ԹԱՂԱՅԻՆ ՄԱՐՏԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԱՆՕԴԱՉՈՒ ԹՌՉՈՂ ՍԱՐՔ ՄԸ

«ՄԻԿնիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած անօդաչու սարքեր արտադրող ընկերութիւններու խորհրդաժողովին ընթացքին «Իսրայէլ Էյրոսփէյս Ինտասթրիզ» ընկերութիւնը ներկայացուցած է իր նոր գիւտը` «Կոսթ» մանր անօդաչու թռչող սարքը, որ յատուկ պատրաստուած է թաղային կռիւներու համար:

Ընդամէնը 4 քիլոկրամ կշռող սարքը թաղային մարտերու ընթացքին կը հաւաքէ հետախուզական բնոյթի տեղեկութիւններ: Երկու զինուորներ կրնան սարքը պայուսակով տեղափոխել:

Share this Article
CATEGORIES