ԱՄՐԱՊՆԴԵՆՔ ՊԱՐԻՍՊԸ` ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անոր գահակալին` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ գումարուած Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարի նախօրէին հնչած սրտաճմլիկ ձայնը եկաւ Պոլիսէն: Վեց տասնամեակ հայ գիր ու գրականութեան ծառայելէ, քառասուն տարի հայատառ թերթ խմբագրելէ եւ գրիչ ու հոգի շարժելէ ետք, ութսունամեայ երիտասարդը` Ռ. Հատտէճեան, պահ մը նկատեց, որ «հայերէն գիտցողներու եւ հայերէն չգիտցողներու երկու ճակատներուն միջեւ» «ահաւոր բան մը կը կատարուի» օր ցերեկով: Տեղի կ՛ունենայ «եղբայրասպան կռիւ մը», որուն զոհ կ՛երթայ գանձերու գանձ մեր Մեծասքանչը: Եւ հնչեցուց ի խորոց սրտի բարձրացած ահազանգը, որպէսզի մեր ժողովուրդի անգէտ զաւակները սթափին, անդրադառնան իրենց ակամայ գործած ոճիրին, իսկ սրտցաւ հայորդիները անկարելին դարձնեն կարելի, մղեն իրենց կենաց-մահու գոյամարտը եւ մեր մեսրոպաւանդ մայրենին դուրս բերեն «մահամերձի անկողին»էն:

«Մարմարա»ի իր ամէնօրեայ «Յուշատետր»ի սիւնակներէն, իրերայաջորդ 12 յօդուածներով բազմավաստակ հրապարակագիրը պարպեց իր սիրտն ու հոգին, շեշտելու համար պարզապէս, որ լեզուները նախ եւ առաջ կ՛ապրին ու կը հարստանան, արտայայտչական նոր նրբութիւններ կը նուաճեն, երբ առողջ ու կենսունակ են զիրենք գործածող ժողովուրդները: Մինչդեռ, իր ազգային ինքնութիւնը եւ լեզուամտածողութիւնը կորսնցուցած, իմացապէս լճացած ժողովուրդի մը պարագային, լեզուն նաեւ ինքզինք կը գտնէ կեանքի մայրամուտին դիմաց` յար եւ նման մահուան դատապարտուած իր ժողովուրդին: Պարզ ըսած` լեզուի մը ճակատագիրը անքակտելիօրէն կապուած է զայն գործածող ժողովուրդին իմացական առողջութեան հետ:

Զարմանալի չէ այս առնչութեամբ վերջին տարիներուն կատարուած ցեղագրական ու լեզուագիտական աշխատասիրութիւններուն պերճախօս եզրակացութիւնը: Փաստօրէն, աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող եօթը հազար լեզուներուն կէսը դատապարտուած է ընդմիշտ կորսուելու դառն ճակատագրին, կամ, Ռ. Հատտէճեանի պատկերաւոր բնութագրումով` կը գտնուի «մահուան սնարին մէջ»: Ծանօթ է նոյնքան, որ այս մտահոգիչ կացութեան մէջ կը գտնուի նաեւ մեր սքանչելի արեւմտահայերէնը` ո՛չ միայն իբրեւ գրաւոր, այլեւ մա՛նաւանդ` որպէս բանաւոր լեզու: Յատկապէս եւրոպական եւ ամերիկեան հայօճախներու մէջ, ուր հայ մանուկին համար հայերէնը խաղի, կռիւի եւ սիրոյ լեզու չէ, այլ` օտար լեզու մը, ինչպէս արաբերէնը, չինարէնը կամ թրքերէնը:

Պատճա՞ռը այս բոլորին:

Պատասխանը կարելի է խտացնել երկու բառի մէջ.- տգիտութիւն եւ անտարբերութիւն: Նոյնիսկ յարաբերաբար բախտաւոր գաղութներու մէջ, ուր օտարացման խորշակը մահացուօրէն ուժգին չէ, ուր հայախօս սերունդներ կը մեծնան առնուազն շնչելի, ինչու ոչ` նպաստաւոր պայմաններու մէջ, նկատելի է համընդհանուր անտարբերութիւն մը ո՛չ միայն արեւմտահայերէնով մշակուած գիր ու գրականութիւն, այլեւ` նոյնիսկ խօսակցական արեւմտահայերէնին նկատմամբ: Աղաւաղուած, անդիմագիծ, որձեւէգ բաբելոնահայերէն մը կը լսենք քիչ մը ամէնուրեք, եւ պատասխանատուները բոլորս ենք` ընտանիք, դպրոց, եկեղեցի եւ ակումբ: Բոլո՛րս անխտիր, բայց ամէնէն առաջ եւ բոլորէն վերջ` Հա՛յ ծնողքը:

Եւ որպէսզի այս ահաւոր քաղցկեղը չտարածուի մեր ազգի ընդհանուր մարմինին մէջ եւ չստիպուինք ողբալ մեր կարգին` «կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջեէ լեզուն, մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին», առաջին հերթին պէտք է ամրացնենք մեր հոգեմտաւոր պարիսպը` հա՛յ ընտանիքը: Ճակատագրական մարտահրաւէրները կը պահանջեն նոյնքան արմատական, անսովոր լուծումնե՛ր: Հարկ է պայքար շղթայազերծել բոլոր ճակատներուն վրայ, բոլորին բոլորանուէր մասնակցութեամբ, բայց միշտ առաջնորդուելով հայ ընտանիք անուն միջնաբերդէն:

Վերջապէս, հայ մանուկը իր առաջին նախադասութիւնը կ՛արտասանէ տան մէջ: Հայ մայրը կ՛ըլլայ անոր առաջին ուսուցիչն ու զրուցակիցը, իսկ երեխային ուղեղը կը ծծէ եւ կ՛իւրացնէ, ա՛յն նախադասութիւններն ու արտայայտչաձեւերը, զորս կը քաղէ մօրը շրթներէն:

Լեզուն կը սորվին եւ զայն ճշգրտօրէն կ՛իւրացնեն նախ լսելով եւ յետոյ` ընթերցանութեամբ: Հայերէնի ճիշդ գործածութիւնն ու ուսուցումը հայ մօր առաջնահերթ, նուիրական եւ ամենասուրբ պարտականութիւններէն մէկն է: Հայ մայրն է, որ ամէնէն առաջ ինք մանուկին պիտի փոխացնէ մեր ամենամեր Մեծասքանչին հրապոյրն ու ճաշակը: Ինք եւ մի՛միայն ինք: Յետոյ` դպրոցը, ապա` եկեղեցին, ակումբը եւ նո՛յնիսկ փողոցը: Պայմանաւ սակայն, որ մաքրամաքուր, անաղարտ ու գեղեցիկ հայերէն մը հնչէ ամէնուրեք եւ գնահատելու, սիրելու եւ պաշտելու ներքին անզուսպ պահանջը դառնայ գիտակցական հպարտութիւն եւ ազգային համընդհանուր առաջնահերթութիւն: Որպէսզի Հայաստանն ու Հայութիւնը յաղթապանծ դրօշի մը պէս ծածանին բոլոր հորիզոններուն վերեւ, հայերէնը պարտութեան մատնէ իր ծանօթ ու անծանօթ բոլո՛ր թշնամիները, որովհետեւ, Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի հրաշալի բնութագրումով` «Հայերէնի հետ միայն հայերէնը կրնայ մրցիլ»:

Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

 

ՄԵՐ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՆ

ՄԱՀԱՄԵՐՁԻ ՍՆԱՐԻՆ ՄԷՋ

Այսօր, սփիւռքահայ իրականութեան մէջ շատ սովորական պատկեր է օտարամոլութեան բոլոր յատկանիշներով ձեւաւորուած հանրային կեանքի մը պատկերը: Երկու հայ եթէ քով-քովի գայ, ի՞նչ լեզուով պէտք է խօսի եթէ ոչ իր մայրենի լեզուով: Բայց ասիկա այլեւս ցանցառ տեսնուող պատկեր է: Հայերէնախօսութիւնը այլեւս շատ ճղճիմ թիւով հայերու մօտ կը տեսնուի: Հայ մարդը ընդհանրապէս հայու հետ իսկ կը գործածէ լեզուն այն երկրին, որ կ՛ապրի: Հայկական դպրոցներն իսկ չեն յաջողիր բեկանել օտար լեզուներով ապրելու վարժութեան ալիքը, աշակերտ մը տասնըմէկ տարի հայկական վարժարանի մը մէջ ուսանելէ ետք, վարժարանէն կը բաժնուի առանց շնորհքով հայերէն մը խօսիլ, մանաւանդ գրել կարենալու: Սփիւռքահայ գետնի վրայ հայերէն լեզուով հրատարակուած օրաթերթերուն, շաբաթաթերթերուն կամ ամսագիրներուն տեսքը անբաղդատելիօրէն աւելի համեստ ու խեղճ է, քան թէ այն հրատարակութիւններուն տեսքը` որոնք այդ երկրին մէջ կը կատարուին երկրին լեզուով: Հայերէնները շարունակ կը նահանջեն, ոմանք իրենց հրատարակութիւնը կը դադրեցնեն, կամ անդին կը շպրտուին առանց կարդացուելու, մինչ օտար լեզուով շքեղ թուղթի վրայ գունաւոր լուսանկարներով հրատարակուած օտարալեզու հայկական հրատարակութիւնները օրէ-օր աւելի կ՛ուռճանան, աւելի շատ կը կարդացուին, աւելի շատ աշխատակից կը գտնեն, աւելի շատ ծանուցում կը ստանան: Հայերէն գիրք հրատարակող հայ գրագէտի մը ճակատագիրն ալ ահաւոր կերպով տարբեր եւ յուսահատական է, եթէ անոր բախտը բաղդատուի օտար լեզուով գրող հայ հեղինակի մը բախտին հետ: Ամէն բանէ առաջ` օտար լեզուով գիրք գրող հայ հեղինակը դրամ կը շահի, իր գրած գիրքին համար պատուագին կը ստանայ: Հրատարակչատուներ պատրաստ են անոր գիրքը հրատարակելու` պատուագին ալ վճարելով: Օտարալեզու հայ գրագէտը եթէ տեղ մը բանախօսելու հրաւիրուի, ընդհանրապէս նիւթական վարձատրութիւն ալ կը ստանայ, իր գիրքին համար կազմակերպուած զանազան շնորհահանդէսներու կը հրաւիրուի աղմկալից հանդէսներով, բայց հայերէն գրող հայ հեղինակը ո՛չ միայն դրամ չի շահիր, այլ նաեւ գրպանէն կը վճարէ հրատարակութեան ծախսն ու թղթատարական առաքման ծախսը այն գիրքերուն, զորս իբր նուէր կը ղրկէ հոս ու հոն: Ի՞նչ է հայերէն գիրքի մը տպաքանակը արդեօք միջին հաշուով, բայց անկէ ալ կարեւորը, հայերէնով հրատարակուած գիրք մը դրամով կը վաճառուի՞ ընթերցողներու, քանի՞ հատ գիրք կը վաճառուի, մինչ օտար լեզուով գրուած գիրքերը գրավաճառներու ցուցափեղկերը կը լեցնեն: Մենք կրնանք պնդել, թէ հայերէն լեզուով հրատարակուած հարիւրաւոր գիրքեր կան որոնցմէ մէկ օրինակ իսկ դրամով չէ վաճառուած, պարզապէս նուիրուած է հեղինակին կողմէ: Թատերական գետնի վրայ ալ այլեւս հայերէն լեզուով ներկայացումները մատի վրայ կը համրուին: Հայ դերասանը հայերէն լաւ չի խօսիր, կամ սրահին մէջ հայերէն հասկցող ունկնդիր, դիտորդ չի գտներ: Ազգային վարիչներն ալ, որոնք իրենց ձեռքին մէջ կը պահեն հայ հաւաքականութեան ճակատագիրը, հայերէն չեն գիտեր ընդհանրապէս: Անոնց համար ալ հայերէնը լուսանցքային լեզու է, որուն գոյութիւնն իսկ կրնան մոռնալ անոնք: Հայկական հաւաքոյթներու ընթացքին ճառախօսութիւնները օտար լեզուով են: Իսկ կացութիւնը կրկնակ աւելի ցաւալի կը դառնայ, երբ ճառախօս մը երկու բառով հայերէն խօսելէ վերջ ներողութիւն կը խնդրէ ըսելով, որ տեղական լեզուով պիտի շարունակէ իր խօսքը, որպէսզի «ամէն մարդ լաւ հասկնայ զինքը»: Ի՜նչ խեղճ ու սիրտ ծակող պատկեր է ասիկա այն ցանցառ թիւով հայ մարդոց համար, որոնք տակաւին հաւատարիմ մնացած են իրենց մայրենիին: Այս վերջինները արդէն փոքրամասնութիւն կը կազմեն ամէնէն լաւ կազմակերպուած հայկական հաւաքականութեան մէջ իսկ, կրնան տառապիլ ստորակայական բարդոյթէ մը, որ ողբերգականօրէն ծնունդ կ՛առնէ մայրենի լեզուին հաւատարիմ մնացած ըլլալու «տկարութենէ»ն:

Հիմա գիտենք անշուշտ, որ շատեր պիտի պատասխանեն, որ օտարամոլութեան ստեղծած այս պատկերը բնական արդիւնքն է քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական այն պայմաններուն, որոնց մէջ կ՛ապրի սփիւռքահայ մարդը: Ո՛չ մէկ սփիւռքահայ մարդ իր անձնական կեանքն ու գոյատեւումը կրնայ ապահովութեան տակ առնել` առանց տուրք վճարելու իր ապրած երկրին բարքերուն եւ կեանքի պայմաններուն: Ասիկա ճիշդ է անշուշտ: Եւ թէ` շա՛տ ճիշդ: Բայց կը պնդենք, որ հայ մարդը, իր ապրած երկրին բարքերուն տուրք վճարելով հանդերձ, կրնար պահել ու պահպանել իր հայախօս մարդու ինքնութիւնը: Ա՛յս է, որ պակսեցաւ մեզի: Եւ ամէնէն որբերգականն ալ այն է, թէ ինքզինք ամբողջովին օտարախօսութեան յանձնած հայ մարդը բնաւ գաղափար չունի, թէ ինչպիսի գործօն դերակատարութիւն ունի իր մայրենի լեզուն մահուան ղրկելու «առաքելութեան» մէջ: Ամէն հայ մարդ, որ հայերէն չի խօսիր, իր լեզուին մեռելաթաղն է: Ոչի՛նչ կը փոխուի, եթէ օտարախօս այդ հայը շատ հայասէր է, եթէ հրաշալի ազգային ոգի ունի, եթէ ազգին ալ մեծ ծառայութիւն կը մատուցանէ: Ո՛չ: Շնորհակալութիւն ունինք իրենց մատուցած ծառայութեան եւ իրենց զգացած հայասիրութեան համար, բայց ստիպուած ենք մտածելու, որ ասիկա, այնուհանդերձ, կաղացող հայասիրութիւն մըն է, ասիկա կարեւոր ազդակ մը բեմին վրայ դնելու ընթացքին աւելի կարեւոր ազդակ մը քուլիս շպրտել կը նշանակէ:

***

Մեր մայրենի լեզուն իսկապէս մահամերձի անկողնին մէջ է: Չենք ըսեր, որ մահը շատ մօտիկ է եւ մօտ օրէն աշխարհի վրայ

հայերէն լեզու մը պիտի չմնայ: Մեր յոռետեսութիւնն ու անհանգստութիւնը մինչեւ հոն չ՛երթար բարեբախտաբար: Բայց պիտի ըսենք հետեւեալը. հայերէն լեզուն մահամերձի անկողնի մէջ է որպէս ընթացիկ ու գործածական լեզու, որպէս իր տէրերուն կողմէ փնտռուած ու գործածուած լեզու: Պիտի ըսենք, որ դարձեալ կը գտնուինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր հայերը կ՛ապրին, կամ կը ստիպուին ապրիլ, կամ կը նախընտրեն ապրիլ առանց մայրենի լեզուի: Ասիկա մայրենի լեզուի տագնապ է, ո՛չ թէ ինքնութեան տագնապ: Այլ խօսքով` հայկական ինքնութիւնը չէ՛ որ մահամերձի անկողնի մէջ է, հայերէն լեզո՛ւն է որ մահամերձի անկողնի կը ծառայէ: Առաջինը տակաւին իր ուժը կը պահէ բարեբախտաբար: Հայ մարդիկ հայախօս չեն, հայերէն չեն խօսիր, հայերէն չեն կարդար, բայց տէր կը կանգնին իրենց հայկական ինքնութեան: Ասիկա աղէտին մխիթարական կողմն է: Ինչ-ինչ հրաշալի հայեր կան, որոնք մէկ բառ իսկ հայերէն չեն խօսիր ու չեն կարդար, բայց կ՛ապրին հայ ժողովուրդի պատկանելիութեան մը ձեւաւորած կեանքի պայմաններու մէջ: Գանգատ չունինք անոնց ազգասիրութենէն: Ընդհակառակը: Ստիպուած ենք ընդունիլ, որ այսօր Հայաստանէ դուրս, այսինքն` Սփիւռք կոչուած լայն տարածութեան վրայ, Պոլիսն ալ ներառեալ, հակառակ որ մենք Պոլիսը կամ Թրքահայ տարածութիւնը Սփիւռք չենք կոչեր, մեր ազգային հաստատութիւններն ու մեր եկեղեցիները կը պահուին ու կը պահպանուին ընդհանրապէս այնպիսի հայերու կողմէ, որոնք հայախօս չեն: Ասիկա հրաշալի պատկեր մը կրնայ նկատուիլ, եթէ նայինք ազգային ինքնութեան ու ազգային ժառանգութեան պահպանումի տեսանկիւնէն: Բայց ասիկա կաղացող պատկեր մը կը դառնայ, եթէ նայինք մայրենի լեզուով սնուցուած հայասիրութեան ու ինքնաճանաչումի տեսանկիւնէն: Որովհետեւ կայ շատ դառն ճշմարտութիւն մը, զոր շատեր չեն տեսներ: Առանձինն ազգասիրութիւնը  բաւարար չէ ազգային գոյատեւման հարցին մէջ: Իր ամբողջ հարստութիւնը Հայաստանեայց Եկեղեցիի մը կամ ազգային հաստատութեան մը նուիրող մարդը, կամ իր ամբողջ կեանքին մէջ հայկական հաստատութիւն մը ապրեցնելու նուիրած մարդը, որքան ալ ծափահարուի որպէս ազգասէր հայ մարդ, արմատական ու մնայուն նպաստ մը բերած պիտի չըլլայ հայկական ինքնութեան, եթէ ան իր հայասիրութեան ջուրը խմած չէ մայրենի լեզուի զուլալ աղբիւրէն: Որպէսզի տուած ըլլանք ամէնէն իրապաշտ օրինակը, ըսենք հետեւեալը: Եթէ մէկը ազգին եկեղեցի կը կառուցանէ ու եթէ ամբողջ կեանքին մէջ երջանկութիւն կը զգայ ազգին բարերարութիւն ընելով, բայց Միսաք Մեծարենցի մը լեզուն է եւ առանց Արեւմտահայերէնի, մեր ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր հարստութեան առնուազն կէսը:

Հրաշքի մը կը կարօտինք, որպէսզի մեր մայրենի լեզուն դուրս գայ հիւանդի անկողնէն ու իրեն հետ տանի մեր գալիք սերունդները:

Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

 

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՕՐԱԿԱՐԳ

Օգոստոսի շաբաթավերջ մը: Լիբանանի միապաղաղ տօթը արձակուրդի հրաւէր է, ծովափին, աւազին վրայ, կամ լերան մը կողին, ամպհովանիի պէս բացուած մայրիի մը ստուերին յուլօրէն հանգստանալու: Բայց ե՞րբ պատահած է, որ հայ մարդիկ ճիգ չընեն տարբեր ըլլալու: Երբ ուրիշներ կը զբօսնուն, հայերը ժողով կը գումարեն:

Յիսնեակ մը հայեր,  ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հրաւէրին, հաւաքուած էին Դպրեվանքի յարկին տակ, ազգի անմիջական եւ տագնապեցնող ԽՆԴԻՐ մը քննելու:

Եկած էին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Միացեալ Եւրոպայէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն, Ծոցի երկիրներէն, Պոլիսէն:

Հայու ինքնութեան պահպանման էական ազդակի տագնապը:

Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումար: Հայրենահանուած ժողովուրդի Հայրապետի նախագահութեամբ, ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ: Քննել`

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ`
ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ ԵՒ ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Զեկուցումներ, տեսակէտներ:

Արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզու է: Հայախօսութիւնը տեղատուութեան մէջ է, հայերէնի գործածութիւնը որպէս հաղորդակցական եւ մշակոյթի լեզուն զանգուածներուն, հետզհետէ կը դադրի իւրացուելէ: Այսինքն` հայ մարդը ժամանակի թաւալման հետ քիչ մը աւելի կը խորթանայ իր լեզուին, հետեւաբար կը մաշի իր ինքնութեան հարազատութիւնը:

Ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը գիտակցած էր վտանգին: Բայց զարմանալի էր, որ մտաւորականներու, ուսուցիչներու, գրողներու, մամուլի աշխատաւորներու շարքին չկային ղեկավարութիւնները, անոնք` որոնք որոշումներ կրնան կայացնել եւ միջոցները հայթայթել: Միթէ՞ չեն տագնապիր այս ահազանգային կացութեամբ:

Մտածողներու, տագնապողներու, ազգի լինելութիւնը սեւեռողներու ախտաճանաչումէն բխած ազգակերտ աշխատանքը յաջողութեամբ պսակելու համար, վաւերական ղեկավարութիւնները պարտաւոր են առաջնահերթութիւն համարել արեւմտահայերէնի եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի զարգացման, աւելի քան պահպանման խնդիրը, որպէսզի տոկանք եւ տեւենք:

Ղեկավարութիւնները նոյնիսկ եթէ որպէս դիտող ներկայ ըլլային, իրենց նախաձեռնութիւնները ազգային տարբեր որակ կ՛ունենային: Իսկ Համագումարին մասնակցողները, առաձին չըլլալու գիտակցութեան խթանումով, իրենց կարգին, յաւելեալ նուիրումով եւ գիտակցութեամբ կը գործէին:

Ինչպէ՞ս իրականացնել համադրման հրաշքը:

Յաճախ մտածած եմ պատմութեան մէջ հազուադէպ աստեղային այն պահու մասին, երբ հայ մտաւորականը` Մեսրոպ, քաղաքական իշխանութիւնը` Վռամշապուհ թագաւոր, եւ հոգեւոր առաջնորդը` Սահակ կաթողիկոս, ազգի պատմութեան բեմէն չանհետանալու հրաշքը իրականացուցին, ըրին այնպէս, որ ազգը կուլ  չերթայ աջի կամ ձախի կայսրութիւններուն:

Տասնվեց դար առաջուան ընկերային եւ քաղաքական կացութիւնը տարբեր էր: Ան այսօր նոյնութեամբ չի կրնար կրկնուիլ:

Բայց լեզուի կորուստով կորսուելու վտանգին դէմ կանգնած ենք, վտանգը կը կրկնուի, նոյնիսկ եթէ ընկերաքաղաքակրթական ասեղնագործուած սոփեստութիւններով փորձենք մենք մեզ համոզել, որ մեր շինած խրտուիլակներէն պէտք չէ վախնալ… Արդէն տեղ մը կ՛ըսենք, որ «ծագումով հայ» ենք, կամ այլ տեղ` պարզապէս` համայնք(ներ), այսնքն` կը դադրինք ԱԶԳԻ ՀԱՏՈՒԱԾ ըլլալէ:

Համասփիւռքեան մասնակցութեամբ եւ միասնաբար ապրուած գիտակցութեամբ, այս Համագումարը կ՛ըլլա՞յ սկիզբ նոր ուժականութեան մը, շարունակութեան գիծին վրայ:

Այդ սկիզբը դուրսէն պիտի չգայ: Ան մեր փառասիրութիւններէն եւ շահախնդրութիւններէն վեր է, եւ հաւաքաբար պատասխանատու ենք:

Համագումարի աւարտէն ետք, մտահոգութիւնները եւ ազգը մտահոգող հարցերը հարկ է հասցնել իւրաքանչիւր հայու` իր յարկին տակ: Որպէսզի էական խնդիրները չմնան փակ շրջանակի մէջ եւ յառաջանայ հաւաքական կամք:

Յաջողելու պայքարը հարկ է մղել ոչ թէ յանպատրաստից ճառ խօսելու պէս, այլ` համընդհանուր եւ համադրուած յանձնառութեամբ:

Միշտ պէտք է յիշել իրլանտացի ազատագրական պայքար մղող օրինակելի մարտիկներու իմաստութիւնը, որ իրենք անգլիական թագի գրաւման ուժերը պիտի արտաքսեն ո՛չ թէ զէնքով, այլ` ԿԱԷԼԻՔով, իրենց լեզուով:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

19 օգոստոս 2011

 

Ո՜Վ ՀԱՅ, ԽՕՍԷ ՀԱՅԵՐԷ՛Ն…

Ո՜վ Հայ, խօսէ հայերէ՛ն, շէկ զարթօնքէդ մինչեւ քուն.
Բազմութեան մէջ թէ մինակ, տան թէ ճամբուն շուկայի.
Օտարին հետ թէ եղբօրդ, իբրեւ յաղթերգ պանծալի`
Հպարտութեա՜մբ, բարձրաձա՜յն, լոկ հայերէ՛ն խօսէ դուն:

Կանաչ բակէն դպրոցի մինչեւ մահիճն յետնագոյն`
Խօսքդ ըլլայ մի՛շտ հայերէն, զի մէն մի բառն հայրենի`
Օղակ մ՛է նոր ու հզօր` որով տակաւ կ՛երկարի
Հայ լեզուի հնաւանդ շղթան ոսկի եւ անհուն…

Բերանացի, գրաւոր, ու մտովին, հոգեւին`
Միշտ հայերէ՛ն խօսէ դուն` ի սէ՜ր մեր մեծ Անցեալին,
Որ իր հողին տակ ննջող մեր ողջ նախնիքը ցնծան:

Թէ հա՛րկ ըլլայ Աստուծոյ հետ ալ խօսիլ անպայման,
Հպարտօրէ՜ն, ոսկրերովդ ու շրթներովդ հողածոյ`
Խօսէ դարձեա՛լ հայերէն` այդ սուրբ լեզուն Աստուծոյ…

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES