ԸՍՏ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻ ՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ, ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ, ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ Է

Էլտար Իպրահիմով

Ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Էլտար Իպրահիմով ըսած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմը, ամենայն հաւանականութեամբ, անխուսափելի է:

«Անձնական կարծիքս այն է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմը, ամենայն հաւանականութեամբ, անխուսափելի է: Եթէ մենք կ՛ուզենք վերադարձնել բռնագրաւուած տարածքները, կ՛ուզենք վերադարձնել եւ պիտի վերադարձնենք, ապա անոնց համար պատերազմը ինծի անխուսափելի կը թուի», յայտարարած է Իպրահիմով:

Ան նաեւ ըսած է, որ «հայերը խաղաղ ճամբով պիտի չվերադարձնեն բռնագրաւուած տարածքները»:

Share this Article
CATEGORIES