ՏԵՍԱԿԷՏ. ԹՈՒՐՔԻԱ «ԲԱՐԻ ՍԱՄԱՐԱՑԻ» ՄԸ ՉԷ
Թուրքիա իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ «Դրացիներու հետ զերօ խնդիրներ» սկզբունքին կողքին որդեգրած է «Ժողովրդավարութեան ջատագովման» սկզբունքը: Այս երկու սկզբունքները թէեւ զիրար կը հակասեն, սակայն ունին նմանութեան եւ հասարակաց եզրեր:
Ինչպէս Հայաստանն ու Կիպրոսը դուրս կը մնային «Դրացիներու հետ զերօ խնդիրներ» սկզբունքի գործադրութեան դաշտէն, նոյնպէս Լիպիան եւ Իրանը կը թուին դուրս մնալ «Ժողովրդավարութեան ջատագովման» սկզբունքէն: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան բուռն կերպով ընդդիմացաւ ՄԱԿ-ի կողմէ Լիպիոյ դէմ որդեգրուելիք պատժամիջոցներուն, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի ուժերուն կողմէ կամ օտար այլ զինեալ միջամտութեան: ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ այդ կեցուածքը հարցականներ ստեղծեց, թէ Թուրքիա իրականութեան մէջ որո՛ւն կողքին է, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան ձգտող լիպիացի ժողովուրդի՞ն, թէ՞ Լիպիոյ վարչակարգին: Էրտողան նաեւ մերժեց Քազզաֆիի անուան միջազգային պարգեւը վերադարձնել, հակառակ թրքական կարգ մը շրջանակներու կողմէ այդ հարցով բուռն քննադատութեան ենթարկուելուն: Իսկ Իրանի պարագային ան յայտարարեց, որ այդտեղ տեղի ունեցող դէպքերը Իրանի ներքին հարցերն են: Անոր այս կեցուածքները հակասեցին Եգիպտոսի ժողովրդային ըմբոստութեան պարագային որդեգրած իր կեցուածքին:
Հարցը այն է, որ Թուրքիա Լիպիոյ մէջ շուրջ 30 միլիառ տոլարի ներդրումներ ունի եւ մտահոգ է անոնց ճակատագիրով: Քազզաֆի լաւ կը գիտակցի ասոր, եւ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանէն հազարաւոր թուրք աշխատաւորներու եւ ճարտարապետներու Լիպիայէն հեռանալուն նկատմամբ ցաւ յայտնելով` պատրաստակամութիւն յայտնեց զանոնք դարձեալ ընդունելու:
Թուրքիա «բարի սամարացի» մը չէ եւ իրականութեան մէջ ո՛չ ժողովուրդներուն, ո՛չ ալ վարչակարգերուն կողքին է, այլ` իր շահերուն, իսկ «Դրացիներու հետ զերօ խնդիրներ» ու «Ժողովրդավարութեան ջատագովման» զիրար հակասող սկզբունքները ինքնանպատակ չեն, այլ միջոցներ նպատակի մը համար: Թուրքիոյ նպատակը շրջանին մէջ իր շահերը ապահովելն է: Ահա թէ ինչու բազմազան սկզբունքներ մշակած է բազմազան պայմաններու համար: Կը մնայ տեսնել, թէ այդ ձեռնածութեան աւարտը ի՛նչ պիտի ըլլայ:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ