50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (26 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ՏԵՍԱՅ

«ԱՆՁԻՆՔ ՆՈՒԻՐԵԱԼՔ»Ը

Ի՞նչ աւելի ցանկալի բան կայ Հայաստան այցելողի մը համար, քան երթալ ուխտի` ամենանուիրական շիրիմներուն անո՛նց, որոնց վարդագոյն արիւնովն է, որ առաջին անգամ ներկուած է Հայաստանի հողը եւ այդ մարտիրոսական մահով պտղաբերուած է քրիստոնէական կեանքը նոյն այդ հողին վրայ:

Սրբուհի Հռիփսիմէ, Սրբուհի Գայեանէ: Մէկ բառով` «Հռիփսիմէանք» «Անձինք նուիրեալք»…: Ներկայ Հայաստանի մէջ են անոնց վկայարանները: Վաղարշապատ-Էջմիածնի շրջապատին մէջ: Երբ Երեւանէն Էջմիածին կը մեկնիս, աջդ է Ս. Հռիփսիմէն եւ ձախդ` Ս. Գայեանէն:

Վազգէն Ա.  կաթողիկոսին քովն էի գացած, ուր կը գտնուէր Եդուարդ Իւթիւճեան, վկայուած ճարտարապետ Փարիզի համալսարնէն եւ ներկայացուցիչ «Կիւլպենկեան» հաստատութեան,  Հայաստանի մէջ: Վեհափառը հաճեցաւ անձամբ մեզ առաջնորդել Շողակաթի եւ Գայեանէի եկեղեցիները: Առաջինը փակ էր, մտանք Ս. Գայեանէ: Ու աչքիս առջեւ պարզուեցան հայ պատմագիրին խօսքերը` Հռիփսիմեանց վկայարաններուն շինութեան առիթով. «… Իւրաքանչիւր ընթացան պատրաստել զնիւթն… ոմն վէմ, ոմն քար, ոմն աղիւս, ոմն զմայր փայտն… եւ կանանւոյն անգամ սատարեալ ըստ իւրեանց տկարութեան կանացի ուժոյն: Եւ այսպէս հասարակ գործեցին զգործն հաւատովք… Ինքն Գրիգորիոս զլար ճարտարութեան շինողացն ի ձեռն առեալ զիրանելեացն վկայարանն հանգստանացն հիմունս յօրինեալ… կանգնեալ ետիս վկայարանս, մի ի հիւսիսոյ յարեւելից կողմանէ քաղաքին, ուր վկայեաց սանականն Հռիփսիմէ երեսուն եւ երեք ընկերօք: Եւ զմիւսն շինեցին ի հարաւակողմ կուսէ անտի, ուր վկայեաց Գայեանէ….» (Ագաթանգեղոս, Պատմութիւն Հայոց, էջ 565-6):

Սեբէոս (Է. դար) կը պատմէ թէ Կոմիտաս կաթողիկոս «շինեաց չհանգստարան Սրբոյն Հռիփսիմեայ գեղեցկադիր շինուածքով, քանզի խարխալեալ իր առաջին շինուածն Սրբոյն Սահակայ», եւ Եզր կաթողիկոս «… Ընդարձակեաց զվկայարան Սրբոյ Գայեանեայ» (Պատմութիւն Սեբէոսի, Թիֆլիս 1913, էջ 272-273, 297):

Իսկ Կիրակոս Գանձակեցի (ԺԳ. դար) կ՛աւանդէ, որ «Կոմիտաս (կաթողիկոս) շինեաց զսուրբ Տիկնոջն Հռիփսիմեայ զվկայարանն պայծառ եւ հրաշալի, զի խրթին էր առաջին շինուածն գտանէ ի նմին զնշխարս ոսկերաց որբոցն, կնքեալ մատանեաւ սրբոյն Գրիգորս եւ սրբոյն Սահակայ – եւ ոչ իշխեաց բանալ, այլ իւրով մատանեաւն կնքեալ ամփոփէ անդէն, արարեալ երգս շարականաց սրբոցն հայերէն այբուբենօք, որոյ սկզբն է` «Անձինք նուիրեալք» (Կիրակոսի Վ.ի Գանձակեցւոյ: Պատմութեան Հայոց, Թիֆլիս 1909, էջ 52):

«Ս. Հռիփսիմեանց» նուիրուած շարականը` «Անձինք նուիրեալք», գեղեցկագոյն զարդը կը կազմէ հայ շարակնոցին թէ՛ իր բնագրով եւ թէ իր եղանակով: Հայերէն այբուբենի 36 գրերը տնագլուխ կը կազմեն կրօնաւան բանաստեղծութեան այս գոհարին: Աւելորդ չ՛ըլլար տալ միայն երկու տուն:

Անձինք նուիրեալք սիրոյն Քրիստոսի,
Երկնաւոր նահատակք եւ կուսանք իմաստունք:
Ի պարծանս ձեր բարձրացեալ տօնէ
Մայր Սիոն դստերօքն իւրովք:
Հռիփսիմէ, մեծ խորհուրդ եւ անուն
ցանկալի,
Ընտրեալ ի յերկրի եւ դասեալ ընդ հրեշտակս.
Եղեր օրինակ սրբութեան կուսանաց,
Վարդապետութիւն արանց արդարոց:

Միայն Գանձակեցին է, որ կը յիշէ շարականիս հեղինակը, Կոմիտաս կաթողիկոս (Է. դար):

Ս. Հռիփսիմէի ներկայ եկեղեցին 620-ին շինուած է, իսկ Ս. Գայեանէինը 630-էն է:

Հ. ԵՓՐԵՄ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES