ԱԹԼԵԹԻԶՄ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՔՈՐԷԱ
27 օգոստոսէն 4 սեպտեմբեր Տայֆու (Հարաւային Քորէա) քաղաքը պիտի հիւրընկալէ աշխարհի աթլեթիզմի 13-րդ ախոյեանութիւնը:
Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան, սակայն միայն մարզիկով մը` Ահմետ Հազեր: Հարաւային Քորէա մեկնած պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Նաամթալլա Պաժժանի:
Ախոյեանութեան զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ նաեւ Աթլեթիզմի միջազգային ֆետերասիոնին համագումարը, որուն ընթացքին պիտի ընտրուին միջազգային նոր ֆետերասիոնին վարչութեան անդամները:
Այս համագումարին պիտի մասնակցի նաեւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ապտալլա Շեհապ:
CATEGORIES Մարզական