ԻՐԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԷՄ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՅՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է
Իրան «Ռուսական հակաօդային «Սի.-300» համակարգերը Թեհրանին մատակարարելու մասին» համաձայնագիրը չկատարելու առնչութեամբ Ռուսիոյ դէմ դատական հայց ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարան:
Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպան Մահմուտ Ռեզա Սաճատի կը յայտնէ, որ «մենք կը կարծենք, որ «Սի.-300»ի մատակարարումը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւի սահմաններէն դուրս չէ: Մենք դատական հայց ներկայացուցած ենք, որպէսզի դատարանի որոշումը Ռուսիոյ այդ մատակարարումը կատարելու օգնէ. որպէսզի Ռուսիան իրաւաբանական յաղթաթուղթ ունենայ»:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ 22 սեպտեմբեր 2010-ին ստորագրած էր «9 յուլիս 2010-ի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1929 բանաձեւի կատարման միջոցառումներուն մասին» հրամանագիրը, ըստ որուն, մասնաւորաբար արգիլուած է Իրանին հակաօդային «Սի-300» համակարգերու մատակարարումը: