ՀԱՔՔԻԱՐԻԻ ՄԷՋ ԱԿԱՆԱՀԱՐՈՒՄԻ ՄԸ ՊԱՏՃԱՌՈՎ 15 ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԵՑԱՆ

Ականահարումին վայրը

Թրքական պաշտօնական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Հաքքիարի նահանգին մէջ փոքր փոխադրակառքի մը ականահարումին պատճառով 15 թուրք զինուորներ վիրաւորուած են:

Հաքքիարիի կառավարիչ Մուամմար Թիւրքեր յայտնեց, որ որեւէ կազմակերպութիւն գործողութեան պատասխանատուութիւնը չէ ստանձնած: ՔԱԿ-ի զինեալները թրքական բանակին դէմ իրենց յարձակումներուն թափ տուած են եւ այս ամսուան ընթացքին աւելի քան 40 թուրք զինուորներ սպաննած են: Թրքական բանակը հակադարձելով ռմբակոծած է Հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող ՔԱԿ-ի դիրքերը:

Հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանի նախագահ Մեսուտ Պարզանի անհանգստութիւն յայտնեց Կորդուաց լեռներուն մէջ ՔԱԿ-ի զօրանոցներու ներկայութեան նկատմամբ եւ ՔԱԿ-ին կոչ ուղղեց զէնքերը վար դնելով քաղաքականութեամբ զբաղելու:

«Համոզումս այն է, որ քիւրտերը իրենց դատին համար պէտք է խորհրդարանին մէջ պայքարին: Ասիկա հարիւր անգամ աւելի ազդու եւ լաւ է, քան տասը զինուոր սպաննելը: Մենք մահուան քաղաքականութեան դէմ ենք: Իմ կարծիքովս, ՔԱԿ-ի ձեռամբ թուրք զինուորներ սպաննելը մեծ սխալ մըն է: Ասիկա քրտական դատին չի ծառայեր: Գացէ՛ք եւ ձեր պատերազմը խորհրդարանին մէջ կատարեցէք», ըսաւ ան:

Պարզանի ըսաւ, որ «մենք գիտենք, որ ՔԱԿ-ը եւ ՔԱԿԿ-ը իրարմէ տարբեր չեն: ՔԱԿ-ը մեզի մտիկ չ՛ըներ: Այս պայքարին մէջ կողմնակալութիւն ընելու որեւէ նպատակ չունինք, որովհետեւ չենք ուզեր, որ քիւրտերը իրարու դէմ կռուին»:

Պարզանի այս շաբաթ նաեւ 7 իրաքցիներ սպաննած թրքական ռմբակոծումները դատապարտած էր: Մինչ այդ, Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի երէկ յայտարարեց, որ Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը չորեքշաբթի օր արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է եւ իրաքեան հողամասերուն վրայ թրքական յարձակումներուն հարցով բողոքագիր մը յանձնուած է անոր` պահանջելով, որ յարձակումները անմիջապէս դադրին:

Ան երեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ իր կառավարութիւնը կը դատապարտէ իրաքեան գերիշխանութիւնը բռնաբարող թրքական եւ իրանեան յարձակումները:

 

Share this Article
CATEGORIES