ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ-ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ ԵՒ ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔՆԵՐ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ` ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

ԽՕՍԱԿՑԱԿԱՆ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ
ԲԻՒՐԵՂԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒՄ
– ԽՆԴԻՐԱՅԻՆ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐ (PROBLEMATIQUES) ԵՒ ԵԼՔԵՐ

Արեւմտահայերէնի կացութիւնը եւ տագնապը` միաժամանակ Արեւմտահայու՛ն կացութիւնն ու տագնապն  են: Այս է մեկնակէտը եւ թէզը հակիրճ խօսքիս: Այսինքն, իմ կարծիքովս` այս համագումարի նիւթին կորիզը Արեւմտահայ վիճակին եւ ինքնութեան հարցն է:

Որովհետեւ հիմնականին մէջ լեզուն արտայայտութեան միջոց է եւ իբրեւ այդպիսին` չէ՛ «ինքն-իր-մէջ» անկախ գոյացութիւն: Անիկա հետեւանքային երեւոյթ է` կապուած իրողութեանց  եւ պայմանաւորուած տեղի, ժամանակի եւ այլ իւրայատուկ պայմաններու: Ուրեմն, նկատի առած արեւմտահայ զանգուածին գրեթէ հազարամեայ պատմութիւնը մեծ տարածութեանց վրայ, Սեւ ծովէն մինչեւ Հնդկաստան, Կիլիկիա, Սուրիա, Եգիպտոս, Եւրոպա եւ Ատլանտեանէն ալ անդին, լայն ընդհանրացումները կրնան ըլլալ վերացական եւ անօգուտ: Պէտք է կեդրոնանալ մասնաւոր պարագաներու եւ ժամանակներու վրայ:

Նաեւ ճիշդ չէ մեկուսացնել լեզուի հարցը` առանց նկատի առնելու արեւմտահայ  իրականութեանց ներքին-սիսթեմիք ազդակները: Առանց այս հարցերուն ախտաճանաչումին` դժուար է մտածել արեւմտահայերէնը վերականգնելու միջոցներուն մասին կամ գրել «դեղագիրներ»:

Հետեւաբար իմ մօտեցումս «խնդիրային» է, այսինքն պիտի փորձեմ բնորոշել արեւմտահայերէնի հարցին այն խնդիրային տարածքները (problematiques) կամ հանգոյցները, որոնք ուղղակիօրէն կ՛առնչուին արեւմտահայ վիճակին: Մասնագիտութեանս եւ գրականութեանս անհրաժեշտութեամբ` վերլուծումի գործիքներս  պատմա-փիլիսոփայական են, իսկ քննութեանս անմիջական առարկան ամերիկահայ կացութիւնն է` ըստ վերջին տասը տարիներու իմ փորձառութեանս: Հայագիտական նիւթեր դասաւանդեցի եւ դասախօսեցի Քոլումպիա, Միշիկըն, Շիքակօ, Հարվըրտ եւ Եու. Սի. Էլ. Էյ համալսարաններուն, Ս. Ներսէս ընծայարանին եւ աւելի քան երեք տասնեակ անգամներ` հայկական կեդրոններու մէջ: Այլապէս, եղայ հանդիսատեսը եւ վկան արեւմտահայ կացութեան Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Արեւմտահայերէնի հարցին problematique-ները կամ 6 «խնդիրային տարածքներն» են.-

1.- Գոյութենական (existential) Խնդիրը
2.- Գծիկեալ-բարդ ինքնութեան եւ աշխարհաքաղաքացիութեան խնդիրները
3.- Իմացաբանական (epistemological) կամ պատմական գիտելիքի խնդիրը
4.- Հայ մտաւոր եւ գիտական մշակոյթին մասնագիտական լեզուի խնդիրը
5.- Հայագիտական ուսմանց կեդրոններու եւ ամպիոններու խնդիրը
6.- Մշակութային քաղաքականութեան կամ դիւանագիտութեան խնդիրը

1. Գոյութենական (existential) խնդիր

Այն է, թէ այսօր արեւմտահայերէնը կը նկատուի՞ արեւմտահայ ինքնութեան բաղկացուցիչ եւ կենսական տարրը: Պատասխանը ժխտական է: Գործնականապէս լեզուն դադրած է մաս կազմելէ այդ ինքնութեան: Քիչ բացառութիւնով` ամէն առիթի լսեցի պատճառաբանութիւններ, թէ կարելի՛ է, եւ ինչու՞ չէ, ըլլալ «լաւ հայ»` առանց հայերէն գիտնալու: Օրինակ`  Ուիլլիըմ Սարոյեանը, Ամերիկայի հրեայ ազգայնականները, եւ այլն: Գործնականապէս այսօր կայ հայ ինքնութեան եւ գոյութեան նոր հասկացողութիւն եւ սահմանում:

Եւ իբրեւ արդիւնք` հաստատուած է օտարալեզու հայկականութեան օրինականութիւնը:

Պատճառները բազմաթիւ են, որոնց ամէնէն հիմնականը, ըստ իմ ախտաճանաչումիս, արեւմտահայ պատմութեան եւ մշակոյթին մասին գիտելիքի եւ տեղեկութեան գրեթէ բացարձակ բացակայութիւնն է:

Աւելի քան երկու հազարամեակներու հայ պատմութենէն միայն Մեծ եղեռնի մասին հեռաւոր գաղափար մը եւ կսկիծ մը կը կապեն ամերիկահայը իր պատմութեան: Այսինքն, կրօնին եւ ազգային արժէքներու կարգին, լեզուն այլեւս չունի այն գոյութենական դերը, որ աւանդն է Ե. դարուն:

Արեւմտահայերէնը հայ մշակոյթին ու հոգիին լեզուն չէ, այս է գոյութենական խնդիրը:

2. Գծիկեալ-կրկնակի ինքնութեան եւ աշխարհաքաղաքացիութեան խնդիրներ

Ասոնք կան ինչպէս ամէն տեղ: Այսպէս արեւմտահայը «Ամերիկացի- գծիկ- հայ» է, նախ առաջինը, ապա երկրորդը: Քիչեր են անոնք, որոնք գիտակցաբար կ՛ուզեն, կը փորձեն կամ կը յաջողին գտնել հաւասարակշռութեան եզր եւ զարգացնել բաղադրեալ անհատականութիւն մը` առանց զոհ տալու լեզուն եւ պատմութեան մէջ արմատ նետած ինքնութիւն մը: Նարեկացին, նոյնիսկ հայուն Աստուածը այլեւս անգլիախօս են, եւ ոչինչ կայ զարմանալի: Բողոքել` կը նշանակէ նեղմտութիւն, արմատականութիւն, տեսակ մը նեղացուցիչ զարտուղութիւն:

Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներու մէջ, եւ իմ սերունդիս համար գոնէ, կարելի եղաւ պահել բաղադրեալ ինքնութիւն եւ հպարտանալ անոր վաւերականութեամբ: Փոխուած են պայմանները եւ հոս տեղը չէ բաղդատութեանց:

Յ. Իմացաբանական (epistemological) կամ պատմական գիտելիքի խնդիր

Ինչպէս յիշատակեցի, կայ իմացաբանակա՛ն հարց մը, որ պատմական գիտելիքի պակասն է: Իմ կարծիքովս եւ փորձառութեանս վրայ հիմնուած` մաքուր եւ գեղեցիկ արեւմտահայերէնը սորվելու եւ բիւրեղացնելու  գործընթացին մէջ ազգային պատմութեան մասին տեղեկութիւնը անհրաժեշտ է իբրեւ կամուրջ, միջոց եւ բովանդակիչ:

Սակայն, անկախ հետաքրքրական եւ գրաւիչ բովանդակութենէ, լեզուն դատապարտուած է ըլլալ մակերեսային եւ անկարեւոր: Հայ վարժարաններու, շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ  դպրոցներու աշակերտները, նաեւ հայերէն սորվող չափահասները շատ տարբեր չեն իրարմէ: Անգլերէնն է բոլորին «բնիկ»  լեզուն` թէ՛ խօսակցական եւ թէ՛ գրաւոր: Իսկ արդէն կիս-կատար եւ խառն հայերէնը

(եկած` կիսագրագէտ կամ արեւելահայ դասատուներէ), շուք մըն է իրենց յիշողութեան լուսանցքին վրայ:

Այսօր կատարուած իրողութիւնը այն է, որ գոնէ Ամերիկայի մէջ արեւմտահայը անտեղեակ է իր պատմութեան եւ հետեւաբար անտարբեր` անոր նկատմամբ: Մարդիկ, որոնք ի պաշտօնէ պէտք է որ գիտնան քիչ մը պատմութիւն, անգէտ են եւ,  աւելին, բացէ ի բաց կը ջատագովեն անլեզու եւ անբովանդակ հայկականութիւն մը եւ անգլերէ՛ն լեզուով:

Առաջարկս հետեւեալն է. պէտք է լեցնել արեւմտահայուն եւ իր պատմութեան միջեւ հետզհետէ մեծցող իմացական անջրպետը գիտութեամբ, որպէսզի հայը ուզէ ի՛ր լեզուին միջոցով կամրջուիլ իր պատմական ինքնութեան: Կան հանրային կրթութեան բազմաթիւ ձեւեր:

Իմ փորձերուս վրայ հիմնուած, արեւմտահայերէնի ներշնչողական օգտագործումը, այսինքն անոր գեղեցկութեան համտեսումը կրնա՛յ տալ շօշափելի արդիւնք, բայց պէտք է սկսիլ փոքր տարիքի երեխաներէ: Չափահաս ուսանողներուս եւ շրջապատիս վրայ Եղեռնի, որ իրենց միակ գիտելիքն է, գրողներուն, ինչպէս` Սիամանթոյի, Վարուժանի  եւ անոնց ժամանակակիցներուն ամէնէն ցնցող գործերը վատնուեցան, կարծես թէ ըլլային չինարէն:

Նոյնիսկ եթէ բառերը մէկ առ մէկ բացատրուին,  կը մնայ որոշ մտայնութեան մը վիթխարի պատուարը. ինչո՞ւ յոգնիլ մահամերձ լեզուի մը վրայ, որ դուրս եկած է գործածութենէ … շնորհակալութեան խօսք` այս ուղղութեամբ մահազդներ տարածողներուն:

4. Հայ մտաւոր եւ գիտական մշակոյթին մասնագիտական լեզուի խնդիր

Ասիկա կը տարածուի ընկերային, մարդկայնական,բժշկական, բնական, թուաբանական եւ այլ գիտութեանց  մէջ: Պատճառաբանութիւնները  եւ պատճառներն են. այս ուսմանց մէջ զարգացած դասակարգին օտար դաստիարակութիւնը, հայ դպրոցներու  մէջ այս նիւթերուն օտար լեզուներով դասաւանդութիւնը, արեւմտահայերէն եզրերու պակասը, ընթերցող հասարակութեան հարցը, հրատարակութեանց չգոյութիւնը եւ այլն:  Հոս կու գայ հայագիտական ուսմանց կեդրոններու եւ ամպիոններու գործունէութեան եւ պատասխանատուութեան խնդիրը:

5. Հայագիտական ուսմանց կեդրոններու եւ ամպիոններու Խնդիր

Ներկայիս` Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը գործեն մօտ 16 հայագիտական ամպիոններ` հաստատուած վաթսունականներէն սկսեալ: Կան քանի մը կեդրոններ, ինչպէս «Զօրեան», «Զօհրապ», «Նաասր», եւ այլն: Միասնաբար այս ամպիոնները ցարդ տուած են յիսունէ պակաս տոքթորի աստիճան ունեցողներ, որոնց մեծ մասը տառացիօրէն անգործ է: Անձնապէս գտնուած եմ ասոնցմէ տասին մէջ գոնէ եւ ոչ մէկ տեղ լսած եմ արեւմտահայերէնով տրուած դասեր, քիչ բացառութիւններով: Այսինքն արեւմտահայերէնի հարցը գոյութիւն չունի իրենց համար: Արդէն վերջին տասը տարիներու ընթացքին կարգ մը կեդրոններ յատկացուեցան Ճէնոսայտ /Հոլոքոսթ Ըսթատիս-ի, անշուշտ անգլերէնով, եւ ի վնաս բոլոր տարբեր նիւթերուն:

Յաճախ կը մոռցուի, որ այս ամպիոնները ունին շատ կարեւոր առաքելութիւն մը եւ պարտաւորութիւն մը. տարածուիլ հայագիտութեան եւ լեզուի ամբողջութեան վրայ եւ հասցնել մտաւոր մշակոյթը ժողովուրդին` զայն ընելով հանրային սեփականութիւն: Կան նիւթական կարելիութիւնները եւ միջոցները, բայց չկան մտահոգութիւնը եւ «մշակութային քաղաքականութիւնը կամ դիւանագիտութիւնը»:

Վեցերորդ եւ վերջին կէտը:

6. Մշակութային քաղաքականութեան կամ դիւանագիտութեան խնդիր

Միամիտ չենք հաւատալու համար, թէ ընկերային վիճակներ կը պատահին մեքենականօրէն կամ բնութեան օրէնքով: Ճիշդ չէ, որ Ամերիկա գացողը կ՛ըլլայ ամերիկացի:Միշտ ալ կայ «մշակութային դիւանագիտութիւն» մը, խօսքերը եւ յայտարարութիւնները միայն փոշի են:

Գոնէ Միացեալ նահանգներուն մէջ այսօր կան ծրագիր եւ աշխատանք` ստեղծելու կատարուած իրականութիւն մը, իբրեւ հողը նո՛ր հայկական վիճակի մը: Անիկա ամբողջովին աննպաստ է թէ՛ արեւմտահայ եւ թէ՛ հայ պատմական ընթացքին եւ տրամաբանութեան.  արեւմտահայերէնը իր առաջին եւ դիւրին զոհն է: Յայտնի են այս դիւանագիտութեան ճարտարապետները եւ գործադիրները:

Հակազդելու միակ կերպը նախ գիտակցիլ է անոր շօշափելի գոյութեան, ապա` պայքարիլ հակածրագիրներով, ինչպէս կ՛առաջադրէ  այս համագումարը` իբրեւ սկզբնաւորութիւն:

ՓՐՈՖ. ՍԵԴԱ Պ. ՏԱՏՈՅԵԱՆ

Նիւ Եորք

Share this Article
CATEGORIES