ՃԱՏՐԱԿ. «ԷՅՄՊԸՐ»Ի ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՐՈՆԵԱՆ` ՊԱՐԱԳԼՈՒԽԻ ԴԻՐՔԻՆ ՎՐԱՅ
Մոնաքոյի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունեցող «Էյմպըր»ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն, երէկ հայրենի վարպետ Լեւոն Արոնեան նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի դէմ կատարած իր երկու մրցումներն ալ (արագ եւ «կոյր») աւարտեց հաւասարութեամբ:
Իր արձանագրած երկու հաւասարութիւններէն ետք, այժմ Արոնեան միացեալ դասաւորման մէջ 4,5 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը:
Արոնեան «կոյր» դասաւորման մէջ եւս կը գրաւէ առաջին դիրքը (2,5 կէտով): Արագ դասաւորման մէջ, Արոնեան կը գրաւէ 2-րդ դիրքը (2 կէտ)` կէս կէտով ետ մնալով Քարլսընէն:
Նշենք, որ Բ. հանգրուանին Արոնեան արագ մրցումին յաղթեց Հեքարու Նաքամուրայի (Միացեալ Նահանգներ), մինչ «կոյր» մրցումին անոր հետ հաւասարութիւն մը արձանագրեց:
CATEGORIES Մարզական