ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՈՒՐԲԱԹ ՕՐ ՊԸՆ ՀԱՄՄԱՄ ՊԻՏԻ ՃՇԴԷ ԻՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ

Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի քաթարցի նախագահ Մոհամետ Պըն Համմամ երէկ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ յառաջիկայ ուրբաթ օր պիտի ճշդէ իր կեցուածքը, թէ արդեօք իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ՞ ՖԻՖԱ-ի նախագահի պաշտօնին համար:

Նշենք, որ թեկնածութեան առաջադրման վերջին պայմանաժամ ճշդուած է 31 մարտը:

Քաթարցի 61 տարեկան Պըն Համմամ իր այս յայտարարութիւնը կատարեց Քուալա Լամփուրի մէջ գտնուող Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիէն:

Յառաջիկայ 31 մայիսէն 1 յունիս Ցիւրիխի մէջ տեղի ունենալիք ՖԻՖԱ-ի խորհրդաժողովին պիտի կատարուի նոր նախագահի ընտրութիւն: Եթէ Պըն Համմամ իր թեկնածութիւնը չառաջադրէ այժմու նախագահ Սեփ Պլեթըր պիտի շարունակէ վարել իր պաշտօնը չորրորդ նստաշրջանի մը համար` մրցակից թեկնածուի մը չգոյութեան պատճառով:

 

Share this Article
CATEGORIES