ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ. 17 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՌՈՒՍԻԱ` 1-1
Երէկ, Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը երկրորդ անգամ ըլլալով ճակատեցաւ Ռուսիոյ պատանիներու հաւաքականին դէմ:
Երկու օր առաջ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած հայրենի կազմը երէկուան մրցումը աւարտեց 1-1 արդիւնքով:
Աւանի ֆութպոլի ակադեմիա եկած էին բազմաթիւ համակիրներ: Ներկաներուն կարգին էր նաեւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Փիւնիկի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան:
Հիւր կազմը Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ: Բ. կիսախաղին պահեստի մարզիկ Վիուլեն Այվազեան դաշտ ներկայանալով գլխու գեղեցիկ հարուածով մը նշանակեց հայրենի կազմին հաւասարութեան կոլը:
CATEGORIES Մարզական