ԺԻՒՏՕ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԴԱՒԹԵԱՆ ՁԱԽՈՂԵՑԱՒ ՆՈՅՆԻՍԿ ՊՐՈՆԶ ՄԵՏԱԼԻՆ ՏԻՐԱՆԱԼ
Փարիզի մէջ տեղի ունեցող ժիւտոյի աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչը` Յովհաննէս Դաւթեան, ձախողեցաւ նոյնիսկ պրոնզ մետալի մը տիրանալ: 60 քկ դասակարգին մէջ հայ մարզիկը զիջեցաւ Ուքրանիան ներկայացնող Գէորգի Զանտարայայէն:
Դաւթեանէն առաջ ձախող արդիւնքներ արձանագրած էին նաեւ Արման Նազարեան (66 քկ) եւ Գայեանէ Յարութիւնեան (48 քկ):
Հայաստանի վերջին յոյսն էր Ժաննա Սթանքեւիչ (57 քկ), որ սակայն երէկ իր կարգին ոչինչ իրագործեց:
CATEGORIES Մարզական

