ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻՆ

Զօր. Քահուաժի եւ երեսփոխան Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ` վերջինիս Եարզէի գրասենեակին մէջ:

Տեսակցութեան ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները եւ այս իմաստով ներքին ճակատը ամուր պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Բագրատունի վեր առաւ երկրի զգայուն այս կացութեան մէջ բանակի կարեւոր դերակատարութիւնը յատկապէս ազգային միասնականութեան, անդորրութեան եւ ապահովութեան պահպանման տեսակէտէն:

Քննարկուեցան նաեւ բանակի յաւելեալ ուժեղացման եւ առաւելագոյն չափով թէ՛ սպայակոյտի եւ թէ՛ այլ մարզերու պարագային լայն կարելիութիւններու օգտագործման անհրաժեշտութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES