«ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՆՈՐ ԹԱՐՄԱՑՈՒՄՆԵՐԸ
«Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջը (www.aztagarabic.com) արդէն թարմացուած է 15 նոր նիւթերով: Օգոստոս ամսուան ընթացքին կատարուած այս երրորդ թարմացումին մէջ ընդգրկուած են հետեւեալ նիւթերը:
«Յօդուածներ» բաժինին մէջ կը կարդանք արաբական մամուլի շաբաթական տեսութիւնը` Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն գծով Թուրքիոյ դիրքորոշումին մասին:
«Լուրեր» բաժինով անդրադարձ կը կատարուի Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրի ընդունման 21-ամեակին, Թրիփոլիի «Ֆէյհա» երգչախումբի (խմբավար` Պարգեւ Թասլաքեան) ելոյթին եւ Համահայկական 5-րդ խաղերուն:
«Կիզակէտ» բաժինին մէջ կը ներկայացուի «Թուրքը Ամերիկայի մէջ» գիրքը, ուր անդրադարձ կայ հայուն հետ թուրքի յարաբերութեան:
«Թարգմանութիւններ» բաժինին մէջ կայ լիբանանահայ յայտնի մտաւորական Գէորգ Աբէլեանի պատմուածքներէն մէկուն արաբերէն թարգմանութիւնը, իսկ «Հայ դէմքեր» բաժինին մէջ անդրադարձ կը կատարուի հայազգի յայտնի հրապարակախօս եւ գրող Ռըզքալլա Հասունի:
«Բարեկամները կը գրեն» բաժինին մէջ կայ երեք գրութիւն. գրախօսական մը` «Սքելպիէի պատմութիւնը» վէպին մասին, Լիբանանի մէջ հայկական եկեղեցիներուն մասին գիրքին գրախօսականը` «Նահար»էն եւ անդրադարձ մը` նոր հրատարակուած «Հայաստանի ֆիլմարուեստը» գիրքին:
Նոր թարմացումին մէջ տեղ կը գտնեն նաեւ այլ հետաքրքրական նիւթեր: