50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (27 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
Պ. ՊԱԼԸԳՃԵԱՆԻ ՄԱՀԸ
Սոֆիայի մէջ ի մահկանացուն կնքած է ընկեր Պետրոս Պալըգճեան: Ծնած էր Խաս գիւղ: Կանուխէն մտած է ՀՅԴ շարքերը: Պոլսոյ պարպումէն ետք, հաստատուած էր Պուլկարիա, ուր աշխատած է իբրեւ գրաշար «Արաքս» թերթին, ապա բացած էր փոքրիկ տպարան մը:
1944-ի աշնան, Պուլկարիոյ գրաւումէն ետք, Պալըգճեան եւս, ուրիշ դաշնակցականներու հետ, աքսորուած էր Սիպերիա: Տասը տարուան դատապարտութեան շրջանը աւարտելէ ետք, վերադարձած էր Սոֆիա, 1955-ին:
Տիկին Պալըգճեան իր հիւանդ զաւկին դարմանումին համար գացած էր Փարիզ, ուր կը մնայ ցարդ եւ կը պաշտօնավարէ իբրեւ հայերէնի ուսուցչուհի:
ՀՄԸՄ-Ի ԽՈՒՄԲԸ`
«ՏԻՊԱՐ ԵՒ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ»
ՀՄԸՄ-ի Թեսաղոնիկէի պասքեթպոլի խումբը անցեալ տարի համահելլենական երկրորդ կարգի մրցումներուն մէջ ստացած էր հելլէն կրթական նախարարութեան տրամադրած բաժակը` իբրեւ «Օրինապահ եւ տիպար խումբ»:
Վերջերս, ՀՄԸՄ-ի նոյն խումբին մէկ յաղթական մրցման առիթով, օրուան մարզական հսկիչը, անցեալ տարուան բաժակը խումբին յանձնելով` հելլենական բոլոր խումբերուն թելադրած է օրինակ առնել ՀՄԸՄ-ի խումբէն:
ՊԵՏՐՈՍ ՖՐՈՒՆՃԵԱՆ
ՏՈՔԹՈՐ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ
Պետրոս Ֆրունճեան յուլիս 20-ին, յաջողութեամբ անցուցած է տոքթորայի քննութիւնները բարձր նիշով եւ ստացած Արեւմտեան Պերլինի համալսարանէն «փիլիսոփայութեան տոքթոր»ի տիտղոսը:
Իր գրաւոր աշխատանքին նիւթն էր` «Հայկական մամուլի ծագումը եւ զարգացումը եւ ազդեցութիւնը գրական աշխարհաբարի զարգացման ու քաղաքական մտքի կազմութեան վրայ»:
Պետրոս Ֆրունճեանի այս աշխատասիրութիւնը մեծապէս գնահատուած է քննիչ փրոֆեսէօրներու կողմէ եւ հաւանաբար լոյս տեսնէ իբրեւ գիրք:
Աշխատանքը կը բաղկանայ 265 մեքենագրուած էջերէ: Գրուած է գերմաներէնով բայց կը բովանդակէ նաեւ հայերէն մէջբերումներ եւ հայերէն թերթերու անուններու լուսատիպ պատկերներ:
Պետրոս Ֆրունճեան կ՛աշխատակցի Փարիզի մեր պաշտօնակից «Յառաջ»ին:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՈՐԾԱՆԵՑԱՒ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ
ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ ՇԱՊԻՆ ԳԱՐԱՀԻՍԱՐԸ
45 ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԷՋ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ
ԿԸ ԿՈՐԾԱՆԻ ԱՅՍ ՔԱՂԱՔԸ
Աթէնքի «Էթնոս» երեկոյեան օրաթերթի աշխատակիցներէն Ս. Փափատոփուլոս, իր թերթի օգոստոս 14-ի թիւին մէջ եւ «Անդրանիկի հերոսական հայոց գիւղը` Շապին Գարահիսար կործանեցաւ» խորագրին տակ գրած է հետեւեալ տողերը.-
Թուրքիոյ ամէնէն գեղեցիկ գիւղաքաղաքներէն մէկն էր Շապին Գարահիսարը, որուն հրդեհի պատճառով կործանումը հաղորդուեցաւ վերջերս: Անողորմ հրոյ ճարակ դարձած են բիւզանդական Նիկոպոլիսը հանդիսացող գիւղաքաղաքէն 400 խանութներ 25 բնակարաններ, 5 պանդոկներ, 5 փուռեր, նամակատան եւ Ընդհանուր Ապահովութեան շէնքերը եւ ակումբը:
Աղէտալի հրդեհը ծագած է Նիազի Թոփալի փուռէն, որուն հնոցը բռնկած եւ փչող հովին պատճառով բոցերը տարածուած են շէնքէ շէնք եւ երդիքէ երդիք: Նախնական հաշիւներու համաձայն, վնասները երեք հարիւր միլիոն տրախմիի կը հասնին…
Մոխրակոյտի վերածուած գիւղաքաղաքի պատմութեան ծանօթ չեղողներուն զարմանք պիտի պատճառէ փճացած խանութներու եւ տուներու թիւին միջեւ եղած մեծ տարբերութիւնը: Շապին Գարահիսար երկրորդ անգամ է որ կը կործանի վերջին 45 տարուան ընթացքին: Թերեւս գոյութիւն չունի քաղաքներու պատմութեան մէջ նման նախընթաց մը:
Սակայն 1916-ի հրդեհը պատահական դէպքի մը հետեւանքը չէր: Հայոց ընդհանուր ջարդին ատեն, քաղաքին կեդրոնը գտնուող բերդին մէջ դիրք բռնած հայ ազգային մարտիկ Անդրանիկի քաջերուն հերոսական գրոհի հետեւանքն էր: Այս բերդին շուրջ այն ատեն դիզուած էին խանութներ ու տուներ: Կործանելէ քանի մը ամիս յետոյ, երբ կը տարուէինք մեր աքսորավայրերը, դէպի Սեբաստիա եւ Կեսարիա տեսած էինք երբեմն իր այդ գեղեցիկ գիւղաքաղաքի աւերակներու սեւ կոյտերը: Այն ատեն զոհերուն թիւը մեծ եղած էր, որովհետեւ, շուկային մէջ, խանութներուն փակած շատ մը տուներ կային: Յետագային, երբ քաղաքը վերաշինուեցաւ, տուները շուկայէն եւ բերդի հակակշռէն հեռու շինուեցան, երկրորդ կործանումէ մը խուսափելու համար:
Այս պատճառով է, որ շատ քիչ տուներ հրոյ ճարակ դարձած են պատմական Նիկոպոլիսի տրամաթիք հրախաղութեան ատեն եւ մարդկային զոհեր ալ չեն պատահած:
Այսօրուան պէս կը յիշեմ, որ ուրիշ տղոց հետ ծխացող աւերակները կը փորփրէինք եւ կը գտնէինք զանազան առարկաներ ու երբեմն ալ, հրդեհէն սեւցած արծաթ դրամ մը:
Ողբերգական յիշատակներու թափօր, որ իրեն հետ քարշ կու տայ ստուերները հազարաւոր պոնտոսցիներու, որոնք կորսուեցան արիւնով ու արցունքով ոռոգուած աքսորի ճամբաներուն վրայ…