27 ԵՒ 28 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ ՌՈՒՊԱ ՊԸՍԷՅՊԵՍԻ ԱՆՈՒԱՆ ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ 2-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ 27-28 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Ռուպա Պըսէյպեսի անուան փինկ փոնկի 2-րդ միջազգային մրցաշարքը` 21 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ:
Մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆալուղայի մէջ, պիտի մասնակցին Եգիպտոսէն, Յորդանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն եւ Լիբանանէն մարզիկներ` հետեւեալ ձեւով.
Աւօ Մունջողլեան, Մէյսա Պըսէյպես (Ա. խումբ), Մոհամետ Պահժաթ, Հալա Ուըհպէ (Բ. խումբ) եւ Ահմետ Հարպ, Լիզ Հաժ Նիքոլա (Գ. խումբ):
Բացման մրցումին իրարու դէմ պիտի ճակատին Լիբանանի ախոյեան Ռիթա Պըսէյպես եւ Կիպրոսի ախոյեան Լուիզա Քուրիա:
CATEGORIES Մարզական