«ՈՒԻՔԻԼԻՔՍ» ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԸ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ
«Ուիքիլիքս» կայքէջը երէկ հրապարակեց 25 ապրիլ 2005-ին Հայաստանի օրուան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պատասխան նամակը` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին: Ներկայացնելով հրապարակումը` «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ Թուրքիոյ վարչապետը առաջարկած էր պատմաբաններու յանձնախումբ ստեղծել` ուսումնասիրելու համար 1915 թուականի իրադարձութիւնները:
Հայաստանի նախագահը գրած է հետեւեալը. «Յարգելի՛ վարչապետ, ես ստացած եմ ձեր նամակը: Իբրեւ երկու դրացիներ` մենք պէտք է աշխատինք ճամբաներ գտնել միասին ներդաշնակ ապրելու համար: Ահա թէ ինչու առաջին օրուընէ ձեզի պարզեցինք մեր ձեռքը` հաստատելու համար յարաբերութիւններ, բանալու սահմանը եւ երկխօսութիւն սկսելու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ»:
Քոչարեան նշած է, որ կան դրացի երկիրներ, յատկապէս եւրոպական ցամաքամասին վրայ, որոնք դժուար անցեալ ունեցած են եւ այդ առնչութեամբ տարակարծութիւններ ունին: Ըստ անոր, ատիկա անոնց չէ խանգարած ունենալու բաց սահմաններ, հաստատելու բնականոն յարաբերութիւններ, դիւանագիտական կապեր, նոյնիսկ եթէ անոնք շարունակած են քննարկել իրարու բաժնող խնդիրները:
Ռ. Քոչարեան ընդգծած է, որ անցեալի հարցերը լուծելու Էրտողանի առաջարկը չի կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ, եթէ անիկա կը խուսափի անցեալի եւ ապագայի խնդիրներու լուծումէն: Ան աւելցուցած է, որ «օգտակար երկխօսութեան մէջ» ընդգրկուելու համար անհրաժեշտ է ստեղծել պատշաճ եւ նպաստաւոր քաղաքական միջավայր:
«Կառավարութիւններու պատասխանատուութիւնն է զարգացնել երկկողմանի յարաբերութիւնները, եւ մենք իրաւունք չունինք այդ պատասխանատուութիւնը լիազօրելու պատմաբաններուն: Ահա թէ ինչու մենք առաջարկած ենք եւ դարձեալ կ՛առաջարկենք առանց նախապայմաններու հաստատել բնականոն յարաբերութիւններ երկու երկիրներուն միջեւ: Այս ծիրին մէջ միջկառավարական յանձնախումբը կրնայ քննարկել որեւէ եւ բոլոր չլուծուած խնդիրները մեր երկու պետութիւններուն միջեւ` նպատակ ունենալով լուծել զանոնք եւ փոխադարձ ըմբռնման հասնիլ», գրած է Ռ. Քոչարեան:
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու այդ ժամանակուան դեսպան Ճոն Էվընս այս փաստաթուղթին կցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան «ոչ-թղթային» տեսակէտը Էրտողանի նամակին վերաբերեալ:
Փաստաթուղթին մէջ կ՛ըսուի, որ Էրտողանի առաջարկը նորութիւն չէ. 1915-ի դէպքերը պատմաբաններուն կողմէ քննարկելու կոչեր հնչած են Թուրքիոյ իւրաքանչիւր վարչակազմին կողմէ` հակազդելու համար ցեղասպանութեան ճանաչումին, յատկապէս երբ միջազգային հանրութեան հետաքրքրութիւնը եւ ուշադրութիւնը կը զօրանար այդ հարցին նկատմամբ:
Այսուհանդերձ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէր, որ առաջին անգամն է, որ այսպիսի առաջարկ մը կը ներկայացուի գրաւոր կերպով եւ ամէնէն բարձր մակարդակով` միեւնոյն ժամանակ լուրջ մտահոգութիւն յայտնելով Էրտողանի նամակին լրջութեան եւ անկեղծութեան առնչութեամբ: Իբրեւ ապացոյց, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ մինչեւ Երեւան հասնիլը, նամակը յայտնուած էր թրքական մամուլին մէջ: Երկրորդ` անիկա անյապաղ տարածուած էր Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին մէջ` ցոյց տալու համար, որ մերձեցման եւ հաշտեցման հոլովոյթ կ՛ընթանայ եւ Միացեալ Նահանգներու որեւէ գործողութիւն, ինչպէս նաեւ քոնկրեսի որեւէ բանաձեւի անհրաժեշտութիւնը չկայ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը փաստէ, որ Քոչարեանի նամակը կը վերահաստատէ հայկական կողմին դիրքորոշումը. Հայաստան պատրաստ է քննարկելու որեւէ հարց միջկառավարական յանձնախումբի մակարդակով եւ յոյս կը յայտնէ, որ վարչապետ Էրտողան դրական արձագանգէ նախագահ Քոչարեանի առաջարկին` բնականոնացնելու համար յարաբերութիւնները:
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԸ` ՔԼԻՆԹԸՆԻՆ
«Ուիքիլիքս» կայքէջը հրապարակած է նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան աւելի քան երկու տասնեակ զեկուցագիրներ: Ըստ անոնցմէ մէկուն` հայ-թրքական արձանագրութիւնները Ցիւրիխի մէջ ստորագրելէ 10 օր ետք` 20 հոկտեմբեր 2009-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նամակ մը ուղարկած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին:
Այդ օրերուն Հարաւկովկասեան շրջան այցելած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով օգնական Թինա Քէյտենաու: Վերջինս Հայաստանի մէջ հանդիպում ունեցած էր նաեւ Նալբանդեանի հետ եւ ան Քէյտենաուին յանձնած էր Քլինթընին ուղղուած նամակը:
«Ուիքիլիքս» հրապարակած է նամակին բնագիրը, ուր Նալբանդեան կը գրէ, թէ ցանկալով օգտուիլ Քէյտենաուի այցելութեան կարելիութենէն, անոր կը փոխանցէ այս նամակը` հրաւիրելով արտաքին գործոց նախարարին ուշադրութիւնը. «Ինծի համար մեծ ուրախութիւն եւ պատիւ է արտայայտել իմ գոհունակութիւնս արտաքին գործոց նախարարութեան եւ անձնապէս ձեզի` հայ-թրքական յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ձեր վճռական դերակատարութեան համար: Պիտի ուզէի անգամ մը եւս ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել Ցիւրիխի մէջ երկկողմանի արձանագրութիւնները ստորագրելու ընթացքին ձեր կենսական ներդրումին համար», գրած է Նալբանդեան` նաեւ խնդրելով իր մեծ երախտագիտութիւնը փոխանցել արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆիլիփ Կորտընին եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչին` հոլովոյթին աջակցելու անոնց ջանքերուն համար:
Շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքերէ ետք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը գրած է. «Ցիւրիխի մէջ վերջին պահուն թրքական կողմին ստեղծած դժուարութիւնը ցոյց տուաւ, որ մենք հիմա պէտք է ուշադրութեան կեդրոնը պահենք յարաբերութիւններու բարելաւման յաջորդ փուլերը` դրական իրադրութիւնը պահպանելու համար եւ կանխելու այն զարգացումները, որոնք կրնան խափանել հոլովոյթը»: