«ՍՈՒՐԻԱ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻՆ ԲԱՐԴՈՅԹՆ Է, ԵՒ ԱՆ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐ Կ՛ՈՒԶԷ ԵՒ ՈՉ ԹԷ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ» Կ՛ԸՍԷ ԱՍԱՏ

Նախագահ Ասատ իր խօսքը կ՛ուղղէ իֆթարին մասնակիցներուն

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իֆթարի ընթրիքի մը ընթացքին կոչ ուղղեց քննելու Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերը եւ Սուրիոյ ու անոր ժողովուրդին բարիքին համար օգտուելու անոնցմէ: Ան նշեց, որ տարակարծութիւնը առողջ երեւոյթ է, այնքան ատեն, որ նպատակը հայրենիքը կառուցելն է եւ պառակտում չի պատճառեր` աւելցնելով, որ պետութիւնը տոկուն քայլերով դէպի բարեփոխումներ կ՛ուղղուի:

Ասատ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է զգուշանալ այն դաւէն, որ օտարները կը փորձեն երկրին մէջ ցանել` մասնաւորաբար թիրախ դարձնելով ազգային դերակատարութիւն ունեցող բանակը, որ քաղաքացիները եւ պետական ու անձնական կալուածները կը պաշտպանէ` աւելցնելով, որ բանակը ազգային միասնականութեան մարմնաւորումն է:

Սուրիոյ նախագահը յայտնեց, որ արտաքին ճնշումները սուրիացի ժողովուրդին կամ բարեփոխումներուն նկատմամբ Արեւմուտքին նախանձախնդրութենէն չեն բխիր, այլ որովհետեւ Սուրիա շրջանին մէջ Արեւմուտքին բարդոյթն է, եւ վերջինս կ՛ուզէ, որ Սուրիա զիջումներ կատարէ, ինչ որ տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ սուրիացի ժողովուրդը որոշած է, որ անկախ կամք եւ գերիշխանութիւն ունենայ:

Share this Article
CATEGORIES