ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՇՏԱՊԷ ՊԱՔՈՒԻ ՀԵՏ ԿԱԶԻ ԱՌԱՔՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ԿՆՔԵԼՈՒ

Թաներ Եըլտըզ

Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիա կ՛ուզէ մինչեւ սեպտեմբերի վերջը ազրպէյճանական Շահ Տենիզ հանքահորէն կազի առաքման շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերել: Կը նախատեսուի Շահ Տենիզէն Թուրքիա տարեկան վեց միլիառ խորանարդ մեթր կազ մատակարարել եւ Թուրքիոյ ճամբով 10 միլիառ խորանարդ մեթր կազ առաքել դէպի Եւրոպա:

«Ես մեր գործընկերներուն խորհուրդ տուած եմ շտապել: Մենք կ՛ուզէինք տակաւին աւելի կանուխ համաձայնագիր ստորագրել: Մենք` Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, կարելի ամէն բան ըրած ենք: Այդ նախագիծը արագացնելու համար անհրաժեշտ է ստորագրել այս համաձայնութիւնը»:

Միւս կողմէ, Թուրքիա Ռուսիայէն կը պահանջէ կազի գիները նուազեցնել, ատիկա նկատելով Ուքրանիոյ տարածքէն անցնող տարեկան վեց միլիառ խորանարդ մեթր զօրութեամբ կազատարի շուրջ համաձայնութեան համար կարեւոր պայման:

Համաձայնութեան ժամկէտը աւարտած է յունիսին, եւ Թուրքիա ու Ռուսիա որոշած են մինչեւ օգոստոսի վերջը կազատարի ապագային շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:

Եըլտըզ նշած է, որ Անգարա այդ կազատարին վերաբերեալ շարք մը պահանջներ ունի, սակայն թէ անոնց ո՛ր մասը պիտի գործադրուի, առայժմ յստակ չէ:

Share this Article
CATEGORIES