ԱՐԹՈՒՐ ՍԱՐԳԻՍՈՎ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՄԻԱՆԱՅ ՍՊԱՐՏԱԿ ՆԱԼՉԻՔԻ

Արթուր Սարգիսով

Եարոսլաւ Շիննիքի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող յառաջապահ Արթուր Սարգիսով շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Սպարտակ Նալչիքի հետ, կը յայտնէ ռուսական մամուլը:

Նշենք, որ Սարգիսովով մօտէն հետաքրքրուած է նաեւ Ռուսիոյ փրեմիեր լիկին մաս կազմող այլ ակումբ մը` Քուպան Քրասնոտար:

Նշենք, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային լիկայի (Առաջին խումբ), Շիննիքի հետ իր մրցումները կատարող Սարգիսով խումբին փոխ տրուած է եւ ոչ թէ անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած:

20 մրցումի ընթացքին 6 կոլ նշանակած Սարգիսովի ստորագրութիւնը կը պատկանի Լոքոմոթիւ Մոսկուայի:

Share this Article
CATEGORIES