ԱԶԱՏ ԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԵՑԱՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՈՒՄԲ
Լեհական Մլաւիանքա խումբին մաս կազմող հայ պատանի ֆութպոլիստ Ազատ Գալստեան 1994-ի ծնունդ խումբէն տեղափոխուեցաւ մեծերու գլխաւոր խումբ, յայտնեց ակումբին հրապարակած պաշտօնական մէկ յայտարարութիւնը:
Իր կարգին, յառաջապահ դիրքի վրայ դաշտ ներկայացող Գալստեան (որ ունի 180 սմ բարձրութեամբ հասակ), իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ. «16 տարիէ ի վեր կը բնակիմ Լեհաստանի Մլաւա քաղաքին մէջ: Պատանիներու խումբէն զիս հրաւիրեցին գլխաւոր խումբ: Ինծի համար երազ մըն է օրին մէկը Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականներէն որեւէ մէկուն մաս կազմել»:
Նշենք, որ Մլաւիանքա մաս կը կազմէ Դ. դասակարգին:
CATEGORIES Մարզական