«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ԱՅՍՕՐ` ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏ – ՄԱՐՍԷՅ ԵՒ ՊԱՅԷՐՆ ՄԻՒՆԻԽ – ԻՆԹԵՐ ՄԻԼԱՆ
«Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն, այսօր` երեքշաբթի, 15 մարտին տեղի կ՛ունենան բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ, մանաւանդ որ չորս կազմերէն որեւէ մէկը պիտի չփափաքի դուրս մնալ մրցաշարքէն:
Երթին Ֆրանսայի մէջ 0-0 արդիւնքով յաղթանակի համազօր հաւասարութիւն մը արձանագրած Մանչեսթըր Եունայթըտ պիտի հիւրընկալէ Մարսէյը: Երկրորդ մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ մէջ, Ինթեր Միլանի համար պիտի ըլլայ քիչ մը դժուար, որովհետեւ անիկա երթին իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պայէրն Միւնիխէն:
Նշենք, որ այսօր մրցում կատարելիք չորս խումբերն ալ կախակայուած մարզիկներ չունին:
Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Մարսէյ նախապէս երեք անգամ իրարու դէմ ճակատած են: Իւրաքանչիւրը արձանագրած է յաղթանակ մը, իսկ երրորդ մրցումը աւարտած է հաւասարութեամբ:
Ֆրանսական կազմը այսօր դժուար առաքելութիւն մը ունի կատարելիք, որովհետեւ Մանչեսթըր այս մրցաշարքին գծով իր կատարած վերջին ութ մրցումներուն պարտութիւն կրած չէ: Բացի ատկէ, Եունայթըտի իր դաշտին վրայ ֆրանսական 12 ակումբներու դէմ կատարած իր մրցումներէն որեւէ մէկուն պարտութիւն կրած չէ:
Ինչ կը վերաբերի Մարսէյի, անիկա անգլիական ակումբներու դէմ իր կատարած հինգ մրցումներէն չորսին պարտուած է (անշուշտ իր դաշտէն դուրս):
Այսօրուան այս մրցումը նշանակալից է նաեւ Եունայթըտի բերդապահ Էտվին Վան տեր Սարի համար, որովհետեւ ան այս մրցաշարքին գծով իր 50-րդ մրցումը պիտի կատարէ իր ակումբին հետ:
Ինչ կը վերաբերի այսօրուան յայտագիրին վրայ գտնուող երկրորդ մրցումին, Պայէրն Միւնիխ եւ Ինթեր Միլան նախապէս իրարու դէմ ճակատած են վեց անգամ: Պայէրն արձանագրած է երեք յաղթանակ, իսկ Ինթեր` երկու: Մէկ մրցում աւարտած է հաւասարութեամբ:
Թէեւ Պայէրն այս մրցաշարքին իր դաշտին վրայ կատարած եօթը մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է, սակայն անիկա ձախողած է Միւնիխի մէջ յաղթել իտալական կազմին, հակառակ անոր որ նոյնինքն Ինթերի դէմ անիկա Իտալիոյ մէջ արձանագրած է երեք յաղթանակ:
Պայէրն, որ նախորդ տարեշրջանի աւարտականին պարտուեցաւ Ինթեր Միլանէն, իր ամէն կարելին պիտի ընէ յաջորդաբար հինգերորդ տարին ըլլալով ապահովելու քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Նենք, որ Ինթեր օտար դաշտի վրայ կատարած իր վերջին չորս մրցումներուն բոլորին ալ պարտուած է:
Ինչ կը վերաբերի վաղը տեղի ունենալիք մրցումներուն, Չելսի պիտի հիւրընկալէ Քոփենհակընը, իսկ Ռէալ Մատրիտ` Լիոնը: Չելսիէն կախակայուած մարզիկ չկայ: Քոփենհակընէն պիտի բացակայի Զտենեք Փոսփեչ: Իսկ Լիոնէն կախակայուած է Միշել Պասթոս:
Չելսի նախապէս երեք անգամ ճակատած է Քոփենհակընի դէմ: Երկու մրցումներուն ալ լոնտոնեան կազմը յաղթանակ արձանագրած է, մինչ երրորդ մրցումը աւարտած է հաւասարութեամբ: Նշենք, որ Չելսի երթին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեց իր մրցակիցին դաշտին վրայ:
Ռէալ Մատրիտի համար վաղուան մրցումը շատ հաւանաբար ըլլայ քիչ մը դժուար` նկատի ունենալով, որ մայրաքաղաքի կազմը իր մրցակիցին դէմ եօթը հանդիպումներուն ընթացքին յաղթանակ չէ յաջողած արձանագրել: Լիոն արձանագրած է երեք յաղթանակ, մինչ մնացեալ չորս մրցումը աւարտած է հաւասարութեամբ:
Ստորեւ կու տանք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են երթի մրցումներուն արդիւնքները).
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Մարսէյ (0-0) 21:45
Պայէրն Միւնիխ – Ինթեր Միլան (1-0) 21:45
ՎԱՂԸ
Չելսի – Քոփենհակըն (2-0) 21:45
Ռէալ Մատրիտ – Լիոն (1-1) 21:45