ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԳԵՐԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՓԻՔԷ ԲԱՑԱԿԱՅ` ՓՈՐԹՈՅԻ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՄՐՑՈՒՄԷՆ

Ժերար Փիքէ

Պարսելոնայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ յետսապահ Ժերար Փիքէ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել ուրբաթ, 26 օգոստոսին, Փորթոյի դէմ տեղի ունենալիք Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքի մրցումին` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Նշենք, որ մրցումը տեղի պիտի ունենայ Մոնաքոյի մէջ (Ֆրանսա):

Իր երկրին` Սպանիոյ հետ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Փիքէ պիտի բացակայի նաեւ յառաջիկայ ամիս Չիլիի (բարեկամական) եւ Լիխթնշթայնի (Եւրօ-2012) դէմ տեղի ունենալիք մրցումներէն:

Share this Article
CATEGORIES