ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր ընդունեց «Արմենիա» առագաստանաւի անձնակազմը` գրող, հրապարակախօս Զօրի Բալայեանի գլխաւորութեամբ:
Ողջունելով հիւրերը` նախարար Էդուարդ Նալբանդեան շնորհաւորեց «Արմենիա» առագաստանաւի անդամները իրենց առաքելութեան բարեյաջող աւարտին առիթով: Ան աւելցուց, որ նաւարկութեան ուղեգիծը ինքնիրմէ կը ներկայացնէր սփիւռքահայ գաղթօճախներու իւրայատուկ քարտէսը` ոգեւորութիւն պարգեւելով արտերկրի մէջ ապրող հայրենակիցներուն:
«Ձեր դժուար առաքելութիւնը մեծ նպաստ էր Հայրենիք – սփիւռք կապերու ամրապնդման, աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցները համախմբելու սրբազան գործին մէջ», յայտնեց Էդուարդ Նալբանդեան: Գիտարշաւի անդամները Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուցին աշխարհի շուրջ նաւարկութեան ընթացքը եւ կիսեցին տարբեր երկիրներու մէջ ունեցած իրենց հանդիպումներուն տպաւորութիւնները:
Զօրի Բալայեան «Արմենիա» առագաստանաւի անձնակազմին անունով առանձնակի շնորհակալութիւն յայտնեց տարբեր երկիրներու մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան համար:
Նաւարկութեան յաջող աւարտին իբրեւ գնահատում, Էդուարդ Նալբանդեան «Արմենիա» առագաստանաւի արշաւախումբին յանձնեց արտաքին գործոց նախարարութեան մետալը: