ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔԵՐ

Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած համասփիւռքեան կրթական Գ. համագումարին առիթով Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագիր Ռ. Հատտէճեան եւ փոխ-խմբագիր Մաքրուհի Յակոբեան ուղղած են իրենց ողջոյնի խօսքերը, զորս կը հրատարակենք ստորեւ:

Սիրելի բարեկամներ,

Սիրով ու երախտագիտական զգացումներով կ՛ողջունեմ ձեզ, դուք, որ հոն հաւաքուած էք ձեր գուրգուրանքին արժանի դարձնելով մեր սիրելի արեւմտահայերէնը: Հիմա, սա պահուն, բոլորս ալ միասին կը նկատուինք եւ մեր սիրտերը կը միացնենք իրարու` համայնական ճիգով նայելու համար, թէ ի՛նչ կրնանք ընել, որպէսզի բաներ մը փրկենք արեւմտահայերէնի ապագային ի նպաստ:

Կրնա՞նք իրաւ ալ բաներ մը ընել արդեօք: Կրնա՞նք քիչ մը թարմ օդ ու կենսունակութիւն շահեցնել այն սքանչելի լեզուին, որուն դուք եւ մենք նուիրած ենք գրեթէ մեր ամբողջ կեանքը: Գաղտնիք չէ, որ այս սքանչելի լեզուն, որ կերտուած է մեր նախնիներուն քրտինքով ու արիւնով, եւ որուն մէջէն մեր ժողովուրդին տաղանդաւոր զաւակները այնքան շնորհ շահեցուցած են մեր ազգային մշակոյթին, այս սքանչելի լեզուն ուրեմն դարձեալ կ՛ապրի իր ամէնէն տագնապալից շրջաններէն մէկը:

Մեզի համար ի՜նչ ողբերգութիւն է, ի՜նչ տառապանք է տեսնել, որ մեր ժողովուրդը կռնակ դարձուցած է իր մայրենիին ու ջուր կը խմէ միայն օտար աղբիւրներէ: Մեզի համար ի՜նչ տառապանք է տեսնել, թէ օտարախօսութիւնը կը ճզմէ ու կ՛անցնի մեր Մեսրոպեան ժառանգութիւնը, Սուրբ Մեսրոպն անգամ կ՛օտարացնէ հայ խոշոր զանգուածներու աչքին:

Մեզի համար ի՜նչ տառապանք է հայ մարդու մը դիմաց նստիլ ու անոր հետ չկարենալ  խօսիլ մեր զուլալ հայերէնով:

Մեզի համար ի՜նչ տառապանք է տեսնել, թէ օտարալեզու բոլոր հայկական հրատարակութիւնները օրէ օր կը ծաղկին, կ՛ուռճանան, կը հարստանան, մինչ հայատառ հրատարակութիւնները օրէ օր կը տկարանան, կը խոնարհին, մահուան սեմին կը մօտենան:

Մեզի համար ի՜նչ տառապանք է տեսնել, որ օտարալեզու հայ գրագէտները նիւթական ու բարոյական փառաւոր յաղթանակներ կ՛արձանագրեն, մինչ հայալեզու գրագէտները կը լքուին իրենց բախտին կամ քանի մը մեկենասներու մասնակի զօրակցութեան:

Եւ ինծի նման հայ խմբագրի մը համար, որ ամբողջ կեանքին մէջ մէկ նպատակ միայն ճանչցաւ, այդ է` ծառայել հայ գրականութեան կամ մամուլին, ի՜նչ տառապանք է տեսնել, որ այլեւս մի առ մի կը մեկնին հայ մշակոյթին հայախօս ու հայագիր հերոսները ու հրապարակը տակաւ կ՛ամայանայ, քանի որ չկան մեկնողներուն յաջորդները:

Սիրելինե՛ր, մենք սիրով պիտի զոհենք` ինչ որ ունինք, որպէսզի բաներ մը փրկենք այս կործանարար գնացքէն: Հազա՛ր շնորհակալութիւն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մշակութասէր ու ազգասէր Արամ վեհափառ հայրապետին, որ գիտենք, թէ սրտանց կը բաժնէ մեր ցաւերն ու մտահոգութիւնները եւ կը սրտապնդէ մեզ մեր առաքելութեան մէջ: Հազա՛ր շնորհակալութիւն` «Կիւլպէնկեան» հիմնարկին, որ իր սրտապնդիչ հովանաւորութեան տակ կ՛առնէ այս ձեռնարկը: Հազա՛ր շնորհակալութիւն` ձեզի, իւրաքանչիւր մասնակիցիդ, դուք, որ գիտէք, թէ ձեր կեանքին չափ արժէքաւոր կը նկատէք մեր հրաշալի արեւմտահայերէնը: Բայց, սիրելինե՛ր, պիտի թողո՞ւնք, որ գերեզման դրուի Դանիէլ Վարուժաններու ու Միսաք Մեծարենցներու հոյակապ ժառանգութիւնը:

Կը հաւատամ, որ հայոց Աստուածը մեզ առանձին պիտի չթողու մեր սրբազան նոր պայքարին մէջ, որ է, փրկել  արեւմտահայերէնի ապագան:

Յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեր բոլորին:

Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Գրող
«Մարմարա» օրաթերթի խմբագիր

 

* * *

 

Անցեալ տարի, ընդառաջելով կատարուած հրաւէրի, մասնակցած էի անթիլիսական աթոռի շնորհազարդ կաթողիկոս Ա.-ի հովաւորութեամբ կազմակերպուած եւ հայ կիներու նուիրուած համաժողովին, ականատես դառնալով այն կարգապահ, լուրջ եւ գիտակից աշխատանքին, որ գործադրուած էր համաժողովի երեք լման եւ արդիւնաւոր օրերու ընթացքին: Վայելած էի Պէյրութէն եւ զանազան երկիրներէ ժամանած մտաւորական բարձրարժէք ընկերուհիներու մտերմութիւնը` զգալով անպատմելի բերկրանք եւ բաւարարութիւն:

Այս տարի եւս շատ պիտի փափաքէի ներկայ գտնուիլ մեր մայրենիի պահպանութեան եւ փառաբանութեան նուիրուած այս համաժողովին, շնչել մայրավանքի շնորհառատ մթնոլորտը, մէկտեղուիլ մեր մեծասքանչին սիրահար եւ մեր մշակոյթին վրայ գուրգուրացող սիրելի դէմքերու հետ եւ լիանալ կրկին հոգեկան հարուստ ապրումներով: Դժբախտաբար, սակայն, Հայաստան այցելելու ստիպողութեան պատճառով, այս տարի չկարողացայ ընթացք տալ կատարուած այս պատուաբեր հրաւէրին եւ չափազանց կը ցաւիմ ատոր համար:

Այս առիթով իմ որդիական յարգանքն ու ակնածանքը կը մատուցանեմ Կիլիկիոյ աթոռի արժանընտիր կաթողիկոս Արամ Ա.-ին, նաեւ կարօտալի ողջոյններս կը փոխանցեմ համաժողովին մասնակից իմ բոլոր հին ու նոր մտաւորական ազգակիցներուս` մաղթելով յաջողութիւն իրենց որդեգրած այս սուրբ պարտականութեան մէջ:

ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Փոխ-խմբագիր Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի

Share this Article
CATEGORIES