«ՄԱՒԻ ՄԱՐՄԱՐԱ»Ի ՀԱՐՑՈՎ ՏԱԳՆԱՊԸ ՇՐՋԱՆՑԵԼՈՒ ԹՈՒՐՔ-ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ
Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թել Աւիւ եւ Անգարա ջանք կը թափեն հասնելու փոխադարձաբար համաձայնուած տարազի մը, որուն ընդմէջէն Իսրայէլ մայիս 2010-ին թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ իր կատարած յարձակումին համար ներում կը հայցէ:
Ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ եթէ այդպիսի տարազ մը գոյանայ, ՄԱԿ-ի կողմէ այդ դէպքին շուրջ հետաքննութիւն կատարելու համար կազմուած Փալմըրի յանձնախումբի զեկուցումի հրապարակումին կարիք պիտի չմնայ: Կը նախատեսուի, որ զեկուցումը հրապարակուի 2 սեպտեմբերին:
Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ տեղի ունեցող խորհրդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք, Իսրայէլի քաղաքական եւ ապահովական հարցերով նախարարաց սեղմ խորհուրդի նիստը, որ Փալմըրի զեկուցումը եւ թրքական պահանջները պիտի քննարկէր, ջնջուած է:
Միւս կողմէ, հակառակ Անգարայի պնդումներուն Փալմըրի յանձնախումբի անդամ իսրայէլացի եւ թուրք ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում մը տակաւին չէ որոշուած: