ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԴԱՏԱԻՐԱՒԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ

Խորհրդակցական հանդիպումէն պահ մը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ դատաիրաւական համակարգի խնդիրներուն վերաբերեալ հրաւիրեց խորհրդակցութեան, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ նախկին խորհրդակցութիւններու յանձնարարականներու կատարման ընթացքը:

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ խորհրդակցութեան մասնակցած են Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Աղուան Յովսէփեան, Հայաստանի ոստիկանութեան պետ Ալիք Սարգսեան, Հայաստանի վճռաբեկ դատարանի նախագահ Արման Մկրտումեան եւ Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան:

Անդրադարձ կատարուեցաւ յատկապէս պատիժի անխուսափելիութեան խնդիրներուն: Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ ժամանակակից իրաւական պետութեան խնդիրն է ոչ միայն պաշտպանել քաղաքացիներուն իրաւունքները, այլ նաեւ պատժել այդ իրաւունքներուն նկատմամբ ոտնձգութիւններ կատարողները, որովհետեւ եթէ պատասխանատուութեան անխուսափելիութիւնը չի թեւածեր օդին մէջ, ասիկա կը նշանակէ, որ կը շարունակեն վտանգուած մնալ մարդու, հանրութեան եւ պետութեան շահերը:

Նախագահ Սարգսեան շեշտեց, որ ամէնէն լաւ ախտականխութիւնը յանցագործութիւններու բացայայտումն է եւ պատիժի անխուսափելիութեան ապահովումը: Ըստ նախագահին, կան երկու խնդիրներ. մէկը կը վերաբերի յանցագործութիւններու բացայայտման եւ քննութեան հանգրուաններուն, զորս քննչական մարմինները պարտաւոր են իրականացնել ժամանակին եւ որակեալ ձեւով, իսկ երկրորդը` դատավճիռի կայացումն է եւ անոր գործադրումը: «Մենք երկու պարագաներուն ալ խնդիրներ ունինք եւ այլեւս չենք կրնար հանդուրժել անոնց գոյութիւնը», նշեց հանրապետութեան նախագահը: Ան յայտնեց, որ այդ ուղղութեամբ կատարուած են որոշակի ուսումնասիրութիւններ, զորս ներկայացուց նախագահին օգնական Գէորգի Կուտոյեան:

Անկէ ետք Հայաստանի վճռաբեկ դատարանի նախագահը եւ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարը ներկայացուցին նախորդ խորհրդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք քննարկուած խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն ընթացքը:

Խորհրդակցութեան աւարտին նախագահ Սերժ Սարգսեան շարք մը յանձնարարականներ տուաւ քննարկուած հարցերու առնչութեամբ իրականացուելիք նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ:

 

Share this Article
CATEGORIES