագաւորէ եւ սէրը մեզ կը մղէ ծառայութեան: Մենք բնաւ չենք ըսեր, թէ ես որպէս դպրեվանեցի, որպէս հայ հոգեւորական կամ հայ մշակոյթի սպասարկու` մեր ժողովուրդի այս խաւին պիտի երթամ կամ այն խաւին, ես կ՛ուզեմ Միացեալ Նահանգներու մէջ ծառայել եւ ոչ` Գամիշլիի, այլ մեր ծառայութիւնը համատարած ու համապարփակ է, ուր որ ղրկուինք, հո՛ն կ՛երթանք: Դպրեվանեցին այդպէս կը կազմաւորուի, այդպէս իր ինքնութիւնը կը կերտէ:

Երկրորդ` ժամանակին այնքան բախտաւոր էինք, որ բազմաթիւ վանքեր ունէինք, եւ այդ վանքերը դպրոցներ էին, կրթարաններ էին, համալսարաններ էին` Տաթեւի վանքը, Գլաձորի վանքը, Սիսի վանքը: Այսօր մենք այդ վանքերը չունինք, մեր դարաւոր թշնամին` թուրքը, երբ հարուածեց մեր ժողովուրդը, մենք ոչ միայն մէկուկէս միլիոն նահատակ տուինք, ոչ միայն մեր հայրենիքը կորսնցուցինք, այլ նաեւ մենք մեր մշակութային եղեռնը ապրեցանք ու կ՛ապրինք մինչեւ այսօր: Այդ եղեռնը մեր ճարտարապետական կոթողներուն, մեր խաչքարներուն կորուստը չէր միայն, այլ նաեւ մեր կարողականութեան անճիտումն էր:  Այդ հասկացողութեամբ, այսօր, երբ մենք ունինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, ունինք Երուսաղէմի ժառանգաւորացը, Ս. Էջիմածնի հոգեւոր ճեմարանը, ասոնք մեզի համար հայ մարդը, հոգեւորականը, մշակութային սպասարկուն  պատրաստելու մէկական դարբնոցներ են: Ուրեմն մեր դպրեվանքները, եւ այս պարագային` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, թէ՛ մեր թեմակալ առաջնորդներուն կողմէ, թէ՛ մեր թեմերուն մէջ ծառայող միաբան հայրերուն կողմէ, թէ վանաբնակ հայրերուն կողմէ, թէ՛ մեր քահանայ հայրերուն կողմէ եւ թէ՛ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կողմէ գնահատուած եւ արժեւորուած մշակութային եւ կրթական հաստատութիւններ են: Այդ ակնոցով պէտք է նայինք մենք դպրեվանքին:

Երրորդ հանգամանքը այն է, որ երբ կ՛ըսեմ, թէ դպրեվանքը կը բաղկանայ երկու բաժիններէ, այդ բաժինները պատահականօրէն չեն ճշդուած: Առաջին բաժինը կը կոչուի ժառանգաւորաց. այսինքն այն տղաքը, որոնք դպրեվանք կը մտնեն, առաջին չորս տարիներուն ժառանգի մը տէր դառնալու պարտաւորութեան դիմաց կը գտնուին: Այդ ժառանգը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` մեր մշակութային եւ հոգեւոր գանձերը, նաեւ` ընդհանուր գիտութիւնն ու ուսումը, զոր պիտի ստանան: Այդ ժառանգին հետ հաղորդութեան մէջ մտնելու եւ այդ ժառանգը իւրացնելու ճիգին կը հրաւիրուին այդ տղաքը: Իսկ չորս տարի ետք կը կոչուին ընծայարանի սաներ, ուսանողներ. ուրեմն ընծայուելու, իրենք զիրենք ընծայելու հասունութիւնը, աճը կը սկսին ապրիլ: Եւ այդ մէկը արտայայտութիւն կը գտնէ, որովհետեւ մենք այդ տղոց մէջ կը սկսինք պեղել եւ լոյսին բերել այն կարողութիւնները եւ կարողականութիւնները, զորս ունին տղաքը: Ոմանք բանաստեղծութիւն կը սկսին գրել, ուրիշներ կը սկսին երաժշտական կտորներ յօրինել, ուրիշներ արձակ գրականութեան կը նուիրուին, ուրիշներ` քարոզախօսութեան, ուսումնասիրութեան եւ այլն: Այսպէս, կամաց կամաց կը սկսին իրենք զիրենք արտայայտել եւ ճառագայթել: Այդ բոլորը, որպէս ճիգ, մենք կը փորձենք թէ՛ ժառանգաւորացի, թէ՛ ընծայարանի տղոց գործերը համախմբել մեր տարեգիրքին մէջ, որ կը կոչուի «Գլաձոր», եւ տարուան աւարտին ըսել մեր ժողովուրդի զաւակներուն. «Դուք ձեր զաւակները տուիք մեզի, դուք ձեր նիւթականը տուիք մեզի, դուք ձեր բարոյական զոհողութիւնը տուիք մեզի, ահաւասիկ մեր տղաքը այս բոլորը, Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութենէն փոխ առնելով, իբրեւ խաչբուռ կը վերադարձնենք: Տեսէք, թէ ձեր տուածը ինչպէ՛ս հասունցաւ, հասկ կազմեց եւ կու գայ հարստացնելու ձեր հոգեւոր եւ իմացական սեղանները»:

«Ա.».¬ «Ազդակ»ի ճամբով ի՞նչ խօսք, պատգամ կամ կոչ ունիք փոխանցելիք մեր ընթերցողներուն:

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. Ա.¬ Բոլոր վերեւ յիշուածները կ՛իրականանան մարդով. իմ կոչս մեր ժողովուրդի զաւակներուն այն է, որ իրենց զաւակները, թոռները վստահին դպրեվանքին: Բոլորս ալ ժողովուրդէն եկանք եւ այսօր ուրախութեամբ կը վերադառնանք մեր ժողովուրդին` մեր ծառայութեան ճամբով: Դպրեվանք յաճախելը մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ծնողներուն, մեծ ծնողներուն պարտքն ու փառքն է միաժամանակ: Պարտաւորութիւն մը կայ մեր ուսերուն դրուած, բոլորիս` վեհափառ հայրապետէն մինչեւ մեր ժողովուրդի ամէն խաւի պատկանող զաւակները. մասնակցիլ դպրեվանքի հայ մարդու պատրաստութեան, կազմաւորման, կերտման, ինքնութեան հաստատման ճիգին, առաքելութեան: Այս բոլորը ընելու համար առաջին հերթին մեր զաւակները պէտք է ղրկենք դպրեվանք: Պէտք է այնպէս մը ըլլայ, որ մենք ունենանք ո՛չ միայն 10-20 դիմողներ դպրեվանք մտնելու, այլ` աւելի, որպէսզի մենք ալ կարենանք լաւ ընտրութիւն կատարել, զատել այս տղաքը եւ ըսել` ահաւասիկ ձեր դիմաց կը բանանք կարելիութեան հսկայ դաշտ մը, եկէք, վայլեցէք, կազմաւորուեցէք եւ վերադարձէք ձեր ծնողներուն, մեր մեծ ընտանիքին, որ մեր եկեղեցին է, մեր ժողովուրդն է, մեր ազգն է:

Այս առիթով դպրեվանքի մեծ ընտանիքին կողմէ` մեր սաներուն, տեսչութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն կողմէ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Ազդակ»ին, որ այս առիթը ստեղծեց, որպէսզի մենք մեր մտածումները, զգացումները եւ սպասումները արտայայտենք ու հասցնենք մեր ժողովուրդին` այն ակնկալութեամբ, այն յոյսով, որ մեր այս արտայայտութիւնները անպատասխան պիտի չմնան, եւ մեր ժողովուրդը պիտի ընդառաջէ մեր հրաւէրին ու իր զաւակները ղրկէ դպրեվանք:

Հարցազրոյցը վարեց`
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Ծանօթ. Դպրեվանքին հետ կապ հաստատելու համար ազնիւ ըլլալ հեռաձայնելու հետեւեալ թիւերուն` 04-980060 եւ 03-486946, եւ խօսիլ տեսուչ սրբազանին հետ:

Share this Article
CATEGORIES