ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ՄԵՃԻՔ ՅԱՂԹԵՑ ՍԱՆԶԻ` ԵՐԿԱՐ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄԷ ԵՏՔ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումներուն, Օրլանտօ Մեճիք կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 101-88 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ֆէօնիքս Սանզի դաշտէն: Ասիկա կարեւոր յաղթանակ մըն էր այն իմաստով, որ Մեճիք 14 նոյեմբեր 2001-էն ի վեր Սանզի դաշտէն յաղթական չէր վերադարձած: Տուայթ Հաուըրտ (Մեճիք) նշանակեց 26 կէտ եւ 15 ռիպաունտ:
Նշենք, որ երէկուան մրցումներէն ետք այժմ միայն երեք կազմեր` Պոսթըն Սելթիքս, Մայեմի Հիթ եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ ապահոված են փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Օքլահոմա Սիթի – Քլիվլենտ Քաւալիրզ 95-75
Շարլոթ Հոռնեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 95-90
Օրլանտօ Մեճիք – Ֆէոնիքս Սանզ 111-88
Պոսթըն Սելթիքս – Միլուոքի Պաքս 87-56
Ինտիանա Փէյսըրզ – Նիւ Եորք Նիքս 106-93
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ 100-77
Ստորեւ կու տանք այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Նիւ Ճըրզի Նեթց – Պոսթըն Սելթիքս
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Օքլահոմա Սիթի
Նիւ Օրլինզ – Տենվըր Նակեթց
Մայեմի Հիթ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Ֆէոնիքս Սանզ
Եութա Ճեզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Օրլանտօ Մեճիք