ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԱԾ ԵՆ ԵՐԵՔ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐ
Նախանցեալ երեկոյեան աւարտեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 18 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն համար համայնքի ղեկավարներու եւ աւագանիի անդամներու առաջադրումը: Ներկայիս կը կատարուի թեկնածուներու արձանագրումը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 29 օգոստոս, իսկ 30 օգոստոսին քարոզարշաւը պիտի սկսի:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի բանբեր Արիս Գրիգորեան «Երկիր» օրաթերթին տեղեկացուց, որ ընդհանուր առմամբ համայնքի ղեկավարի պաշտօնին համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են 223 հոգի: Համայնքի ղեկավարի թեկնածու չէ առաջադրուած հանրապետութեան երկու` Շուշիի շրջանի Քիրսաւան եւ Քաշաթաղի շրջանի Վաղազին համայնքներուն մէջ:
Աւագանիի անդամի համար թեկնածութիւն առաջադրած են 1224 հոգի: Աւագանիի անդամներու ընտրութիւնները տեղի պիտի չունենան միայն Քաշաթաղի շրջանի Գանձա համայնքին մէջ, ուր իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են ընդամէնը 2 հոգի` պահանջուող 5-ին փոխարէն:
Ստեփանակերտի քաղաքապետի թեկնածուները երեք հոգի են` Սուրէն Գրիգորեան (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար), Մարատ Հասրաթեան (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր) եւ Էդուարդ Աղաբեկեան (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետի խորհրդական, Ստեփանակերտի նախկին քաղաքապետ): Բոլոր երեք թեկնածուներն ալ արդէն երէկ արձանագրուած են: