ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆՈՒԱԶԱԳՈՅՆԸ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ԵՐԿՈՒ ՊՐՈՆԶ ՄԵՏԱԼ
Տապլինի մէջ (Այիր) իրենց աւարտին կը հասնին Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումները:
Հայաստանի ներկայացուցիչները քառորդ աւարտականին իրենց կատարած ճակատումներուն յաջող արդիւնքներ արձանագրելով նուազագոյնը ապահովեցին պրոնզ մետալ մը:
49 քկ դասակարգին մէջ Կորիւն Սողոմոնեան, 15-14 արդիւնքով յաղթելէ ետք Էվին Մեթքաֆլէի (Այիր), հասաւ կիսաւարտական, ուր արդէն իսկ պրոնզ մետալը ապահովուած է:
Կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Գոռ Երիցեան (60 քկ), որ 17-10 արդիւնքով յաղթեց անգլիացի Հենրի Թոմըսի:
CATEGORIES Մարզական