ՃԱՏՐԱԿ. ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՊԻՏԻ ՉՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ
Հայրենի ճատրակի կրանտ-մասթըր Վլատիմիր Յակոբեան իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել 28 օգոստոսին Խանթի Մանսիսքի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունենալիք ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին: Քանի մը օր առաջ ան սահելով կոտրեց իր ոտքը:
Վիրաբուժութենէն ետք բժիշկները Յակոբեանին թելադրեցին, որ նուազագոյնը քանի մը շաբաթ ճամբորդութիւն չկատարէ:
Այսպիսով, ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին Հայաստան պիտի ունենայ միայն երկու ներկայացուցիչ` Սերկէյ Մովսիսեան եւ Արման Փաշիքեան:
CATEGORIES Մարզական
