ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ ԱՌԿԱԽՈՒԵՑԱՒ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ առկախեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը` երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով:
Պըրրի յայտնեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին առկախումին պատճառը այն է, որ ժողովը կարելի չէ օրինաւոր նկատել միայն 52 երեսփոխաններու ներկայութեամբ. ան աւելցուց, որ օրէնսդրական նիստին ընթացքին կառավարութիւնը ներկայացուցած է նախարար Նիքոլա Ֆաթթուշ:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այցելեց խորհրդարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահին հետ: Հանդիպումէն ետք Միքաթի շեշտեց, որ նիստին ընթացքին կառավարութեան մաս կազմող նախարարներուն միասնականութիւնը եղած է ամբողջական եւ տիրած է դրական մթնոլորտ, որուն ծիրին մէջ համաձայնութիւն գոյացած է ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին քննարկումը շարունակելու:
Վարչապետը հաստատեց, որ կառավարութիւնը կազմուած է ծառայելու համար երկրին ու լիբանանցիներուն` աւելցնելով, որ այնքան ատեն որ կառավարութիւնը ժողովուրդին կը ծառայէ, ապա անիկա գոյութիւն ունի: