Ի՞ՆՉ Է ՁԱՅՆԻ ՊԱՏԸ
«Պանկ» այս զօրաւոր ձայնը կը հանէ պատերազմական օդանաւ մը, երբ ան կը կտրէ ձայնի պատը: Սակայն` ինչո՞ւ այս ձայնը: Եւ ինչո՞ւ մեր գլխուն վրայ չեն թափիր քարի կտորներ: Այս երեւոյթը բացատրելու համար պէտք է խօսիլ ձայնի արագութեան մասին: Օդին մէջ ձայնը մօտաւորապէս 340 մեթր կը կտրէ մէկ երկվայրկեանի ընթացքին, այսինքն` ժամական 1224 քմ:
***
Երբ օդանաւ մը ձայնէն նուազ արագ կը տեղափոխուի, ան իր շուրջի օդին ճնշումը փոփոխութեան կ՛ենթարկէ պզտիկ խառնակութիւններ ստեղծելով: Սակայն այս ճնշումը դարձեալ բնական կը դառնայ անմիջապէս անոր անցնելէն ետք:
Սակայն, երբ օդանաւը կը թռչի ձայնին հաւասար կամ աւելի բարձր արագութեամբ, այդ պզտիկ խառնակութիւնները անհետանալու ժամանակ չեն ունենար: Անոնք օդանաւին շուրջ կը դիզուին փետուրէ բարձի մը նման, եւ ասիկա կ՛աւելցնէ օդին դիմադրութիւնը: Այդ վայրկեանին մեր լսած պայթումը այդ խառնակութիւններուն դէմ օդանաւին զարկին ցնցումէն յառաջացած պայթիւնի ձայն մըն է:
***
Պա՛նկ. փետուրէ բարձը կը պայթի եւ անմիջապէս ետքը կը վերակազմուի: Հետեւաբար պայթիւնը տեւական է, մինչեւ այն ատեն որ օդանաւը ձայնէն աւելի արագ կ՛երթայ: Սակայն օդաչուն զայն չի լսէր, որովհետեւ ան ձայնէն աւելի արագ կ՛ընթանայ:
Իսկ մենք, գետնին վրայ, այդ ձայնը կը լսենք միայն այն վայրկեանին, երբ օդանաւը մեր գլխուն վրայէն արդէն անցած է:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՕԴԱՆԱՒՈՎ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
ԱՒԵԼԻ ԿԱՐՃ Կ՛ԸԼԼԱՆ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԷՆ ԱՐԵՒԵԼՔ
Ճեթ սթրիմ կոչուած հով մը կը փչէ երկրագունդի մակերեսէն բազմաթիւ քիլոմեթրեր բարձրէն) եւ միշտ` արեւմուտքէն արեւելք: Հետեւաբար անիկա կը դիւրացնէ նոյն ուղղութեամբ թռչող օդանաւի մը տեղափոխութիւնը:
Ճեթ սթրիմը կը փչէ արեւմուտքէն արեւելք` «թրոթոսֆեր» կոչուած 8 քմ բարձրութեան մը վրայ` բեւեռներուն շրջանին մէջ, իսկ 15 քմ հասարակածի շրջանին մէջ): Հակառակ ուղղութեամբ թռչող օդանաւը, արեւելքէն արեւմուտք, օրինակի համար, Փարիզէն Նիւ Եորք կամ Փեքինէն Փարիզ, պիտի դանդաղի այս հովին պատճառով: Այս ձեւով, Փարիզէն Պանքոք երթալու համար ճամբորդութիւնը յաճախ 10:30 ժամ կը տեւէ, մինչ վերադարձին այս ճամբորդութեան տեւողութիւնը ընդհանրապէս 12 ժամ կ՛ըլլայ:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԱՐԴԻԿ ԿԸ ՎԱԽՆԱՆ
ԷԼ ՆԻՆԻՈՅԷՆ
Էլ Նինիոն Խաղաղական ովկիանոսին մէջ տեղի ունեցող կլիմայական երեւոյթ մըն է: Ջուրի մակերեսին ջերմաստիճանը կը բարձրանայ եւ մեծ պտուտահողմեր եւ հեղեղներ կը պատճառէ Փերուի ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ:
Այս երեւոյթը տեղի կ՛ունենայ ամէն հինգ կամ վեց տարին անգամ մը Կաղանդի շրջանին: Այս պատճառով է, որ փերուցիները զայն անուանած են «Էլ Նինիօ» (սպաներէն մանուկը): Մենք չենք գիտեր, թէ ուրկէ՛ կու գայ այս երեւոյթը. սակայն անիկա ամբողջ աշխարհին ծանօթ է: Ան տարբեր աւերներ կրնայ գործել, ինչպէս ցուրտի ալիքներ` Միացեալ Նահանգներու կեդրոնը, երաշտներ` Ափրիկէի հարաւը, Աւստրալիոյ կամ Ինտոնեզիոյ մէջ, եւ ուրիշ կլիմայական անկանոնութիւններ` Հնդկաստանի մէջ կամ Ափրիկէի արեւելքը…
ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱ՛Ւ
– Լուսնթագը ունի 63 լուսին:
– Հոտերը աւելի լաւ կը շնչուին աջ ռունգէն, քան` ձախ ռունգէն:
– Քեչափը նախապէս կը ծախուէր իբրեւ դեղ:
– Հիւսիսային բեւեռը աւելի տաք է, քան` հարաւային բեւեռը:
– Մեղուները մօտաւորապէս հինգ միլիոն ծաղիկի «կ՛այցելեն»` շինելու համար միջակ չափով մէկ աման մեղր:
– Պահամաս կղզիները ժամանակին ունեցած են ծովուն տակ նամակատուն մը:
– Բոլոր կատուները կը ծնին կապոյտ աչքերով:
– Գլխուդ գլխարկ մը դնելը կ՛օգնէ ոտքերդ տաքուկ պահելու:
ՀԱՐՑՈՒՄ/ՊԱՏԱՍԽԱՆ
Պատասխանները վերջաւորութեան
ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս ամբողջացնել այս բուրգը: Իւրաքանչիւր կլորակի մէջի թիւը հաւասար է անոր վարը գտնուող երկու թիւերուն գումարումին: Օրինակի համար, ճերմակ թիւը 27 պէտք է ըլլայ, որովհետեւ` 18+9=27:
ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ
1.- հազար հոտ: Մեր հոտառութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի նաեւ մեր համի զգայարանին վրայ: Երբ մեր քիթը գոցուած կ՛ըլլայ հարբուխի պատճառով, ճաշերը անհամ կը թուին:
2.- Փոփքոռնը եգիպտացորենի հատիկներ են: Աշխարհի ամէնէն հին եգիպտացորենի հասկերը գտնուած են Մեքսիքայի արեւմուտքը, 1948-ին:
3.- Պաշտօնապէս Սէուտական Արաբիան ունի մօտաւորապէս 260 միլիառ տակառ քարիւղի պահեստներ:
4.- Թղթադրամի գործածութիւնը սկսած է Չինաստանի Թանկ թագաւորութեան (618-907 թուական) ժամանակաշրջանին, մօտաւորապէս 800-ական թուականներուն:
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ